Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական ուսմանց հիմնարկը կը տեղեկացնէ, թէ ծրագիրի նախորդ վարիչ Սալբի Ղազարեան հրաժարած է իր պաշտօնէն: Զինք փոխարինած է օգնական վարիչի պաշտօնը ստանձնած դոկտ. Շուշան Կարապետեան։
Կը տեղեկացուի, որ Սալբի Ղազարեան պիտի շարունակէ մասնակցիլ Հայագիտականի կարգ մը նախաձեռնութիւններուն: