Դամասկոսի արեւելեան արուարձաններէն՝ Մլեհա-Ճարմանա շրջանին մէջ, արմատական զինեալներու դէմ իր ազգային պարտականութիւնը կատարելու ընթացքին զոհուած է սուրիական բանակի ծառայող, հայազգի Վազգէն Իսհակ Տաղլեանը:
21-ամեայ երիտասարդին յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 17 Մարտ 2013-ին, Դամասկոսի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը ամփոփուեցաւ հայկական գերեզմանատունը :
Նշենք, որ անցնող 29 Մայիսին, հայազգի բանակային մը՝ Լեւոն Գույումճեան, նոյնպէս զոհ դարձաւ արմատականներու անարգ ոճիրներուն: