ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար»․- Սուրիոյ արդարադատութեան նախարարութեան օրէնսդրութեան վարչակազմի դատաւոր Ամմար Պիլալ հաստատեց, որ Լիբանանի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան դատին որոշումը, որ կը բացառէ սպանութեան մէջ Սուրիոյ ներգրաւուածութիւնը, լուսարձակի տակ կը բերէ Սուրիոյ իրաւունքը՝ դատական հայց ներկայացնելու բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք սպանութեան հետաքննութեան ընթացքին մեղադրանք ուղղեցին Սուրիոյ:
«Ուաթան» կայքի թղթակիցին հետ իր զրոյցին ընթացքին Պիլալ աւելցուց, որ Սուրիա կը պահէ իր իրաւունքը պատասխանելու նման մեղադրանքներ կատարողներուն, սակայն անհրաժեշտ է արդար ատեաններու դիմել՝ վերականգնելու համար երկրին իրաւունքը: