ՀԱՐՑՈՒՄ.- Անդրադառնանք հայկական իրականութեան մէջ հայ դպրոցին դերակատարութեան` անցեալէն մինչեւ այսօր:
ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- 1920-ական թուականներուն, երբ ձեւաւորուեցաւ սփիւռքը, կային երկու գլխաւոր վիճակներ` արեւմուտքն ու արեւելքը:
Արեւմուտք գացած մեր երիտասարդները ընդհանրապէս Կ. Պոլսոյ կամ Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր գաւառներու դպրոցներէն շրջանաւարտներ էին, որոնք փոխադրուեցան Ֆրանսա, Ամերիկա եւ գաւառական գրականութեան ու Պոլսոյ արուեստագէտ սերունդի գրականութեան աւանդութիւններով շարունակեցին արեւմտահայերէնով գրականութիւն մշակել: Ամերիկահայ գրողներուն մեծ մասը շարունակեց մեր գաւառական գրականութեան աւանդութիւնները, վերապրեցուց` հայ գիւղը, հայ գիւղացին, անոր աշխատանքը եւ մեր հայրենի աշխարհը, ինչպէս` Համաստեղը, Բենեամին Նորիկեանը, Վահէ Հայկը եւ այլք…
Գրականագէտները կ՛ըսեն, որ Ֆրանսա գտնուող գրողները սեւեռումի առարկայ դարձուցին ամէնէն առաջ իրենց անձը, երիտասարդներ, որոնք կտրուած են իրենց միջավայրէն եւ յայտնուած` նոր միջավայրի մէջ, կը հանդիպին ազգային արժէքները պահելու եւ պահպանելու նոր դժուարութիւններու` իրենց կամքէն անկախ: Հակառակ ամէն ճիգի` մարդիկ կը հեռանան ազգային արժէքներէ: Այդ շրջանի ֆրանսահայ սերունդի գրողներէն յատկապէս յիշենք` Շահան Շահնուրը, Վազգէն Շուշանեանը, Շաւարշ Նարդունին, Կարապետ Փոլատեանը եւ այլք, որոնց կը փորձէին պահպանել լեզուն ու արժէքները:
Շահան Շահնուրի գործը բոլորին համար հետաքրքրական է, որովհետեւ ան իր գլխաւոր հերոսներուն ընդմէջէն ցոյց կու տայ, որ նահանջը անխուսափելի է. կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն, եւ անոր հետ ամէն բան կը նահանջէ: Այս մէկը ահազանգ մըն էր, որպէսզի արեւմտեան սփիւռքը սթափի, վերագտնէ ինքզինք, կազմակերպուի եւ հայօրէն գոյատեւելու կամք ու ներքին ուժականութիւն ստեղծէ:
Այսուհանդերձ, Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ գործող մեր գրողները չկրցան սերունդ ստեղծել, որովհետեւ դպրոցաշինական գործը այդ միջավայրերուն մէջ դեռ չէր սկսած, այսինքն այդ սերունդը վերջացաւ, արեւմտահայերէնն ալ կարծես վերջացաւ, անոնց զաւակները նոյնիսկ իրենց հայրերուն գործերը հայերէնով կարդալու դժուարութիւն ունեցան: Ասիկա յատուկ է արեւմտեան մեր գաղութներուն:
Պէտք չէ յոռետես ըլլալ, նոյն այս յոռետես գաղափարներ արտայայտողները հրաշալի արեւմտահայերէն կը գործածեն, իրե՛նց լեզուն արդէն ապացոյց է, որ արեւմտահայերէնը կ՛ապրի:
Արեւելքի մեր գաղութներուն մէջ առհասարակ Արեւմտեան Հայաստանէն, Կիլիկիայէն եւ Փոքր Ասիոյ տարբեր շրջաններէն եկած վերապրողներ էին, որոնք չունէին Պոլսոյ եւ արեւմտեան գաւառներու բարձրագոյն դպրոցները: Արեւմտահայերէնը տակաւին ընդհանրացած գրական լեզու չէր կարգ մը շրջաններու համար: Հետեւաբար արեւելքի մեր վերապրողները, որոնք ցրուեցան Եգիպտոս (ուր հին գաղութ կար անշուշտ), Պաղեստին, Յորդանան, Իրաք, Սուրիա, Լիբանան, կանգնեցան բոլորովին նոր հրամայականի մը առջեւ` անապատի այս սերունդը հայօրէն մեծցնելու եւ դաստիարակելու անհրաժեշտութեան: Այս պատճառով ալ արեւելքի մեր բոլոր գաղութներուն մէջ իրարու ետեւ հարիւրաւոր դպրոցներ բացուեցան: Այսօրուան մեր չափանիշներով այդ դպրոցները շատ խեղճ են, սենեակ մը կամ առաւելագոյնը` երկու սենեակ, կամ` խեղճուկ եկեղեցւոյ մը մէկ անկիւնը: Բայց այդ դպրոցները հրաշքներ գործեցին: Երեսունական թուականներուն արդէն արեւմտահայերէնը ճամբայ բացած էր, մեր արեւելքի սերունդները սկսած էին մօտենալ արեւմտահայերէնին, սկսած էին դառնալ հայախօս: Այդ արաբախօս, թրքախօս, քրտախօս եւ մանաւանդ բարբառախօս փոքրիկները արեւմտահայերէն արդէն գիտէին, եւ արեւմտահայերէնը բովանդակ հայութեան հաղորդակցութեան միջոց կը դառնար: Այստեղ շատ կարեւոր դեր ունեցան մամուլն ու վերապրող գրողները: Ահաւասիկ արեւմտահայերէնը այս անգամ օտար հողերէն վերընձիւղեցաւ եւ յարութիւն առաւ:
1950-1960-ականներ
Նախորդ դարու կիսուն պայմանները կը փոխուին, արտագաղթը կը սկսի: Վաթսունականներուն գաղթականութեան նոր ալիք մը կը սկսի դէպի Ամերիկաներ, եւ ընդհանրապէս աշխարհի չորս կողմը: Հայ դպրոցներ կը բացուին, այդ դպրոցները բացողները արեւելքի մեր տղաքն են` Եգիպտոսէն, Յորդանանէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն եւ Իրաքէն գաղթած մեր երիտասարդները, որոնք այդ հողերուն վրայ արեւմտահայերէնը ժառանգած էին:
Մեր դպրոցները շա՜տ մեծ ընելիքներ ունին յատկապէս լեզուի պահպանման ու տարածման իմաստով: Դպրոցը հայախօսութեան
ամրոց է:
Այսօր, փա՜ռք իրենց, մենք հեռաւոր Աւստրալիոյ, Արաբական ծոցի երկիրներուն, Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ վերստին դպրոցաշինական բուռն աշխատանքի լծուած ենք: Ամէն տեղ կը հիմնուին ամէնօրեայ դպրոցներ, միօրեայ դպրոցներ, արեւմտահայերէնը կը շարունակէ իր գոյութիւնը պահել, պահպանել եւ մեր ժողովուրդին կարեւոր մէկ հատուածին համար անիկա կը շարունակէ մնալ հաղորդակցութեան գլխաւոր միջոց: Ատոր ապացոյցն է նաեւ, որ հայագիր եւ հայալեզու հայ մամուլը կ՛ապրի այսօր գրեթէ բոլոր ցամաքամասերու վրայ, հայ գիրքը կը հրատարակուի ամէն տեղ: Կայ նաեւ օտարախօս զանգուած, բայց այդ ալ պէտք չէ մեզ յուսալքութեան մատնէ, այլ հակառակը, մենք պէտք է հասնինք նաեւ օտարախօսներուն, զանոնք ներգրաւենք մեր դպրոցներէն ներս:
Օրինակ, այնտեղ, ուր հայկական դպրոց չկար, բացուեցաւ, փոքրիկները ետ եկան, միշտ ալ այդպէս եղած է` օտարախօսութենէ հայախօսութեան եկած են մեր սերունդները: Հիմա պիտի ըսէք, որ այն ատեն թրքախօս էին, հիմա անգլիախօս (սպանախօս, ֆրանսախօս…) են, դժուար է: Պէտք չէ յոռետես ըլլալ, նոյն այս յոռետես գաղափարներ արտայայտողները հրաշալի արեւմտահայերէն կը գործածեն, իրե՛նց լեզուն արդէն ապացոյց է, որ արեւմտահայերէնը կ՛ապրի:
Սփիւռքահայ դպրոցը աւելի մեծ խնամքի պէտք ունի, մանաւանդ նիւթական զօրակցու- թեան կարիք ունի:
Անշո՛ւշտ մտահոգութիւնները կան, որովհետեւ մենք բոլորս ալ հոսանքին հակառակ կը թիավարենք: Դժուար պայմաններու մէջ մեր լեզուն կը պահենք. արեւելքի մէջ, ուր լաւ պայմաններ ստեղծած էինք (յիսունական թուականներուն), կացութիւնը փոխուեցաւ: Կարգ մը երկիրներ յետանկախութեան շրջանին սկսան ազգային կրթութեան գաղափարներ հետապնդել, կրթութիւնը առին իրենց հսկողութեան տակ, այդպիսով դպրոցներուն մէջ հայրենաւանդ շատ մը նիւթեր դուրս մնացին ծրագիրէն, եւ հայերէնը մնաց միայն որպէս լեզու եւ կրօնագիտութիւն:
Մենք այդտեղ շատ տուժեցինք, հայերէնը շատ տուժեց, որովհետեւ փոքրիկը զրկուեցաւ հայերէնի բառապաշարի հիմնական մէկ բաժինէն` գիտական բառերէն, թուաբանութիւն, իրագիտութիւն եւ այլն…
Հայ Մամուլին Դերը
Յատկանշական է, որ հայ մամուլը, այդ դժուար պայմաններուն մէջ կրցաւ միջոցներ գտնել, եւ հայերէնը պահել` մամուլի լեզու, գիրքի լեզու, հաղորդակցութեան լեզու, եւ հանդիսութիւններու լեզու: Պիտի չմոռնանք, թէ մեր մամուլը իր կարգ մը էջերով որքա՛ն դրական դեր կը կատարէ այդ գետնի վրայ, լրատու էջերէն դուրս, դարձուցէ՛ք միւս էջերը` կնոջական, խոհանոցի, մարզական, բժշկական, մշակութային էջեր եւ այլն… Այդ էջերը ունին իրենց բառամթերքը: Նկատի ունենալով, որ հոն եղածները հանրամատչելի յօդուածներ են, հասու են շատերուն, անոնց ընդմէջէն դարձեալ կեանքի մէջ կը ներմուծուին այնպիսի բառերը, զորս մենք կորսնցնելու վտանգին մէջ կը զգայինք մեզ:
Հ.- Անդրադառնանք մերօրեայ կեանքին մէջ հայ դպրոցին կացութեան ու անոր դիմաց առկայ մարտահրաւէրներուն:
Յ. Չ.- Մեր դպրոցները շա՜տ մեծ ընելիքներ ունին յատկապէս լեզուի պահպանման ու տարածման իմաստով: Դպրոցը հայախօսութեան ամրոց է: Ծնողները իրենց զաւակները հայկական դպրոց կ՛ուղարկեն, որպէսզի անոնք հայկական միջավայրի մէջ մեծնան եւ հայերէն սորվին:
Բայց ուսումնառութիւնը եւս առաջնահերթութիւն է, այսինքն գլխաւոր նպատակը բարձրագոյն գնահատականներով համալսարան մտնելու կարողութիւնը ձեռք բերելն ալ պէտք է ըլլայ: Մեր դպրոցը պէտք է զգայ այդ մէկը եւ համապատասխան ռազմավարութիւն ստեղծէ:
Տակաւին կայ այլ հարց մը, մեր դպրոցներուն մէջ պաշտօնեաները եւս առաւելագոյն չափով հայ պէտք է ըլլան` վարորդէն մինչեւ վարչական այլ աշխատանքներ կատարողներ, որոնք իրենց կարգին պէտք է մաքուր եւ ճիշդ հայերէնով հաղորդակցին աշակերտներուն հետ, որպէսզի անոնք մեր առօրեային մէջ գործածուող բառամթերքին տիրանան այս զրոյցներուն ճամբով: Օրինակ` ի՛նչ լաւ կ՛ըլլայ, երբ վարորդը առաւօտուն հայերէնով բարեւէ աշակերտը, քանի մը նախադասութիւն փոխանակէ անոր հետ, հսկիչը հայերէնով զրուցէ, քարտուղարուհին կամ հաշուապահը հայերէն բառեր գործածեն եւ սորվեցնեն աշակերտներուն: Այլ խօսքով, դպրոցի տեսչութիւնը իր բոլոր պաշտօնէութիւնը պէտք է լարէ ճիշդ հայերէնախօսութիւնը ապահովելու համար դպրոցին մէջ: Այս կը նշանակէ, որ հայերէնի ուսուցման առաքելութիւնը կը վերաբերի ոչ թէ շաբաթը չորս անգամ հայերէն դասաւանդող ուսուցիչներուն միայն, այլ` ամբողջ անձնակազմին: Այդ պարագային, մենք կ՛ունենանք հրաշալի հայերէնախօս փոքրիկներ, որովհետեւ դպրոցը կը դառնայ իսկական հայկական դպրոց, եւ փոքրիկները կամայ-ակամայ կը վարժուին մաքուր հայերէնախօսութեան, կը ճանչնան օտար բառերը, բայց եւ այնպէս կը խուսափին զանոնք իրենց առօրեային մէջ գործածելէ:
Ես կը կարծեմ, որ սփիւռքահայ դպրոցը ընելիք շատ ունի, պաշտօնէութիւն գտնելու հարց ալ չունի, բայց իր առաքելութեան ու աշխատանքին իսկապէս գիտակից պաշտօնէութիւն գտնելու հարց կրնայ ունենալ: Բոլորս պէտք է աշխատինք այս ուղղութեամբ, որպէսզի մենք ունենանք այդպիսի դպրոց, որուն համար օր մը օրանց երբեք չմտածենք, որ «փակուեցաւ, լաւ եղաւ, անոր օգուտը ի՞նչ էր որ»:
Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Փայլուն Օրինակը
Քսանական թուականներուն, երբ որ հայ դպրոցին մասին կը խօսուէր, կ՛ըսուէր, թէ` «Ի՞նչ կարիք կայ հայկական դպրոց բանալու, մեր ծնողները հոն չեն ղրկեր իրենց փոքրիկները, երբ կան այլ վարժարաններ (յունաց, լատինաց եւ այլն…), մենք անոնց հետ չենք կրնար մրցիլ»:
Եթէ մեր նոր գաղութներուն մէջ կայ անգլիական, ամերիկեան եւ այլ դպրոցներ…
Հալէպի մէջ 1940-ական թուականներուն կար Ալեփփօ քոլեճը: Երբ Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարանը հիմնելու գաղափարը ծագեցաւ, այդ «անիրականանալի երազէն» հրաժարելու ձայներ հնչեցին. «Բոլորս ալ Ալեփփօ քոլեճ կը ղրկենք մեր զաւակները, ո՞վ իր զաւակը կը հանէ եւ Քարէն Եփփէ ճեմարան կը բերէ»: Հայկական առաջին երկրորդական վարժարանը փաստօրէն եղաւ Քարէն Եփփէն` քսաներեք աշակերտով, բայց ամէն տարի հարիւրներով աւելցաւ այդ թիւը: Վաթսունական թուականներուն արդէն Ալեփփօ քոլեճը խամրեցաւ, այդտեղ հայ աշակերտ չմնաց, բոլորը եկան Քարէն Եփփէ ճեմարան: Այս կը նշանակէ, որ հայ դպրոցը պիտի պահէ իր մրցունակութիւնը, տեղւոյն վրայ գործող պետական եւ ոչ պետական` սեփական դպրոցներուն հետ:
Պէտք է արձանագրել, որ շատ անգամ Հալէպի մէջ ընդհանուր զարգացման մրցումներ կ՛ըլլային` միջերկրորդական դպրոցներու, կամ օտար դպրոցներուն հետ, մեր դպրոցները միշտ ալ յաղթանակած են, իսկ պաքալորէայի եւ պըրըվէի պետական քննութեան մեր աշակերտներուն բերած նիշերը երբեմն եղած են հանրապետութեան աստիճանի լաւագոյնը: Այս կը նշանակէ, որ մեր դպրոցները յարգանքի արժանի դպրոցներ են, պետութիւնը այդ մէկը կը տեսնէ ու կը գնահատէ: Իսկ մենք ալ մեր գործը ունինք, այդ պարտականութիւնը կ՛ընենք, այդ երկրին հանդէպ մեր պարտաւորութիւնները կը կատարենք, մեր սերունդներուն կը ջամբենք հրաշալի ուսում, որ օգտուին համալսարանական կրթութենէն: Բայց միեւնոյն ատեն կ՛ապահովենք անոնց հայերէնի իմացութիւնը եւ հայեցի դաստիարակութիւնը: Ես կը կարծեմ, թէ հայ դպրոցը իր առաքելութիւնը երէկ արեւելքի մէջ երբե՛ք չէր կորսնցուցած, այսօր արեւմուտքի մէջ, հեռաւոր գաղութներու մէջ պէտք չէ կորսնցնէ, չի կրնար կորսնցնել:
Սփիւռքը հոսանք է, այդ հոսանքը ուր որ հասնի, այդտեղ պիտի ստեղծենք նորը, ուր որ երթանք, մեր դպրոցաշինական սրբազան առաքելութիւնը պիտի չմոռնանք:
Փակուող Դպրոցներ
Յաճախ Սուրիոյ, Յորդանանի, Եգիպտոսի, Լիբանանի, Իրաքի եւ այլ գաղութներու մէջ դպրոցներ փակուելու ահազանգեր կը հնչեն: Սակայն խուճապի պէտք չէ մատնուիլ, որովհետեւ այդ դպրոցները փակուելուն գլխաւոր պատճառը այդ գաղութներուն նօսրացումն է: Սակայն պէտք է մտածել, թէ Ամերիկա, Աւստրալիա կամ այլուր տեղափոխուող այդ հայ ընտանիքներուն զաւակները հայկական դպրոց յաճախելու պայմաններ եւ դիւրութիւններ ունի՞ն. եթէ ունին, կը նշանակէ, որ դպրոց չէ փակուած, մեր փոքրիկին համար հայ դպրոց կա՛յ:
Սփիւռքը հոսանք է, այդ հոսանքը ուր որ հասնի, այդտեղ պիտի ստեղծենք նորը, ուր որ երթանք, մեր դպրոցաշինական սրբազան առաքելութիւնը պիտի չմոռնանք:
Ասոր զուգահեռ, կը տեսնենք, որ կան բազմաթիւ գաղութներ, ուր կայ մեծաթիւ հայութիւն, բայց եւ այնպէս անոնք առաւելագոյնը ունին կիրակնօրեայ դպրոց մը: Ես կը ցաւիմ անոնց համար, ամէնօրեայ դպրոց հիմնելու ամէն կարելիութիւն կայ (դպրոցի շէնքը, հսկայ հաստատութիւն, մեծ թիւով աշակերտութիւն), ինչո՞ւ միօրեայ դպրոցները ամէնօրեայի վերածելու քաջութիւնը չունենալ:
Սփիւռքի նոր համայնքներուն մէջ նոր խնդիրներ եւս կը ծագին: Օրինակի համար, մեր գաղութներուն մէջ երկու տարբեր հայկական զանգուածներ կ՛ապրին` արեւելահայ եւ արեւմտահայ: Մենք նախապէս չունէինք այս մտահոգութիւնը: Երբ իննսունական թուականներուն Միացեալ Նահանգներու մէջ, Եւրոպայի մէջ մեծ թիւով Հայաստանէն արտագաղթողներ եղան, այս խնդիրը ծագեցաւ:
Ես շատ մեծ տխրութեամբ կը յիշեմ. այցելած էի Ամերիկայի Մեսրոպեան վարժարանը, ինծի դրան առջեւ տնօրէնը ըսաւ. «Զգուշ եղիր, պրն. Յակոբ, երեք շարք են աշակերտները` անգլիախօս, արեւելահայախօս եւ արեւմտահայերէն խօսող»: Ինծի համար շատ լաւ առիթ էր այդ մէկը, հիմա այդ երեքը պէտք է կարողանամ հաւաքել, մէկ փունջ կազմել, անկարելի բան չկայ, յարգելով հանդերձ աշակերտին նախասիրութիւնը կամ իր մայրենի լեզուն, եթէ արեւելահայերէնն է: Բայց չկրցան լուծել այդ հարցը եւ բաժնեցին աշակերտները, լեզուի պատրուակով աշակերտները բաժնելը ոճիր է ինծի համար: Մենք կրնայինք, մենք կրնա՛նք այդ դպրոցներուն մէջ երկու գրական հայերէնները համատեղ սորվեցնել, եւ անշուշտ որոշ հանդուրժողութիւն պէտք էր մեր պատասխանատուներէն, մեր ուսուցչապետներէն, որովհետեւ բան մը պիտի փոխուէր ե՛ւ լեզուին մէջ ե՛ւ կեանքին մէջ, թող փոխուէր: Հիմա բաժնուած են, տխուր փաստ է, բայց այդպէս է:
Հ.- Այս բոլորէն մեկնած` ի՞նչ աշխատանք պէտք է տարուի հայ դպրոցը պահպանելու:
Յ. Չ.- Սփիւռքահայ դպրոցը աւելի մեծ խնամքի պէտք ունի, մանաւանդ նիւթական զօրակցութեան կարիք ունի: Արեւելքի մեր բոլոր դպրոցները սեփական դպրոցներ էին, ժողովուրդը իր լումաներով կը պահէր այդ դպրոցը: Նոյնն է պարագան այսօր արեւմուտքի մեր դպրոցներուն, որոնց եկամուտի գլխաւոր աղբիւրը մեր ժողովուրդն է: Երկրէ երկիր պայմանները տարբեր են բնականաբար, ուստի մենք իւրաքանչիւրին համար համապատասխան միջոցներ պիտի փնտռենք ու գտնենք:
(Շար. 2)