Կարգ մը խորհրդածութիւններ կատարենք վերջին արձանագրուած ուշագրաւ լուրերուն վերաբերեալ.
– Նախորդ շաբաթ «Սի. Էն. Էն. » պատկերասփիւռի կայանէն ամերիկահայ յայտնի փաստաբան Մարկ Կիրակոս կշտամբեց Միացեալ Նահանգները` Հայոց ցեղասպանութեան հարցով անոր երկակի չափանիշներուն համար: Երբ հաղորդավարներ Քրիսթիան Ամանփուր եւ Էնտըրսըն Քուփըր կը քննադատէին Իրանի կողմէ Հրէական ողջակիզման ժխտումը, Կիրակոսը անոնց յիշեցուց նախագահ Օպամային դրժած խոստումը` Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու գծով: «Այդ տարածաշրջանի մէջ մեր մեծագոյն դաշնակիցը Թուրքիան է: Մինչեւ այսօր Թուրքիան կը ժխտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Օպաման իբրեւ թեկնածու կը խօսէր անոր մասին. «Եթէ ես ստանձնեմ նախագահի պաշտօնը, ես կը ճանչնամ Հայոց ցեղասպանութիւնը», կ’ըսէր: Նախագահ դառնալէն ետք ան ամբողջովին անտեսեց այդ մէկը: Այնպէս որ, առկայ է անկայուն քաղաքական խաղ, որ քիչ մը կեղծաւոր է», հաւաստիացուց Կիրակոսը:
– Սեպտեմբեր 22-ին Գերմանիոյ մէջ կայացած ընտրութիւններուն գերմանական խորհրդարանին“ երկրի խորհրդարանի ստորին պալատի մէջ ընտրուած են թրքական ծագում ունեցող տասնմէկ օրէնսդիրներ` աւելի քան կրկնապատկելով նախորդ օրէնսդիր մարմինին մէջ իրենց թիւը: Հայերը պէտք չէ կուրօրէն քննադատեն այս տասնմէկ պատգամաւորները, քանի որ անոնցմէ ոմանք, ըլլան թուրք կամ քիւրտ, կրնան համակիր ըլլալ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման:
– Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) Թուրքիան տուգանած է աւելի քան 200 հազար տոլարով` թուրք ընտանիքի մը տունը առանց փոխհատուցման գրաւելուն համար: Դատարանը վճռած է, որ Թուրքիան խախտած է ընտանիքի սեփականութեան իրաւունքը: Այս ընտանիքը սպառած էր թրքական դատարաններու մէջ իր բոլոր բողոքարկումները` մինչեւ ՄԻԵԴ դիմելը: Ընթերցող մը հետեւեալ հեգնական դիտողութիւնը տեղադրած է «Թրքիշ տէյլի նիուզ»-ի կայքէջին վրայ. «Կը թուի, թէ քրիստոնեայ Եւրոպայի դատարանը աւելի յարգանքով կը վերաբերի մահմետական թուրք ժողովուրդին հետ, քան մահմետական դատարանները` Թուրքիոյ մէջ»:
– Եւրոպական Միութեան հետ կապերու գծով Թուրքիոյ նախարար Էկեմեն Պաղիշ անցեալ շաբաթ յայտարարեց, որ` «հաւանաբար Թուրքիան երբեք չդառնայ Եւրոպական Միութեան անդամ` այդ դաշինքի ներկայ անդամներու կոշտ դիմադրութեան եւ նախապաշարեալ վերաբերումին պատճառով»: Ինչպէս միշտ, Պաղիշ կը սխալի: Թուրքիան չի յաջողիր դառնալ Եւրոմիութեան անդամ, ոչ թէ արեւմտեան կանխադատումներուն, այլ` իր երկրի օրէնքները եւրոպական չափանիշներու պահանջներուն համապատասխանեցնելէն հրաժարելու համար:
– Սուրիոյ մէջ «Քաիտա»-ի ահաբեկիչներուն կողմէն հազարաւոր քրիստոնեաներ, ներառեալ հայեր, առեւանգուած, սպաննուած կամ խեղուած են, սակայն մինչ օրս եւրոպական կամ ամերիկեան ոեւէ պաշտօնեայի կողմէն դատապարտման որեւէ խօսք չէ հնչած: Աւելին. արեւմտեան ղեկավարները մահաբեր զէնք կը մատակարարեն ծայրայեղականներուն, որպէսզի անոնք կարենան ալ աւելի մեծաթիւ անմեղ մարդոց կեանքերը խլել: Շատոնց ժամանակն է, որ արեւմտեան աշխարհի հանրութիւնը իր զայրոյթը արտայայտէ զանգուածային բողոքի ցոյցերով եւ սուր յանդիմանութիւններով: Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը պէտք է արգիլէ զէնքի մատակարարումը Սուրիոյ մէջ կռուող բոլոր օտար զինեալներուն: Անցեալ շաբաթ Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքի մէջ հայկական կաթոլիկ եւ յունական ուղղափառ եկեղեցիները պղծուած եւ կողոպտուած էին: Ժիհատականները անամօթաբար մագլցած էին հայկական եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ եւ խաչի փոխարէն` տեղադրած էին իրենց սեւ դրօշը:
– Ատրպէյճանի բռնակալ Իլհամ Ալիեւ անընդհատ եւ ակամայ կ’աջակցի Հայ դատին`ընելով ատելի յայտարարութիւններ, որոնք միջազգային հանրութեան մօտ բացասական տպաւորութիւն կը ստեղծեն անոր երկրին մասին: Ալիեւի վիրաւորական յայտարարութիւնը, թէ «Երեւանը եւ Զանգեզուրը ատրպէյճանական տարածքներ են” եւ «կու գայ ժամանակը եւ մենք այնտեղ կ’ապրինք”, մտային խանգարում ունեցող մարդու զառանցանք է: Կը սպասուի, որ Հոկտեմբեր 9-ին Ալիեւը երրորդ անգամ նախագահ ընտրուի, իսկ այդ մէկը կը նշանակէ, որ հայ ժողովուրդը քանի մը տարի եւս պիտի շարունակէ օգուտ քաղել անոր “օգտակար” յայտարարութիւններէն:
– Անցեալ շաբաթ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին բանավէճը սրեցաւ, երբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարները հանդէս եկան իրարու հակասող յայտարարութիւններով: Ստորեւ ներկայացուած են արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի ելոյթէն հատուածներ, որոնց մէջ ան կը մեղադրէ Ատրպէյճանին հետեւեալ գործողութիւնները.
ա/ “ռազմատենչ եւ հակահայ ատելութիւն սերմանող հռետորաբանութեան օրէ օր աւելնալ”ը,
բ/ “լայնածաւալ յարձակողական զէնքի աննախադէպ կուտակում”-ը,
գ/ “տխրահռչակ ահաբեկչական կառոյցներու հետ սերտ կապ ունեցող վարձկաններու օգտագործում”-ը,
դ/ “կացինահարող մարդասպան Սաֆարովի փառաբանում Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ”:
Այնուհետեւ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց, որ` “Ցեղասպանութեան ճանաչումը, դատապարտումը եւ կանխարգիլումը կը շարունակեն առաջնահերթութիւն հանդիսանալ Հայաստանի համար: Մենք անհրաժեշտ քայլեր պիտի նախաձեռնենք` ուղղուած Ցեղասպանութեան յանցագործութեան նոր դրսեւորումներու կանխման` միաժամանակ առաջնահերթ նշանակութիւն տալով մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններուն համար պատասխանատւութեան եւ ժխտողականութեան հարցերուն… Իբրեւ քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը վերապրած ժողովուրդ` Հայաստանն աներկբայ կ’ողջունէ ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններուն կողմէն արտայայտուած յստակ դիրքորոշումը` բացառելու որեւէ անձեռնմխելիութեան կամ ներման հնարաւորութիւն մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն կատարողներուն համար”:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Գալիֆորնիա Գուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքէջը