ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի «Շօա» հիմնարկը այսուհետեւ իր արխիւին մէջ պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրածներու վկայութիւններու ամենամեծ հաւաքածոներէն մէկը, որ 1972էն սկսեալ մինչեւ 2000ականները հաւաքուած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի հայ պատմաբան դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի կողմէ:
Վկայութեանց պաշտօնական յանձնումը տեղի ունեցած է Ուրբաթ, Մարտ 9ին, որուն շնորհիւ դոկտ. Յովհաննէսեանի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաւոր պատմութեան մասին հաւաքածոն պաշտօնապէս դարձած է «Շօա» հիմնարկի Տեսողական պատմութեան համացանցային արխիւին մէկ մասը:
Անիկա կը ներառէ աւելի քան 1000 հարցազրոյցներ, ինչպէս նաեւ լուսանկարներ եւ փաստաթուղթեր: Հաւաքածոյի գերակշիռ մեծամասնութիւնը ձայնագրուած է հայերէնով եւ միայն 20 տոկոսը՝ անգլերէնով: Կան նաեւ թրքերէնով եւ սպաներէնով փոքրաթիւ վկայութիւններ:
Ցարդ, հանրութեան հասանելի պիտի ըլլան միայն թուայնացած առաջին 10 վկայութիւնները, որոնցմէ եօթն անգլերէնով, իսկ երեքը՝ հայերէնով: Աշխատանք պիտի տարուի մնացեալ բոլոր վկայութիւնները եւս հիմնարկին չափանիշներով թուայնացնելու:
Յովհաննէսեան, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրածներու զաւակ է, խորապէս հաւատացած է, որ վկայութիւնները մեծ կարեւորութիւն ունին ապագայ սերունդները կրթելու եւ ուրացման դէմ պայքարելու համար:
Արխիւի կարեւորութիւնը ընդգծած է նաեւ «Շօա» հիմնարկի պաշտօնատարներէն Սթեֆան Սմիթ՝ ըսելով. «Տեսողական պատմութեան արխիւին մէջ աւելի մեծ բովանդակութիւն աւելցնելով՝ մենք կը յարգենք յիշատակը անոնց, որոնց կեանքը ընդհատուած է: Այս ձայներէն՝ ապագայ սերունդները պիտի սորվին Հայոց Ցեղասպանութեան սարսափները ա՛յն մարդոցմէ, որոնք անձամբ անցած են արհաւիրքներու ընդմէջէն»:
Այս արխիւին արդէն իսկ մաս կը կազմեն Մայքըլ Յակոբեանի արձանագրած՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրածներու աւելի քան 400 վկայութիւններ։