Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեան՝ Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց,
Գերշ. Տ. Կոմիտաս արք. Օհանեան,
Արհիապատիւ Տ. Գէորգ եպս. Ասատուրեան,
Հոգեշնորհ եւ արժանապատիւ հայրեր,
Մեծարգոյ Պետ. Երեսփոխան տիար Յակոբ Բագրատունի,
Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու եւ ազգային կազմակերպութիւններու պատուարժան ներկայացուցիչներ եւ յարգելի ներկաներ,
Ամէն ինչ, որ չի պահպանուիր, ենթակայ է մոռացութեան եւ կորուստի: Առկայ գիրքերուն նպատակն է մոռացութենէ եւ կորուստէ փրկել այն իրադարձութիւնները, որոնք տեղի ունեցած են մեր ժողովուրդի բազմադարեան պատմութեան մէջ։
Ո՞վ պիտի համատեղէ եւ ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ այն հարիւրաւոր փաստաթուղթերը, որոնք կը պահպանուին Զուիցերիոյ քանթոնալ եւ պետական արխիւներուն մէջ։ Հարցում մը, որ վաղուց կը չարչրկէր միտքս ու կը ծանրաբեռնէր խիղճս։
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը հանդիսացաւ այն բարեպատեհ առիթը, որուն նախասեմին ուխտեցի հանգամանօրէն անդրադառնալ զիս չարչրկող հարցումին՝ պատրաստելով գիրք մը, որուն հասցէակիրը պէտք է ըլլար ոչ անպայման հայ ընթերցողը, այլ միանշանակ օտարը՝ գերմանախօս, անգլիախօս, ֆրանսախօս կամ ինչո՞ւ չէ նաեւ թուրք ընթերցասէր հասարակութիւնը։ Այս առաջադրանքէն մեկնելով՝ «Մարդկութեան վկաները» գիրքը ունեցաւ երեք հրատարակութիւն՝ 2015-ին՝ գերմաներէնով, 2018-ին՝ անգլերէնով եւ 2022-ին՝ ֆրանսերէնով։
Պատմական անուրանալի փաստերը կը վկայեն, որ 1895/96-էն մինչեւ 1915/16 թուականները, ընդամէնը 20 տարիներու ժամանակամիջոցի մը ընթացքին, Օսմանեան կայսրութեան քաղաքական արիւնկզակ վերնախաւը յաջողեցաւ բնաջնջել ամբողջ ազգ մը, հրոյ եւ սրոյ ճարակ դարձնել հնաւանդ քաղաքակրթութիւն մը՝ մահացու հարուած հասցնելով նախ անոր մտաւորական, ապա քաղաքական մտքի փայլուն ներկայացուցիչներուն, հուսկ ժողովուրդին՝ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ ամբողջ տարածքով։ Թշնամին շատ լաւ գիտէր, թէ ազգ մը անճիտելու համար հարկ էր միաժամանակ ի սպառ ջնջել անոր ստեղծած քաղաքակրթութիւնը, մշակութային ժառանգութիւնը, բայց մասնաւորաբար հաւաքական յիշողութիւնը, որ հայ ժողովուրդին հազարամեակներու պատմութի՛ւնն իսկ է։
Ամէն անգամ ինքզինքիս հարց կու տայի, թէ այս դժնդակ ժամանակներուն մէջ արդեօք իմաստ մը ունի՞ ընդհանրապէս պարապիլ գրական-ստեղծագործական կամ պատմագիտական աշխատանքներով, հրապարակել գիրքեր հետզհետէ առաւել եւս նօսրացող ընթերցասէր հասարակութեան մը համար։ Ինքնահարցադրումներուս պատասխանը միշտ պարզ ու մեկին եղած է. ցեղասպան թշնամին իր հայաջինջ ծրագրով միայն այն ժամանակ կը յաջողի, երբ բնաջնջել կարենայ ցեղասպանուած ժողովուրդի մը ժառանգորդներուն հաւաքական յիշողութիւնը, այսինքն՝ պատմութիւնը։ Ուստի պէտք է գրել, պէտք է ոչինչ խնայել՝ պատմական դէպքերն ու դէմքերը, իրադարձութիւնները թէկուզ իրենց ամենատխուր եւ սահմռկեցուցիչ փաստերով ճշմարտութեան լոյսին տակ պարզելու նպատակով։
Մահու աքսորի ճամբաներուն, Տէր Զօրի մահահոտ անապատին մէջ ալեզարդ ծերունիներն ու խլեակներու վերածուած մայրերը հայ ցեղը փճացումի ենթարկող թուրք եւ քուրդ հրէշը ի զուր անիծեցին՝ ըսելով.
«Պատիժս ընդ Կայէնի կրեսցէ, ընդ Յուդայի պատժեսցի, ի Քրիստոսէ անմասն մնասցէ եւ մեր մեղաց պարտական լիցի յահագին դատաստանին»։
Միեւնոյնն է, համայնաջինջ քանդումին, հրէշաւոր մոլուցքին զոհ դարձան հայոց մշակութային ժառանգութեան գոհարները՝ վանքերն ու եկեղեցիները, տաճարներն ու դպրութեան կեդրոնները։ Քանդուեցան հայ աճիւններ հովանաւորող խաչքարերը, պղծուեցան ու կողոպտուեցան սրբանուէր սպասները, ձեռագիր աւետարաններն ու հայ մտքին փառահեղ կոթողները՝ Ագաթանգեղոսներու, Փաւստոսներու, Կորիւններու, Փարպեցիներու, Եղիշէներու, Խորենացիներու, Նարեկացիներու, Շնորհալիներու եւ այլ մատենագիրներու բիւրաւոր մատեաններ հրոյ ճարակ դարձան թուրք եւ քուրդ խուժանին ձեռքով՝ մարմնին հետ նաեւ սպաննելու համար հայ ցեղին սիրտը, ջնջել կարենալու համար հայոց պատմական յիշողութիւնն ու հայութեան մասին յիշատակի մը վերջին նշոյլը։ Ուստի պէտք է գրել վառ պահելու համար մեր ազգային հաւաքական յիշողութիւնը, որովհետեւ ան մեր պայքարի փողփողուն դրօշն է, մեր արդար պահանջատիրութեան անխորտակելի ու զօրեղ զէնքն է։
Մարդկային քաղաքակրթութեան մէջ չկայ աւելի մեծ դպրոց մը՝ քան պատմութիւնը։ Պատմութիւնը, որուն բորբ քուրային մէջ եփած, կոփուած են մեր կեանքին փորձառութիւնները։ Իմաստուն են այն ժողովուրդները, որոնք ճիշդ կը գնահատեն իրենց պատմութիւնը, հետեւաբար իրենց կեանքը՝ ներկան եւ ապագան կ’ուղղորդեն անկէ քաղած դասերով, կարեւոր թելադրանքներով ու պատգամներով։
Հայոց պատմութիւնը մեզի մեծ աւանդ մը փոխանցած է։ Մեզի յստակ ու մեկին պատգամած է, որ մեր միլիոնաւոր զոհերը, տարածքային հսկայածաւալ կորուստները յաճախ եւ միանշանակ եղած են մեր կեդրոնախոյս ձգտումներու, նպատակը միջոցներուն մէջ խեղդելու անխոհեմութեան, անձնականը ընդհանուր շահերէն բարձր գերադասելու նախասիրութեան, այլ խօսքով՝ անմիաբանութեան ծանրակշիռ հետեւանքը։ Բայց միշտ յաղթած ենք, կրցած ենք դիմագրաւել մեր դէմ ծառացած ամենամեծ մարտահրաւէրները, երբ միացած ենք, դարձած ենք մէկ մարմին եւ հոգի, կրցած ենք զօրեղ բռունցքաւորուիլ մեր պատմութեան թէկուզ ամենաօրհասական պահերուն՝ խորտակելով մեր գոյութեան սպառնացող նոյնիսկ մեզմէ գերազանցապէս հզօր թշնամիները։ Հետեւաբար՝ մեր խոշորագոյն ուժը մեր համազգային միաբանութիւնն է։ Այսօրուան դժնդակ օրերուն, Արցախի եւ արցախահայութեան աղէտալի իրավիճակին մէջ եւ ազգովին կանգնած հայրենիքի դէմ ծառացած գոյութենական մարտահրաւէրներուն դիմաց՝ պատմութիւնը նորէն մեզի կը պատգամէ սպառնացող վտանգին դէմ բռունցքաւորուիլ, դառնալ մէկ մարմին, մէկ հոգի ու սիրտ՝ յաղթել կարենալու, ապրելու, գոյատեւելու եւ որպէս երկիր ու պետութիւն մեր արդար իրաւունքներով յարատեւելու համար։ Արդարեւ, հայ ժողովուրդի այս «խորհուրդ խորին»-ին կ’անդրադառնայ եւ զայն գեղեցկօրէն կը բնութագրէ Պարոյր Սեւակ իր «Սարդարապատ» խորագրով բանաստեղծութեան մէջ, երբ կ’ահազանգէ՝ ըսելով.
«Երբ չի մնում ելք ու ճար,
Խենթերն են գտնում հնար (…)։
Բայց մենք չընկանք, մենք միշտ կանք,
Մենք չհանգանք, մենք կը գանք,
Երբ տան զանգը, ահազանգը,
Որ մեր հոգու պարտքը տանք»։
Այս հոգու պարտքը, սիրելի՛ բարեկամներ, համազգային միաբանութեան անյետաձգելի իրականացումն է, որուն բազմիցս կ’անդրադառնայ եւ այս տարուան իր Ամանորի ուղերձին մէջ իր սիրելի ազգին հանգամանօրէն ու հայրաբար կոչ կ’ուղղէ նաեւ Նորին Ս. Օծութիւն Տ. Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։ Մեր կեանքին փորձով վկայուած, անխորտակելի ադամանդի մը պէս բիւրեղ հայ ժողովուրդի դարաւոր իմաստութիւնն է ասիկա՝ «Հայե՛ր, միացէ՛ք, միացէ՛ք, հայե՛ր»։ Սոյնը ընթացիկ կոչ մը չէ սոսկ, այլ՝ անգերազանցելի հրամայական, վերապրելու համար ուժերու լարում, ինքնապաշտպանութեան զրահանդերձ փայլուն եւ սրբագործուած իրաւունք։ Արդարեւ, համազգային միութեան իրականացման անհրաժեշտութիւնն այսօր կանչն է սրբազան խենթերուն եւ գերազանց հրամայականն է ժամանակին՝ այնպէս, ինչպէս Աւարայրի ու Սարդարապատի, նոյնպէս Արցախի եւ ազգային բոլոր ճակատներուն վրայ։
Համազգային միութի՛ւն, այո՛, բայց թէ ինչպէ՞ս, ահա այս է խնդիրը։ Այն թէ ի՞նչը կը պակսի մեզի՝ բոլորս քաջ գիտենք, բայց այդ պակասը ինչպէ՞ս լրացնել՝ հոս է, որ մեր առջեւ դրուած հիմնախնդիրը կը դառնայ անլուծելի։ Մեր մարտադաշտը ոչ թէ մեզմէ դուրս, այլ գերազանցապէս մեր մէջ կը գտնուի։ Բարոյական բարձրագոյն գիտակցութեան եւ առաքինութեան պատերազմը նախ մեր մէջ պէտք է մղուի վերացնել կարենալու համար մեր ներսիդին թերեւս նկարագրային կարծր նստուածք դարձած անմիաբանութիւնն ու դիւրաւ պառակտուելու հակամէտութիւնը, անձնականը հաւաքական շահէն առաջնահերթ նկատելու բնաւորութիւնը, նաեւ պետական մտածելակերպ մը իւրացնելու փոխարէն համայնքայինով բաւարարուելու նախասիրութիւնը։ Ազատութիւնը, անկախութիւնը, մեր երկրի սահմաններուն անվտանգութիւնը, բարգաւաճ եւ յառաջադէմ հայրենիք մը ունենալու անձեռնմխելի իրաւունքը կարելի է ձեռք բերել միայն ամբողջ հայութեան բռունցքուելու եւ ծրագրուած նպատակային պայքար մը իրագործելու միջոցաւ։ Մեր կեանքին մէջ ստեղծուած այսօրուան ամենադժուար պահը թերեւս մեր ներքին ուժերը զարգացնելու լաւագոյն հնարաւորութիւնն է։ Ազգովին սթափիլ է պէտք եւ հաւատալ հայ ցեղի դարաւոր բնազդին, որ այն, ինչ կորսնցուցինք, կրնայ ճակատագրի հրաշալի շրջադարձ մը հանդիսանալ, եթէ երբեք վերոգրեալ կարեւորագոյն հարցումին՝ ինչպէ՞ս իրագործել հայոց համազգային միութիւնը, կարենանք սպառիչ պատասխան մը տալ. դառնալ մէկ՝ անբաժանելի ամբողջութիւն մը համահայկական գերխնդրիներուն մէջ՝ իրականացնելով միաժամանակ եւ միեւնոյն նպատակներուն ձգտող գործունէութիւն։
«Եթէ կամիս, ուրեմն՝ կրնաս» կարգախօսը պէտք է ըլլայ մեր կտրուկ եւ վճռորոշ հրամայականը։ Եթէ կամիս ու հաւատաս՝ անկարելի ոչինչ գոյութիւն կրնայ ունենալ։ Անկարելին կարելի կը դառնայ կողմերուն միջեւ կամեցողութեան, կառուցողական երկխօսութեան, փոխադարձ զիջումներ կատարելու անհրաժեշտութեա, հաւաքականը անձնական շահերէն առաջնահերթ դարձնելու գիտակցութեան, ուստի համազգային միութիւն մը գոյացնելու գործնական եւ արագ միջոցներ ձեռնարկելու յանձնառութեան մէջ։ Հայութեան դէմ ծառացած ներկայ աշխարհաքաղաքական փորձութիւնները այնքան ահեղ են, մեր հասարակաց թշնամիներուն եւ անոնց ունեցած մեզ բնաջնջելու ախորժակները այնքան անյագ են, իրական վտագներ՝ ըլլան անոնք պայմանաւորուած հողային նոր տարածքներու կորուստով, պետականութեան ընդմիշտ բարձումով կամ թէկուզ ցեղասպանութեան մը կրկնութեամբ, որոնք կանխարգիլելու միակ եւ անվիճարկելի միջոցը մէ՛կ մարմին, մէ՛կ սիրտ եւ մէ՛կ հոգի դառնալով՝ համահայկական անխախտ եւ զօրեղ բռունցքաւորում գոյացնելն է։ Եթէ երբեք սոյնը շատերուն հրաշքի համազօր անիրականանալի երեւոյթ մը կը թուի ըլլալ, ապա թէկուզ մտացածին, բայց խոր համոզումով պէտք է հաւատալ «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար» մեր արիւնաներկ պատմութեամբ բազմիցս վկայուած իրողութեան։ Այնպէս, ինչպէս հրաշագործութիւններուն պարագային աւելորդ ու անյարիր կը դառնան «ինչո՞ւ»-ն եւ «ինչպէ՞ս»-ը, այս պարագային եւս անիրականին իրականացումը չի կարօտիր իմաստասիրական վերլուծումներու եւ ոչ ալ ենթակայ կը դառնայ բանականութեան կամ տրամախոհութեան օրէնքներուն։ Այլ անոր պատասխանը առկայ է նոյնինքն այսօրուան եւ վաղուան մահու-կենաց հրամայականին եւ հայկազուն ցեղի ազատատենչ բնազդէն բխող իրականութեան մէջ։
Յաւարտ բանիս, որդիական անկեղծ շնորհակալութիւններս կը յայտնեմ Նորին Ս. Օծութիւն Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, յանձին Տ. Կոմիտաս արք. Օհանեանի իր հայրական օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցելուն համար։ Նոյնպէս Հոգեւոր Տիրոջ՝ գերերջանիկ Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ․ պատրիարքին, սրբազան եւ հոգեշնորհ հայրերուն, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, ազգային կազմակերպութիւններու պատուարժան ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս բոլոր ներկաներուն՝ այս շնորհահանդէսը պատուելու իրենց մասնաւոր ուշադրութեան եւ գնահատելի ներկայութեան համար։
Այստեղ բոլորովին աւելորդ պիտի չըլլայ անդրադառնալ նաեւ այս շնորհահանդէսին ծիրէն ներս իրենց սրտի խօսքով հանդէս եկող մտաւորականներուն՝ տիկին Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանին, ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան Ինստիտուտի տնօրէն փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանին, տիար Երուանդ Փամպուքեանին, ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ տիար Ալեքսան Քէօշկերեանին, առկայ հատորներս ներկայացնող դոկտ. Մեսրոպ վրդ. Հայունիին եւ տիար Ահարոն Շխրտըմեանին. ամէնուն կը յայտնեմ երախտագիտական զգացումներուս հաւաստիքը։
Շնորհակալութիւն մեծ նաեւ Տօներեան եղբայրներուն, որոնք այս շնորհահանդէսին ուղեկցեցան հայկական դասական գոհարներու նուագակցութեամբ՝ առաւել եւս հաղորդելով մեզի այն զգացումը, թէ ինչքան հզօր է հայ ժողովուրդը իր ստեղծագործ ոգիով եւ հարուստ՝ իր մշակութային ժառանգութեամբ։
Երախտապարտ եմ նաեւ այսօրուան շնորհահանդէսին մասնակցող յարգարժան ժողովուրդիս, որ գիտէ գնահատել իր ստեղծագործ զաւակները։ Հետեւաբար՝ աշխատանքիս փառքը թող ձօնուած ըլլայ Աստուծոյ, պատիւը՝ սիրելի ժողովուրդիս, միայն յոգնութիւնն ու քիրտը թող դառնայ իմ համեստ վաստակը։
Ստոյգ, ուշացած պիտի չ’ըլլամ, երախտագիտութեան ոչ նուազ զգացումներով շնորհակալութիւն յայտնելու նաեւ առկայ հատորներս էջադրող եւ բարձրաճաշակ գրքարուեստով զանոնք ձեւաւորող թորոնթոբնակ տիար Եփրեմ Թոքճեանին, նաեւ «Սիփան» հրատարակչատան տնօրէն տիար Արմէն Սեփեթճեանին՝ տպագրութեան համար։
Վերջապէս, ի խորոց սրտի շնորհակալութիւն կը յայտնեմ գիրքերուս պատուական բարերարներուն՝ տէր եւ տիկին Ժան Փիեռ եւ Քրիստին Սետեֆներուն՝ Ժընեւէն, նաեւ տէր եւ տիկին Վազգէն եւ Հայկօ Գալթաքճեաններուն՝ Պաթոն Ռուժ, ԱՄՆ-ի Լուիզիանա նահանգէն, իրենց բարոյական անկեղծ օժանդակութեան եւ նիւթական աջակցութեան համար։ Առանց այս ներդրումներուն դժուար պիտի ըլլար առկայ հատորներուն տպագրութիւնը, ինչպէս նաեւ այսօրուան շնորհահանդէսին իրականացումը, որոնց համար կրկին անգամ կը յայտնեմ իմ անկեղծ զգացումներուս հաւաստիքը։
Վախճան բանիս, առանձնայատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ տիար Ահարոն Շխրտըմեանին այսօրուան շնորհահանդէսը յոգնատանջ եւ անձնդիր աշխատանքով ու գրեթէ առանձին կազմակերպելուն, համակարգելուն եւ, ահաւասիկ, զայն բացառիկ յաջողութեամբ պսակելուն համար։ Առանց իր կազմակերպչական աշխատանքին, նուիրումին եւ յարատեւութեան, ստուգապէս, անկարելի պիտի ըլլար ի հեռաստանէ իրականացնել նման լուրջ ձեռնարկի մը գործադրումն ու յաջողութիւնը։