Ուրբաթ, 22 Մարտ 2024-ի երեկոյեան, Դպրեվանքի սաները Հսկումի արարողութիւն կատարեցին Թրիփոլիի Սուրբ Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ մէջ։
Դպրեվանեցիներուն կողմէ կատարուած շարականներու երգեցողութեան ու արտասանուած աղօթքներուն երկիւղածութեամբ մասնակից դարձան ներկայ հաւատացեալները եւս։ Այս առիթով, իր խօսքին մէջ, Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան, Դպրեվանքի Տեսչութեան անունով նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանին, ծխատէր քահանայ հօր, թաղական խորհուրդին եւ տիկնանց միութեան, Դպրեվանքի նկատմամբ իրենց տածած սիրոյն, յարգանքին ու հոգածութեան համար։ Տեսուչ Հայր Սուրբը նաեւ անդրադարձաւ Դպրեվանքի առաքելութեան եւ կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ իրենց զաւակները ուղղեն դէպի այս հոգեմտաւոր դարբնոցը։
Օրուան խորհրդածութիւնը կատարեց Դպրեվանքի աւարտական սաներէն՝ Բրշ. Երուանդ Սրկ. Եղիայեանը, բնաբան ունենալով Արեւագալի Ժամերգութեան արտասանուած հետեւեալ մաղթանքը. «Լոյսովդ ո՜վ Քրիստոս, ամէնքս լուսաւորուեցանք»։ Տիրացուն իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Քրիստոս աշխարհ գալով, մեր ամպոտած ու խաւարած կեանքը պայծառացուց իր լոյսով, որպէսզի մեր կեանքը լուսաւորուի։
Հսկումի արարողութենէն ետք Դպրեվանքի տեսչութիւնն ու դպրեվանեցիները հիւրը դարձան եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան կողմէ պատրաստուած սիրոյ սեղանին։