ՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- Թուրքիոյ յանցագործ շրջանակներու կարեւոր դերակատարներէն Սետաթ Փեքեր վերջերս հրապարակեց տեսանիւթ մը, որ մեծ ցնցում յառաջացուց Թուրքիոյ քաղաքական օրակարգին վրայ: Անոր ակնարկութիւններուն մէջ կը յիշուի նաեւ Հրանդ Տինքի ոճիրը, որուն մասին խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան գրաւոր հարցումներ յղեց ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուին։
Փայլան նախ խօսեցաւ Տինքի սպանութեան գործով յանցագործներուն օգնելու մեղադրանքով դատապարտուած Էրհան Թունճելի եւ Փեքերի միջեւ կապերուն մասին, ապա հարցուց.
«1. Ինչո՞ւ դատարանին չէք յայտնած ձեր իմացած այն տեղեկութիւնները, որոնք կը վերաբերին Տինքի սպանութեան հետ Սետաթ Փեքերի կապին:
«2. Ո՞վ եւ ո՞ր համակարգն է, որ Էրհան Թունճելին վստահած Սետաթ Փեքերին:
«3. Դատական համակարգին ե՞րբ պիտի յայտնէք այն, ինչը գիտէք Տինքի սպանութիւնը կազմակերպած «համակարգ»ին մասին»: