Լիբանանեան ծովային սահմանագծումին շուրջ բանակցող բանակի թեքնիք պատուիրակութեան պետ գնդապետ-զօրավար Պասսամ Եասին յայտնեց, որ Քարիշի նաւթահորէն կազ արտահանելու նպատակով հասած յունական նաւը արդէն իսկ Հայֆայի հանդիպակաց շրջանին մէջ կը գտնուի: Ան աւելցուց, որ այդ նաւը քանի մը ժամէն կրնայ Քարիշի նաւթահոր հասնիլ եւ առաւելագոյնը մէկ, երկու կամ երեք ամսուան ժամանակաշրջանի ընթացքին կազ եւ նաւթ արտահանել:
Եասին լիբանանեան իշխանութիւններէն պահանջեց վերատեսութեան ենթարկել թիւ 6433 հրամանագիրը, որ կը վերաբերի թիւ 29 սահմանագիծին, եւ այդ մասին անմիջապէս տեղեակ պահել ՄԱԿ-ը: «Այս նամակը կրնան յղել արտաքին գործոց նախարարը, վարչապետը կամ հանրապետութեան նախագահը: Պէտք է նաեւ զգուշացման այլ գիր մը յղել նաւթի եւ կազի պեղման յունական ընկերութեան, որպէսզի այդ նաւթահորին մէջ աշխատանքի չձեռնարկէ, որովհետեւ այդ շրջանին պատկանելիութեան շուրջ տակաւին համաձայնութիւն չկայ», հաստատեց Եասին:
Ան շեշտեց, որ հրամանագիրին բարեփոխումի չենթարկուելուն պարագային, ապա կը գտնուինք դժուար օրերու դէմ յանդիման, իսկ որոշումը կը մնայ պետութեան եւ Դիմադրութեան: «Ժամանակի ճոխութիւն չունինք», ըսաւ Եասին` բարձր գնահատելով Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի կեցուածքն ու թիւ 29 սահմանագիծին անոր կառչածութիւնը:
«Իւրաքանչիւր լիբանանցի հայրենասէր քաղաքացի պէտք է կառչած մնայ այդ սահմանագիծին, որովհետեւ այլապէս ան արտօնած պիտի ըլլայ լիբանանեան ազգային գերիշխանութեան եւ երկրին նաւթային հարստութեան դէմ ոտնձգութիւնը», ընդգծեց Եասին: