ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Իբրեւ տարագիր ժողովուրդի ժառանգորդ՝ տրամաբանութիւնը պիտի ըսէր, թէ Կիլիկիոյ ոստաններէն բռնագաղթած մեր պապերը 20-ական թուականներուն վերջաւորութեան շատ հաւանաբար հիմքը դրած են մեր հայրենակցական միութիւններուն: Սակայն վերջերս, մեր հայրենակցական միութիւններուն պատմութեան էջերը թերթելու միջոցին, մեծ եղաւ զարմանքս, երբ նկատեցի, թէ Հաճնոյ հայրենակցական միութիւնը կազմուած է ոչ՝ 1928-ին, ինչպէս կը յայտնեն շատեր, այլ 1915-ին:
Հայրենասիրութեան զգացումը, որքան բնածին, նոյնքան գիտակցական է հայ ժողովուրդին մէջ:
Այդ գիտակից հայրենասիրութեամբ տոգորուած, ամուր նկարագիրով եւ վերածնունդի անսահման հաւատքով՝ հայ ժողովուրդը յաջողած է դիմադրել դարաւոր գերութեան եւ այդ գերութեան մէջ վառ պահել յաղթանակի յոյսը:
Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Պուէնոս Այրէս գաղթած շուրջ ութսուն հաճընցի երիտասարդներ՝ հայրենիքի եւ Հաճնոյ անմար սէրը իրենց կուրծքերուն մէջ, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով տարագրութեան սպանդէն վերապրող հաճընցիներուն անցուկ կացութիւնը, խորհրդակցելով անմիջապէս կը կազմեն «Հաճըն ընկերութիւն» անունը կրող օգնութեան միութիւն մը՝ ծրագիր ունենալով կարօտաց նպաստ ընծայել եւ յաւերժ պահել հայրենի ծննդավայրին անունը:
Այս վկայութիւնը կը կատարէ Մեծ եղեռնի նախորդող օրերուն Հաճընէն Պուէնոս Այրէս գաղթած, Հաճնոյ մեծատան զաւակ՝ Ստեփան Կարապետի Շխրտըմեանը:
Հաճըն ընկերութիւնը հիմներու ծրագիրը կը պսակուի յաջողութեամբ: Անոնք միաժամանակ կոչ կ’ընեն Սփիւռքի բոլոր հաճընցիներուն, որպէսզի յար եւ նման միութիւններ կազմեն իրենց շրջապատին մէջ: Իսկապէս մեծ կ’ըլլայ խանդավառութիւնը: Սփիւռքի այն ոստաններուն մէջ, ուր 5-10 հաճընցիներ կը գտնուէին, կը կազմեն հայրենակցական միութիւններ:
Հաճընցիք կը փափաքին թերթ մը ունենալ ծննդավայրին անունով: Անդրանիկ նախաձեռնակը կը դառնայ հայրենակից Սարգիս Ալթունեանը, Մարսէյլ մէջ: «Նոր Հաճըն»-ը կը դառնայ հայրենակիցներու պարծանքը: «Նոր Հաճըն»-ը հետագային կը շարունակուի Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ: Պուէնոս Այրէսի մեր հայրենակիցները իրենք եւս կը փափաքին լոյս ընծայել «Նոր Հաճըն»-ը: Միութեան պաշտօնական օրկանը մինչեւ օրս կը շարունակէ լոյս տեսնել Պուէնոս Այրէսի մէջ:
Ստեփան Կ. Շխրտըմեանի վկայութեամբ՝ 25 օգոստոս 1915-ը պէտք է ընդունիլ իբրեւ Հաճնոյ հայրենակցական միութեան կազմութեան թուականը: «Նոր Հաճըն» ամսաթերթի յուլիս-օգոստոս 1948-համարին մէջ ան կը գրէ. « Ասկից 33 տարիներ առաջ, այսինքն՝ 1915-ին, Առաջին համաշխարհային աւերիչ եւ կործանիչ պատերազմը երբ պայթեցաւ, Հաճընցին ալ տեղահանուելով քշուեցաւ տառապանքի եւ չարչարանքի գողգոթան՝ քաւելու համար իր քրիստոնեայ ըլլալու մեղքը, ու այդպէսով ցաւալի յիշատակներ ձգեց իր ետեւ.
Ա. Կորսնցուց իր ժողովուրդին ¾-րդը, որոնց մէջ էին մեր տարիքոտ, խելօք եւ նաեւ տարեկից բոլոր սեռի հայրենակիցները:
Բ. Հաճնոյ իննամսեայ գոյամարտը, որ արդէն ծանօթ է համայն հայութեան: Հաճընցիները կռուելով ուզեցին ապրիլ եւ ապրեցնել ազգային պատիւն ու ազատութիւնը: Բայց աւա՜ղ, որ շատ կարեւոր պիտոյքներու պակասութեան պատճառով ինկան կռուոյ պատնէշին տակ, բաժնուելով յաւիտեանս եւ այդպէսով թուղուցին ցաւալի բաց մը:
Գ. Իսկ երրորդը յիշատակ մըն է: Այն է՝ Հաճնոյ հայրենակցական միութեան կազմութիւնը, որ 33 տարուան կեանքին մէջ թողուց ու պիտի թողու բարոյական եւ նիւթական շատ մը գնահատելի հետքեր, որոնք արժանացան ու կը յուսանք թէ տակաւին պիտի արժանանան շատ մը գնահատանքներու»:
Այս տողերէն մէկանգամընդմիշտ յստակ կը դառնայ, Հաճնոյ հայրենակցական միութեան կազմութեան թուականը:
Ստեփան Շխրտըմեանի վկայութեամբ՝ 1915-ին հիմնուած Հաճնոյ հայրենակցական միութիւնը կը հաշուէր 53 անդամ: 1948-ին, ան ունեցած է քսան մասնաճիւղ եւ հազարաւոր անդամներ, որոնք ոչ միայն խօսքով, այլեւ նիւթական եւ բարոյական զոհողութիւններով վառ պահած են հաճընցիութեան եւ հայրենիքին ծառայելու ոգին:
Հաճնոյ հայրենակցական միութիւնը շուտով կ’ունենայ իր ծրագիր կանոնագիրը՝ օգնել հաճընցի թշուառ եւ կարօտեալ ընտանիքներուն եւ Հայրենիքի մէջ կառուցել Նոր Հաճըն աւանը:
Ժողովուրդի մը ազատագրութեան, երկրի մը անկախութեան օրը, ազատարարի մը ծննդեան կամ մահուան թուականը, քաղաքի մը հիմնադրութեան թուականը, ազգային յաղթանակի օրը կամ ազգային որեւէ նշանաւոր օր չի մոցուիր երբե՜ք ու նոյն ազգի ժողովուրդը իւրաքանչիւր տարի խանդավառութեամբ կը նշէ այդ պատմական օրը՝ վերագնահատելով, արժեւորելով անոր խորհուրդն ու նշանակութիւնը:
Հաճընցիներս ունինք երկու պատմական թուականներ, որ չենք կրնար մոռնալ: Առաջինը՝ Հաճըն ընկերութեան հիմնադրութեան օրը՝ 25 օգոստոս 1915: Հաճըն ընկերութիւնը 1928-ին վերանուանուած է Հաճնոյ հայրենակցական միութիւն: Երկրորդը՝ տխուր պատկերի մը յիշողութիւնը, Հաճնոյ անկման օրը՝ 15 հոկտեմբեր 1920:
Պանծալի պատմութիւն մը ունի հաճընցին, որ պատիւ կը բերէ ոչ միայն մեր ազգին, այլ հանուր մարդկութեան, իր հերոսական, նուիրումի եւ զոհաբերութեան պանծալի էջերով եւ օրինակներով: Ո’չ գրելով եւ ո’չ ալ պատմելով կարելի է պատկերացնել հաճընցիին ենթարկուած իննամսեայ տառապանքը:
Մեր պապերը ինչպէ՞ս կերտեցին այն հերոսական էջերը, որպէսզի պարծենանք, երկու խօսքին մէկը եւ միշտ՝ «Մենք հաճընցի ենք» ըսելով:
Անոնք Հաճնոյ հերոսական պատմութիւնը կերտեցին ամէն բանէ վեր դասելով հայ ժողովուրդին պատիւը եւ արժանապատւութիւնը:
Իր ոսկեպսակ էջերով հարուստ Հաճնոյ պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ մեր պապերը փոխադարձ սէր, վստահութիւն, հաւատարմութիւն եւ յարգանք ունէին իրարու հանդէպ՝ միշտ զիրար պաշտպանելով:
Անոնք մահացան կրակի բոցերուն մէջ, բայց չզիջեցան: Հաճընցին մնաց հպարտ եւ ճակատաբաց: Մենք պարտք կը համարենք մեր յարգանքի բաժինը բերել այն մարտիրոսացած քաղաքին եւ անոր ազատագրութեան համար մարտնջող հերոսներուն, որոնք տուին իրենց թանկագին կեանքը:
Որքան բախտաւոր պէտք է համարել մեր սերունդը, երբ այս պահուս կ’ապրինք եւ կը տեսնենք մեր նախորդ սերունդներուն երազած, մեր բոլորին գոյութեան օրրան, ազատ եւ անկախ Հայաստանի հրաշափառ ծնունդը:
Միւս կողմէ համոզուած եմ, որ ինչպէս համայն հայ ժողովուրդը, նոյնպէս ալ հաճընցին այս օրերուն կ’ապրի ինքնագիտակցութեան եւ հայրենասիրական պարտականութեան հոգեգրաւ ամենախոր զգացումներով:
Սիրելի’ եւ յարգելի’ ընթերցող: Եթէ պատմութեան մէջ իրենց պատուոյ տեղը գրաւող մեր պապերը ի սպաս հայրենիքին դրին իրենց կեանքը, մենք՝ վերապրողներու ժառանգորդներս, լուրջ պարտաւորութիւններ ունինք մեր ուսերուն վրայ:
Մեր պապերը չսակարկեցին իրենց կեանքը, երբ զոհողութիւն պահանջուեցաւ մեր սրբութիւնները պաշտպանելու համար: Անոնք տուին իրենց ամենէն նուիրականը՝ կեանքը: Այսօր, մեր պարտականութիւնն է յարգել անոնց կտակը, յաւերժացնել յիշատակը մեր նահատակներուն՝ վաղուան սերունդին փոխանցելու Հաճնոյ հերոսական պատմութիւնը, Արծուաբոյնի ազատամարտիկներուն կտակը, անոնց հաւատոյ հանգանակը:
Մարտիրոս եւ Մուրատ Պոյաճեաններու նման առաքեալներու, Աղասիի նման յեղափոխականներու ծննդավայր Հաճնոյ աւանդութիւնները յաւերժացնելու պարտականութիւնը ունինք բոլորս:
Հանգիստ Հաճնոյ հերոսներու սրբազան աճիւններուն եւ յարգանք անոնց խնկելի յիշատակին: