Արցախեան Շաբաթ
Արցախեան Շաբթուայ ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, երեքշաբթի, 18 Փետրուար 2016-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը հիւրընկալեց Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի դասախօս դոկտ. Ժան Կէօքճեանը, որ բանախօսութեամբ մը հանդէս եկաւ երկրորդական բաժնի աշակերտներուն համար:
Ֆարաճեան սրահին մէջ կայացած հանդիպումին, դոկտ. Կէօքճեան, որ հեղինակ է Արցախեան խնդրին վերաբերող շարք մը գիրքերու, աշակերտներուն բացատրեց Արցախեան պահանջատիրութեան ակունքները, պայմաններն ու հոլովոյթը: Ապա ան ներկայացուց քաղաքական, իրաւական եւ ազգային գնահատականը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան, շեշտելով, որ անիկա մարմին առաւ պարտադրուած պատերազմի պայմաններուն մէջ, յամառ եւ անզիջում պայքարի շնորհիւ եւ ի գին շատ մեծ զոհողութիւններու: Բանախօսը շեշտեց, որ ԼՂ հանրապետութեան գոյութիւնը հայութեան համար անշրջելի իրողութիւն է, որուն հետ հաշուի պարտաւոր է նստիլ նաեւ միջազգային հանրութիւնը: Ան ըսաւ, որ հայրենի ժողովուրդին կողքին, Արցախեան պայքարին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Սփիւռքի հայութիւնը՝ քարոզչական-քաղաքական զօրակցութեամբ, տնտեսական օժանդակութիւններով թէ մարտի դաշտին վրայ:
Հանդիպումի բացման խօսքին մէջ, Մեսրոպեանի աշակերտ Շնորհք Չերչեան յատկապէս խօսեցաւ Արցախեան պայքարին մէջ հայութեան միասնականութեան եւ այժմու պայմաններուն մէջ՝ Հայոց բանակի կատարած հերոսական գործողութիւններուն մասին, ի պաշտպանութիւն Արցախի հողին եւ բնակչութեան: Գեղարուեստական մասով ելոյթ ունեցան Էլի Թորանեան (ասմունք) եւ Արմիկ Հեքիմեան (նուագ): Այս առիթով, աշակերտները դիտեցին Ֆրանասկան պատկերասփիւռի կայանին մէկ տեղեկագրական ակնարկը՝ Ղարաբաղի մասին եւ հատուածներ՝ Ստեփանակերտի մէջ Պաշտպանական բանակի զօրահանդէսէն:
Փակման իր խօսքին մէջ, վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ ողջունեց ազատագրակական պայքարի մասնակիցներն ու հայոց բանակի ծառայողները, որոնց շնորհիւ այսօր կայ Հայաստան եւ Արցախ, ու անոնց կողքին՝ Հայ Սփիւռք:
Տեղեկատուական գրասենեակ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի