ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Դափնի… Յունական դիցաբանութեան մէջ ջուրի ոգի է, գեղեցկուհի ջրանոյշ՝ Dafne, գետի աստուծոյ աղջիկը․ Ապոլլոն կը սիրահարի անոր, ջրանոյշը կը փախչի անկէ ու հօր օգնութեամբ կը փոխակերպուի ծառի․․․
Դափնի ծառ, ուրիշ տեղ՝ laurel tree, արաբերէն ու թրքերէն՝ ղար,
Իսկ քեսապի բարբառին մէջ՝ կասլի։
Սելեւկեաններւ պետութեան ատեն մայրաքաղաք Անտիոքի արուարձաններէն մէկը կը կոչուէր Դաֆնէ, որ հելլէնիստական ճարտարապետութեան ու արուեստներու բացառիկ վայր մը եղած է։ Նշանաւոր են անոր դիցաբանական նիւթեր ներկայացնող խճանկարները։ Անտիոքը ճանչցուած է «Դափնէի մօտ Անտիոք» անունով՝ Epidaphne։
Քեսապի տնտեսութեան մէջ շատ կարեւոր դեր ունեցած է եւ դեռ ունի դափնին (կասլա՝ կասլի)։ Դափնիի մշտադալար անտառներ կան գրեթէ բոլոր գիւղերուն մէջ, բայց ամենէն աւելի Գարատուրանի ձորին մէջ եւ զայն եզերող լեռնալանջերուն վրայ։ Դափնին գիւղացիին հոգատարութեան տակ եղած է միշտ։ Գիւղացին կը մաքրէր դափնիի պուրակին գետինը աւելորդ թուփերէն, ծառի կոճղէն բարձրացող ոստերէն քանի մը հատ կը ձգէր, որ իրարու մօտիկ հսկայական ծառեր դառնան։ Այծերու հօտերուն աղբը պարարտանիւթ կը դառնար այս ծառին համար, որ փարթամօրէն կ’աճէր եւ առատ բերք կու տար։ Նոր բացուած գետիններուն մէջ թէեւ արմատախիլ կ’ընէին դափնին, բայց շրջապատին մէջ կը պահէին ու կը խնամէին զայն՝ անոր քով դնելով խաղողի որթեր, որ մագլցելով ծառն ի վեր՝ անոր ոստերէն կը կախուէին խաղողի առատ բերքով։ Դափնիի պուրակին կէսլէօտ (կասլուտ) կ’ըսէին։ Հայրեր իրենց հարսնացող աղջիկներուն երբեմն կասլուտ մը օժիտ կու տային, այդ պատճառով ալ դեռ մինչեւ օրս կան վայրեր, ուր հողը մէկուն է, կասլուտը՝ ուրիշին։ Այդպէս որոշեր են, այդպէս ալ շարունակուեր է։
Պտուղը ձիթենի պտուղին նման է, կ՛ըլլայ փնջաձեւ, կանաչ, հասուննալով՝ կը սեւնայ։ Անկէ կ՛արդիւնահանեն ձէթ, որ կ՛օգտագործուի օճառի արդինաբերութեան մէջ։ Պտղահաւաքի կը մասնակցէին ընտանիքի բոլոր անդամները։ Հոկտեմբերէն սկսած պտղահաւաքը կրնար տեւել մինչեւ Նոր Տարի։ Քաղը քարափներուն եւ բարձր ծառերուն վրայ չափազանց վտանգաւոր կ’ըլլար ուշ աշնան, երբ սաստիկ հովեր կը փչէին ու ծառերը օրօրուելով կը ճռճռային։ Բարձունքներուն վրայ քաղը կատարող մարդը մէջքին կապած պարանը կ’օղակէր քանի մը ծառերու, որպէսզի իյնալու պարագային չգլորուէր անդունդն ի վար։ Երկար ձողերով հարուածելով ոստերուն՝ պտուղը կը թօթուէին սաւաններու վրայ կամ ուղղակի գետինը ու անկէ կը հաւաքէին։ Ամէն տարի կասլիներուն տակ կոկիկ մաքրութիւն կ’ըլլար։
Պտուղին եփը, որ սովորաբար իրիկուան եւ առտու կանուխ կ’ըլլար, կը կատարէին բակին մէջ, երկաթեայ խոշոր կաթսայի մը մէջ, որ ամբողջ տարին իր կրակոցէն չէին հաներ։ Մէկ-երկու եռը կը բաւէր, յատուկ շերեփով մը կը ծեծէին եփը ու կը ձգէին, որ պաղի։ Պաղ ջուր կ՛աւելցնէին; Ձէթը կը բարձրանար մակերեսին։ Ապա կը քաղէին ձէթի խաւը ու կ’ամբարէին տիկերու մէջ։ Եփուած պտուղը կը չորցնէին․ անասնոց կեր կ’ըլլար։ Եփուող դափնիին հաճելի հոտը ամբողջ ձմեռը բակէն չէր հեռանար։ Մէկ-երկու հարիւր լիտր ձէթ հաւաքողը հարուստ կը նկատուէր։ Ձէթի վաճառքով գիւղացին պարտքեր կը գոցէր կամ ալ շուկայէն բերուելիք իր ամենէն ժուժկալ պէտքերը կը գոհացնէր։ Դափնիի ձէթը կը հաւաքէին ընդհանրապէս քեսապցի վաճառականները ու կ’արտածէին։ Կը գործածուէր օճառի արիւնաբերութեան մէջ։ Արաբները կ’ըսեն Ղար սապուն (դափնիի օճառ)։ 1925-ին դափնեձէթի ընդհանուր արտադրութիւնը եղած է 12 հազար հոխա, որ բերած է 650 օսմ.ոսկի եկամուտ ։
Քեսապի մէջ դափնեձէթի հումքով օճառի արդիւնաբերութիւնը կը սկսի 1940-ական թուականներէն։ Քեսապի մէջ կը շարունակեն գործել օճառի քանի մը գործարաններ։ Քեսապի օճառին բուժական զարմանալի յատկութիւններ կը վերագրուին։
Ներկայիս այս հումքի արտադրութիւնը կը շարունակէ եկամտաբեր ըլլալ։ 1990-ական տարիներուն մէկ քիլո դափնեձէթը կ’արժէր շուրջ 200 ոսկի, իսկ վերջին պատերազմէն առաջ` 700 ս. ո. այսինքն աւելի սուղ քան սեղանի ձէթը։ Հումքը կը սպառի ներքին եւ արտաքին շուկային մէջ։
Գիւղերուն մէջ դափնի ծառին շուքը կը փնտռուէր ամառ ատեն։ Անաղմուկ, ծանր ու խիտ տերեւներ ունի, բայց շուքը զով է, հոտաւէտ։ Հրաշալի շուրջպար մը նկարագրելու համար քեսապցիք սովորաբար կ’ըսեն․ «Այնպէս վազ մը կոխեցին, որ գետինը թնդաց ու դափնիի տերեւները սարսռացին»։ «Վազ կոխել» ըսել է շուրջպար ընել։ Դափնի ծառերու բունին մէջ գիւղացին տախտակամած կը շինէր,կը փռէր կարպետ, կը շարեր բարձեր։ Այս հիւղին շէօք՝ շուք կ՛ըսէին։ Շուքը կէսօրուան տաքին կը դառնար գիւղացիներուն ժամադրավայրը, ապա՝ ամառնային ննջարան։ Հաւանաբար շատեր կը յիշեն Ղազարեան թաղին մէջ Կեկիւսոօկ հալեւորին շուքը։ Վարի թաղէն, վերի թաղէն մարդիկ կը հաւաքուէին հոն՝ Կեկիւսօկ պապուկին սուտլիկ պատմութիւնները լսելու համար։
Զարմանալի բան չկայ, որ դափնիի մասին մտածող քեսապցին յանկարծ բանաստեղծ դառնայ։ Սեւ Աղբիւր գիւղին մէջ, Փանոսեաններու տան բակին մէջ կասլի ծառին կոճղին կապուած մարմարէ մէկ-երկու քար կայ՝ կասլիին նուիրուած փորագրութեամբ։ Անոնցմէ մէկը կ՛ըսէ․,
ԿԱՍԼԻ
Նստած խաղաղ ստուերիդ
Կը դիտեմ բունըդ կքած ու կը զարթնի
Յուշը հին այն օրերուն. ես մանուկ,
Իսկ դուն հուժկու, սլացիկ:
Չորս եղբայր, երեք քոյր, դաժան կեանքին
Անգիտակ՝ քու ստուերին
Մանկութենէն դէպի կեանք
Ուղեւորները եղանք:
Կեանք ու խորհուրդ, յիշատակ,
Յաւերժ մնաս, Կասլի ճան:
Ստ. Փանոսեան
25 Հոկտ. 1995
Հիները դափնի ծառերուն տակ դափնիի հատիկներով մանղալա կը խաղային, խորովածի շամփուրը դափնիի ոստով կը շինէին, ըմպելի ջուրի կուժին մէջ դափնիի տերեւ կը դնէին, նոյնիսկ մթերքներուն, իսկ մասարայի ատեն, նորեփ ռուպէն “փրփէօր” ուտելու դգալը դափնի տերեւով կը շինէին կամ ուղղակի կը գործածէին իբրեւ դգալ։
Խիստ ձմեռներուն, երբ հօտն ու արջառը արածել հնարաւոր չէր, վայրի դափնիի քանի մը կանաչ ոստ կը կախէին ախոռը։ Թոնիրը կը բռնկեցնէին դափնիի ցախով (գըժժէօկ), իսկ մասարայի փայտը առհասարակ կու գար դափնիի անտառէն․ չորցած դափնի մը կը բաւէր։
Կային նաեւ ամբողջ բնակչութեան պատկանող կասլուտներ։ Այդպիսին էին Գարատուրանի Տունակ լեռան եւ անոր կից Տաուլա ձորին դափնիի անտառները։ Պտղաքաղի ատեն Քեսապի շուկային մէջ ( շուկայի օրը գիւղացիներուն համար Շաբաթ օրն էր) մունետիկ Դանիէլեանը կը յայտարարէր․
– Լսեցէք, ժողովուրդ, Երկուշաբթի օր պիտի սկսի Տունակի պտղաքաղը, պարկը առնողը թող Տունակ բարձրանայ, այս տարի կասլիի տարի է, բերքը առատ է․․․
Շաբաթ մը ամբողջ շրջանի բոլոր գիւղերէն մարդիկ պտղաքաղի կու գային Տունակ լեռը։
Դափնին օրհնուած ծառ է քեսապցիին համար։ Գարատուրանի Ս․ Ստեփանոս մատռան առջեւ կայ փչակաւոր դափնի մը, որմէ կախուած կ‘ըլլար կոչնակը եւ ուր՝ ուխտաւորներ ադար (ուխտի լաթ՝ երիզ) կը կապէին ու կը կապեն տակաւին։
Դափնիի ձէթը ունի բուժական յատկութիւն՝ մանաւանդ յօդացաւի համար։ Մարդիկ ուխտ կ՛ընեն թիթեղ մը դափնիի ձէթ նուիրել կաթողիկոսարանին Ս․ Միւռոնի պատրաստութեան համար։ Միւռոնօրհնէքին ներկայ կ՛ըլլան։
Շատ տուներու յոյսը եղած է դափնի ծառը։ Կ’ըսէին «Կասլիին կոճղը չի մեռնիր», կտրես հանես՝ տակէն կրկին կ’աճի, աւելի թարմ, աւելի փարթամ։ Քեսապցին յաճախ ինքզինք նոյնացուցեր է դափնի ծառին։ Ի զուր չէ ըսուած, որ քեսապցին այս լեռներուն կապողը դափնի ծառն է։ Կը պատմուի, թէ հայրենադարձ քեսապցիներ ուզած են իրենց ծննդավայրը խորհրդանշող յուշարձան մը կառուցել։ Համագիւղացի մը կէս լուրջ-կէս կատակ ըսած է․
– Դափնի ծառ մը աճեցուցէք՝ կը բաւէ։ Մեր գոյութիւնը խորհրդանշող աւելի գեղեցիկ բան չունի Քեսապի պատմութիւնը։