Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, նախաձեռնութեամբ «Ազդակ» օրաթերթի, ուրբաթ, 19 յունուար 2024-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Մարզպետ Մարկոսեանի եռահատորին շնորհահանդէսը:
«Ազդակ»-ի անունով բացման խօսքը արտասանեց Քրիստ Խրոյեան: Ան դիտել տուաւ, որ գրողի մը առաքելութիւնը իր ներաշխարհի, միջավայրի, ժամանակաշրջանի ու շրջապատի հարազատ արտայայտութիւնն է, որոնց ազդեցութիւնը կարելի է շօշափել անոր տողերուն տակ, ուր կ՛անմահանան բարեկամի մը գաղափարը, միջավայրի բնութեան առթած ազդեցութիւնը կամ ժամանակակից հարցերով տագնապը հոգիի: Խրոյեան ըսաւ, որ Մարզպետ Մարկոսեանի յօդուածները, որոնք տարիներու ընթացքին մամուլի տակ դրուած են, կը շարունակեն պահել իրենց այժմէականութիւնը եւ առինքնել ընթերցողները: Ան շեշտեց, որ Մարկոսեանի անդարձ մեկնումով այս աշխարհէն, իր գաղափարներն ու համարձակ ոճը կը շարունակեն ներշնչել, ապրիլ ու շրջիլ այս աշխարհին վրայ, ուր վճիտ հայերէնի եւ պայծառատեսութեան պակասը զգալի է:
Ապա Ահարոն Շխրտըմեան կարդաց Նորվան արք. Զաքարեանին մեկնաբանութիւնը` «Քաղաքներու կախարդանքը»-ի մասին: Սրբազանը նկատել տուած է, որ բովանդակութեամբ բազմազան են Մարզպետ Մարկոսեանի մշակած հրապարակագրութեան, հասարակական, գրական, քաղաքական, կրօնական, ջատագովական, պատմական եւ այլ մարզերու նիւթերը, եւ այս բոլորը գեղեցիկ հայերէնով եւ հռետորական բարձր թռիչքով, աւելցնելով, որ բազմաճիւղ իր գրութիւնները կը ձգտին հասարակ յայտարարի, որ կապուած է հայութեան արմատին: Ան ըսած է, որ Մարկոսեանի ստեղծագործութեան բնորոշ գիծը հայօրէն ապրելու եղանակն է, անոր գրականութեան միտք բանին եղած է ծառայել գիրին, շրջապատին մէջ ստեղծելու համար հայ ոգիի համն ու բուրմունքը: Սրբազանը յայտնած է, որ «Քաղաքներու կախարդանքը»-ի երեք հատորները կու տան այս տեսութիւնը, գաղափարը, որով այս բնագաւառով կը բնորոշուի Մարզպետ Մարկոսեանի գրական առանձնայատկութիւնը, աւելցնելով, որ ան գեղարուեստական գրականութիւն չի մշակեր, այլ լրագրական` գեղագիտական հայերէնով: Անոր ժառանգութիւնը կ՛ընդգրկէ իր ժամանակաշրջանի անցուդարձերը, դէպքերը, դէմքերը, պատահարները որոնք առնչուած են անպայման հայկականութեան եւ ազգային գաղափարախօսութեան հետ: Մարկոսեան կը հերքէ ամէն միտք, որ կը խանգարէ հայկականին կառուցողական ապագան: Անհանդուրժող է արատաւորական մտքերու դէմ, որոնք կը տարբաղադրեն հայ կեանքը:
«Եթէ Մարզպետ Մարկոսեանի ժառանգութիւնը մէկ կողմէ հարուստ է հասարակականին պաշարով, միւս կողմէ` մեծապէս առկայ են հիացմունք, սէր, հասկացողութիւն, գեղարուեստական գրականութեան հանդէպ», հաստատած է սրբազանը` աւելցնելով, որ անոր մշակածը բանաստեղծութիւն, վէպ չէ, բայց իր գրականութեան հիմքը կը բխի գեղարուեստական գրականութենէն: Ան դիտել տուած է, որ Մարկոսեանի գրութեան թեմաները հիմնուած են պատահականութեան, անմիջական պատահարներու վրայ, նոյնիսկ` գրական դէմքերու պարագային, իսկ անոր հրապարակագրութիւնը բողոքող է ազգային անիրաւութիւններու դէմ, եւ ոճը` խարազանող: Անոր մշակած ներբողականը կը ձգտի փոխանցել փառաբանութիւն, վայելք, խանդ, հայկական բուրմունք, որպէսզի ապագայ սերունդի զաւակները համը առնեն իրենց հայ լինելութեան, հայ կեանքին:
Օրուան բանախօս Կարօ Յովհաննէսեան յայտնեց, որ Մարզպետ Մարկոսեանին հատորները կը մէկտեղեն անոր աւելի քան 65 տարուան հրապարակագրական, գրականագիտական, տպաւորութենական ամբողջ վաստակը` անկախ իր թարգմանական գործերէն եւ գիտական-բժշկական օտարալեզու բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններէն` աւելցնելով, որ եռահատորի գրութիւնները կը հանդիսանան վկայութիւնը ժամանակի մը ապրումներուն եւ մտասեւեռումներուն` մարդոց, որոնք առաւելաբար ապրեցան Պէյրութի, Պոսթընի, Նիւ Եորքի եւ Լոս Անճելըսի մէջ: Ան ըսաւ, որ Մարզպետ Մարկոսեան հեղինակ է գիտական-բժշկական հետազօտութիւններու եւ ուսումնասիրութիւններու, կատարած է բազմաթիւ թարգմանութիւններ, նաեւ եղած է կրթական պատասխանատու գործիչ ու մանկավարժ աւելցնելով, որ ան վսեմ, խոր եւ ազնիւ, վեհագոյն մտաւորականն էր, որ ներկայացուց իր ժողովուրդին խիղճը, գրեց այն, ինչ որ մտածեց, ինչի որ էովին հաւատաց, եւ որուն համոզուած էր: Յովհաննէսեան ըսաւ, որ Մարկոսեան ունեցաւ հանրային պատասխանատուութեան կատարեալ գիտակցութիւն, առանց որուն` արհամարհած կ՛ըլլար մեր հաւաքականութիւնը, իր պաշտելի ժողովուրդը: Ան կ՛ակնկալէր, որ ամէն համալսարանաւարտ, խմբագիր, մտաւորական կամ ուսուցիչ իր ամբողջ իմացականութիւնը ի սպաս դնէ իր ժողովուրդի յառաջդիմութեան ու զարգացման, ինչպէս որ ինք ըրաւ: Մարկոսեան եղաւ Լոս Անճելըսի Ազգային Ֆերահեան վարժարանի տնօրէն` 1997-2001, եւ իր պաշտօնավարութեան առաջին իսկ օրէն վերաքննեց դպրոցին կրթական ամբողջական ծրագիրը` անոր մէջ ներառելով հայեցի դաստիարակութիւն: Ան հետամուտ եղաւ հայ պատանութեան դաստիարակութեան ու հայակերտումին եւ բծախնդիր մօտեցում ցուցաբերեց կարգապահութեան նկատմամբ: Շարունակելով իր խօսքը, Յովհաննէսեան շեշտեց, որ Մարկոսեան երբեք չձուլուեցաւ Ամերիկայի հնոցին մէջ եւ միշտ ալ աշխատեցաւ, որ այնտեղ ապրող հայերը չիյնան ազգակործան հալոցին մէջ` իր ամբողջ հրապարակագրութեան, թարգմանութիւններուն, տնօրէնութեան եւ բոլոր գործերուն էութիւնը խտացնելով ազգային գաղափարախօսութեան բանաձեւին մէջ:
«Մարզպետը ո՛չ հրամանատար եղաւ եւ ո՛չ ալ բարձրագոյն աստիճանի կղերական, բայց եղաւ Մարզպետ Մարկոսեան, որ կախարդուեցաւ քաղաքներէն եւ այդ կախարդանքով կախարդեց մեզ», եզրափակեց Յովհաննէսեան:
Այնուհետեւ իր սրտի խօսքը արտասանեց Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադմիայի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Աշոտ Մելքոնեան, որ դիտել տուաւ, թէ հատորին յառաջաբանը շատ հետաքրքրական է եւ իր մէջ կը պարունակէ յօդուածաշարին հիմնական իմաստը, աւելցնելով, որ յօդուածներուն մէջ կայ հետաքրքրական մօտեցում մը` արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի նկատմամբ, եւ որ` հեղինակին համար հաւասարապէս մեր լեզուի երկու ճիւղերը հոգեհարազատ են եւ մէկ լեզուի երկու ճիւղերն են: Դոկտ. Աշոտ Մելքոնեան համաձայն չգտնուեցաւ այն մօտեցումին, թէ Հայաստանի պետական լեզուն արեւելահայերէն է, բացատրելով, որ այս հարցով բաւական սուր քննարկումներ տեղի ունեցած են Ազգային ժողովի մէջ 1990-ական թուականներու վերջաւորութեան եւ 2000-ի սկիզբը, ուր ինք շեշտած է, թէ պետական լեզուն հայերէնն է, որ կը ներառէ գրաբարը, արեւելահայերէնը եւ արեւմտահայերէնը: Անդրադառնալով հեղինակին ապրած ամբողջ ուղիին, ան յայտնեց, որ ինք կը տեսնէ լիբանանահայու կերպարը` իր հայեցի նկարագիրով, որ Լիբանանէն կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ` իրեն հետ տանելով լիբանանահայու շունչը, հիմնական մտահոգութիւններ ունենալով հայապահպանում, հայոց լեզու, հայկական դպրոց: Դոկտ. Մելքոնեան ըսաւ, որ երկրորդ նիւթին մէջ կ՛արտացոլայ Մարկոսեանի` Հայ դատի զինուոր ըլլալու եղելութիւնը եւ մէջբերում կատարեց հատորէն ու շեշտեց, որ թուրքը կը մնայ նոյնը եւ բնաւ չի փոխուիր: Եզրափակելով իր խօսքը` դոկտ. Մելքոնեան շնորհաւորեց եռահատորին հրատարակութիւնը` մաղթելով, որ Լիբանան իր դժուար օրերուն ուժ եւ կարողութիւն ունենայ Մարզպետ Մարկոսեանի նման անձեր ուղարկել սփիւռքի տարբեր շրջաններ, որպէսզի անոնց աւիւնը աւելի եւս զօրանայ, սակայն` չմոռնալով, որ սփիւռքի մայրաքաղաքը Լիբանանն է, եւ ան է, որ սփիւռք-հայրենիք յարաբերութիւններու ներկայ բարդ շրջանին մէջ եղանակ ստեղծողը ըլլայ:
Միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան իր սրտի խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ ծանօթ էր Մարզպետ Մարկոսեանին 90-ական թուականներու յօդուածներուն ընդմէջէն. երբ կը կազմաւորուէր անկախ պետականութիւնը, մամլոյ մէջ բանավէճեր տեղի կ՛ունենային սփիւռք-Հայաստան եւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու մասին, ուր Մարկոսեան շատ զօրաւոր կերպով կը պաշտպանէր այն դիրքը, որ սփիւռքը Հայաստանի համար է, սակայն Հայաստանը պէտք է հասկնայ, թէ ի՛նչ է մեր ազգային իտէալը, ի՛նչ էր սփիւռքի երազը, որ տեսլականի վերածած էր` որպէս իր ճակատագիրը: Դոկտ. Տէր Ղուկասեան Մարկոսեանը համարեց ներկայացուցիչը սփիւռքի շատ կարեւոր ժամանակաշրջանի մը, որ կը կոչուի երրորդ սերունդ, եւ որ` սփիւռքը քաղաքականացուց, անոր տուաւ նպատակ մը եւ ուղղութիւն մը վերապրելէն յետոյ իր իմաստը գործի վերածելու` քաղաքական մտածողութեան ամրապնդումէն ետք: Ան ըսաւ, որ Մարզպետ Մարկոսեան` երրորդ սերունդի ներկայացուցիչը, մտածեց Հայաստանի մասին, բայց նաեւ մտածեց մասնաւորաբար սփիւռքի մասին: Եզրափակելով իր խօսքը դոկտ. Տէր Ղուկասեան մաղթեց, որ երրորդ սերունդին յաջորդող սփիւռքի նոր հայ սերունդը` նոր ժամանակաշրջանի մը սերունդը գիտնայ, որ երրորդ սերունդը սփիւռքը զօրացնելու եւ վերանայելու պատգամը մեզի ձգած է:
Աւարտին շնորհակալական խօսք արտասանեց հեղինակին քոյրը` Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան, որ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին սոյն ձեռնարկի յաջողութեան: Ան դիտել տուաւ, որ Մարզպետ Մարկոսեանը մօտէն ճանցողները հիացում ունէին անոր հանդէպ, որ սուզուեցաւ իր գիրքերու աշխարհին մէջ, ապրեցաւ իր ժողովուրդի դժբախտութիւններուն հետ, սակայն փորձեց ելքեր գտնել հայ հոգիին համար` պատասխանատուութեան զգացումէն թելադրուած, իր բաժինը բերելով մեր կեանքի դժբախտութիւններուն, լուծումներ առաջարկելով: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, բոլոր ելոյթ ունեցողներուն` հաստատելով, որ Մարզպետ Մարկոսեանի հոգին թեւեր առած` հրճուանքով կը թեւածէր սրահին մէջ, դիտել տալով, որ խորքին մէջ ան երբե՛ք չհեռացաւ, չբաժնուեցաւ այս քաղաքէն եւ Ամերիկայի կախարդող երկնաքերերուն եւ պսպղուն քաղաքներուն մէջ փնտռեց իր համեստ տուներով, անպաճոյճ եւ նեղլիկ փողոցներով, սակայն ջերմ ու հարազատ եւ մտերմիկ մթնոլորտով Պուրճ Համուտն ու Լիբանանը, որոնցմէ երբեք չբաժնուեցաւ:
Սեդա Խտըշեան ողջունեց ներկայութիւնը Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի հրաւէրով Լիբանան ժամանած «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ի մասնակիցներէն` փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանին, փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեանին, դոկտ. Արմէն Մարուքեանին, դոկտ. Վահրամ Բալայեանին, դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեանին, դոկտ. Վիգէն Չթըրեանին, դոկտ. Նորա Պայրագտարեանին, դոկտ. Հրայր Պալեանին եւ Տիգրան Եկաւեանին:
Աւարտին տեղի ունեցաւ երեք հատորներու գինեձօնի արարողութիւնը: