ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ (Հալէպ)
Այս տարի լիբանանահայութիւնը, հակառակ իր բազում հոգերուն եւ մտահոգութիւններուն, իր գուրգուրանքին եւ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ պիտի դարձնէ երկու կարեւոր կրթօճախներ՝ անոնց հիմնադրութեան 90-ամեակին առիթով։
Ա) Համազգայինի Ճեմարանը
Բ) Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը
Այս երկու հաստատութիւններն ալ հիմնուած ու իրենց դռները բացած են միեւնոյն տարին՝ 1930-ին։ Երկու հաստատութիւններն ալ, անցնող ինը տասնամեակներուն, բացառիկ դերակատարութիւն մը խաղացեր են բովանդակ սփիւռքի հայ կեանքին մէջ՝ Ազգին ընծայելով որակաւոր շրջանաւարտներու անհամար սերունդներ, որոնք շատ պատուաբեր ներկայութիւն բերած են գաղութներու ազգային, մշակութային եւ հոգեւոր առօրեային մէջ։
Երբ կու տանք Ճեմարանի անունը (նախապէս՝ Հայ Ճեմարան, յետոյ՝ «Նշան Փալանճեան»), անմիջապէս կը յիշենք Շանթն ու Աղբալեանը, նաեւ՝ երկու Գառնիկները՝ Բանեանն ու Գիւզալեանը, կը յիշենք Մուշեղ Իշխանն ու Հրաչ Տասնապետեանը, անմոռանալի Մատամը…։ Կը յիշենք Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան «Ակօս» հանդէսն ու անոր աշխատակիցները։
Իսկ Դպրեվանքը մեր մտքին մէջ տողանցել կու տայ պատկառելի եկեղեցականներու եւ աշխարհական դաստիարակներու ամբողջ հոյլ մը,- Կիւլէսէրեան Բաբգէն աթոռակից կաթողիկոս, Շահէ ծ. վրդ. Գասպարեան, Բիւզանդ Եղիայեան, Շահան Ռ. Պէրպէրեան, Սիմոն Սիմոնեան, Խորէն Գաբիկեան, Գէորգ Գանտահարեան, Գարեգին վրդ. Սարգիսեան (յետոյ՝ Գարեգին Բ. կթղ.), Արտաւազդ արք. Թրթռեան, Զարեհ արք. Ազնաւորեան եւ այլն, եւ այլն, որոնք տասնամեակներու երկայնքին յաջողեցան ԿՈՓԵԼ ընտիր սերունդ մը, որ կարծէք նմանօրինակն էր Արմաշու Դպրեվանքի երբեմնի սաներուն…։
Դպրեվանքը, թառած՝ ՊիքՖայայի ժայռոտ բարձունքին, սի՛րտն ու մայր երակն է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։ Առանց անոր՝ հայրապետական աթոռը չի կրնար շնչել. կը դադրի իր առաքելութիւնը։
Երէկ, Հինգշաբթի, 25 Յունիսին, տեղի ունեցած է Դպրեվանքի տարեվերջի աւարտական հանդէսը։ Երէց (այժմ՝ եպիսկոպոս) ու կրտսեր (դեռ Ժառանգաւորացի ուսանող) դպրեվանեցիները եղբայրաբար շրջապատեր են այս տարուան նորընծայ երեք շրջանաւարտները ու ծառայութեան Ուխտի հրաւիրեր են զանոնք…։ Ընծայարանի 2 շրջանաւարտներն են Գրիգոր սրկ. Արապաթլեան (Հալէպէն) եւ Ղազար սրկ. Քէօշկէրեան (Լիբանանէն): Երրորդ շրջանաւարտը՝ Ասատուր սրկ. Եղիայեան, քահանայից դասարանէն է, ծնունդով՝ Եագուպիէէն (Սուրիա):
Բարի՜ երթ։
Լ. Շառոյեան (Հալէպ)