Յարութիւն Իսկահատեան – Պէյրութ – ՊԱՅՔԱՐ 371
Ազգային եւ հասարակական գործիչ, հրապարակախօս, Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի պատուոյ ատենապետ (Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր ժողովին կողմէ ընտրուած 2007-ին): Նոյնպէս, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովէն ՀԲԸՄ-ի Եգիպտոսի Շրջանակային Յանձնաժողովին պատուոյ ատենապետ նշանակուած Հոկտեմբեր 2014-ին: Նշելի է որ Պերճ Թէրզեան անդամ է սոյն ժողովին շուրջ 60 տարիներէ ի վեր:
Պերճ Թէրզեան ծնած է Գահիրէ, Նոյեմբեր 1938-ին: 1951-ին աւարտած է Գահիրէի Վիեննական Մխիթարեան նախակրթարանը, իսկ 1956-ին՝ Մարոնիթ Հայրերու երկրորդական վարժարանը: Ապա, 1957-ին պաշտօնի կոչուած է՝ իբրեւ դրամատան պաշտօնեայ: Դրամատան մէջ 10 տարի աշխատելէ յետոյ, 1966-ին հրաժարած է իր պաշտօնէն եւ մտած՝ տպագրական ասպարէզ: Աշխատանքի տարիներուն, 1963-ին Այն Շամս Համալսարանի Համագործակցական Եւ Վարչական Գիտութիւններու Հիմնարկը աւարտած է: 1964-1965 թուականներուն յաճախած է Գահիրէի Ամերիկեան Համալսարանը: 1969-ին հիմնած է African Press տպագրական հաստատութիւնը, որ 1996-ին վերածուած է բաժնետիրական ընկերութեան մը African Press S.A.E. անունով:
Պերճ Թէրզեան ունեցած է երկար հասարակական բազմաբնոյթ գործունէութիւն մը: Ան տարբեր տարիներուն մասնակցած է ՀԳՄ-ի, Հայ Ազգային Հիմնադրամի, ՀԲԸՄ-ի ՀՄԸՄ-Նուպարի վարչութիւններուն, ինչպէս նաեւ Գահիրէի Ազգային Առաջնորդարանի Թեմական եւ Քաղաքական ժողովներուն եւ անոնցմէ բխած Ուսումնական Խորհուրդին եւ Նուպարեան Ազգային Վարժարանի Հոգաբարձութեան: 1977-էն սկսեալ աշխատակցած է «Արեւ» օրաթերթին: 1996-ին Գահիրէի ՀԲԸՄ Վարչութիւնը՝ իր ատենապետութեան շրջանին, 15 տարի դադարէ մը վերջ, սկսած է վերահրատարակել Միութեան «Տեղեկատու» եռամսեայ պաշտօնաթերթը, որուն մէջ ստանձնած է խմբագրի, ապա խմբագրական խորհրդատուի պաշտօնները: 1998-2009 տարիներուն եղած է Գահիրէի «Արեւ» օրաթերթի արաբերէն ամսօրեայ նոյնանուն յաւելուածին հայկական նիւթերու խորհրդատու: Իսկ 2010-էն սկսեալ մինչեւ Մարտ 2016, դարձեալ հայկական նիւթերու խորհրդատու՝ Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի «Արեգ» արաբերէն ամսօրեային:
Պերճ Թէրզեան ստացած է «Մեսրոպ Մաշտոց» յուշամետալը 1999-ին, Հայ Եկեղեցւոյ «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանը 2010-ին, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան «Պատուոյ Անդամ» տիտղոսը 2011-ին, ՀՀ Նախագահին հրամանագրով «Մխիթար Գօշ» մետալը 2011-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան «Մայրենիի Դեսպան» մետալը 2013-ին:
Ստորեւ ամփոփ կերպով կը ներկայացնենք Պերճ Թէրզեանի հրատարակած գիրքերուն եւ գրքոյկներուն ցանկը, որուն մէջ նշուած են գրախօսուած եւ չգրախօսուած հրատարակութիւնները .
Այս գիրքերուն եւ գրքոյկներուն մեծ մասը տպագրութեան պատրաստուած է Դոկտ. Վաչէ Ղազարեանի սեփականութիւնը եղող «Մայրենի Հրատարակչական»-ի կողմէ: Վերոյիշեալ գիրքերու ցանկը քաղուած է հեղինակին վերջին հրատարակութենէն:
Ա. «Եգիպտահայ Հայեացքներ Պատմութեան, Քաղաքականութեան Եւ Մշակութային Ժառանգութեան Մասին» (արաբերէն), 2008, 308 էջ, ուր մէկ կողքի տակ կը ներկայացուին «Արեւ» արաբերէն ամսօրեայ յաւելուածի Փետրուար 1998-էն մինչեւ Փետրուար 2008 հեղինակին կողմէ գրուած 40 առաջնորդողները:
Բ. «Յետադարձ Անդրադարձ – Յօդուածներու Ժողովածոյ», 2010, 300 էջ: Գիրքին յառաջաբանը գրած է Դոկտոր Փրօֆէսոր Աշոտ Մելքոնեան: Հեղինակին երկրորդ գիրքը, որ հայերէնով հրատարակուած իր առաջին ստուարածաւալ գիրքն է (առանց հաշուելու իր փոքրածաւալ գրքոյկերը), կ’ընդգրկէ «Արեւ» օրաթերթին մէջ 1977-էն մինչեւ 2008 շրջանին իր գրի առած յօդուածները, ելոյթները, հարցազրոյցները եւ մէկ ուսումնասիրութիւնը (չէ գրախօսուած):
Գ. «ՀՀ Եգիպտոսի Դեսպանատան Ծննդոցը – Ակնարկ 20-ամեայ Հեռաւորութենէ», 2012, 92 էջ: Գիրքին յառաջաբանը գրած է Եգիպտոսի մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Մելքոնեան, որ առարկայականօրէն կը նկարագրէ Գահիրէի հայկական գաղութի զաւակներուն ու, մանաւա՛նդ, Պերճ Թէրզեանի թափած ջանքերը իրականացնելու համար դեսպանատան հիմնադրութիւնը: Պերճ Թէրզեան գիրքին «Մուտք»ին մէջ ՀՀ-ի գոյառումը շատ կարեւոր դէպք կը նկատէ: Ան կ’ըսէ. «Հայաստանի անկախ պետականութեան գոյառումը նոր հրամայականներու եւ նոր մարտահրաւէրներու առջեւ կը դնէր թէ՛ հայրենիքը եւ թէ՛ Սփիւռքը» (էջ 11):
Եգիպտոսի հայկական գաղութը դրամահաւաքի միջոցով կ’ապահովէ ՀՀ դեսպանատան նստավայր մը: Բացումը կը կատարուի 4 Յունուար 1993-ին: Ապա, ՀԲԸՄ-ի բարերարուհի Սաթենիկ Չագըրի նուիրած Զամալէք թաղամասի ապարանքը կը դառնայ հայկական դեսպանատան նոր նստավայրը՝ 1996-ի Մայիսին: Այս պարագան այդքան ալ հեշտ չ’ըլլար, նկատի ունենալով անսպասելի դժուարութիւններ, որոնք պէտք էր յաղթահարել՝ «խուսափելու համար ապագայ որեւէ բնոյթի բարդութենէ եւ Չագըր Վիլլայի գործառնութեան աքտը լրացնէ օրինական բոլոր ապահովութիւնները» (էջ 51) (չէ գրախօսուած):
Դ. ««Արեւ»ի Արաբերէն Ամսօրեայ Յաւելուածը», 2014, 132 էջ: Յառաջաբանը գրուած է Դոկտ. Փրօֆ. Ալբերտ Խառատեանի կողմէ, որ կը յիշէ Գահիրէի գաղութին հայ պատասխանատուները ու, մանաւանդ, Պերճ Թէրզեանը եւ անոր ջանքերը «Արեւ»ի արաբերէն ամսօրեայ յաւելուածը հիմնելու մէջ: Առաջին թիւը լոյս կը տեսնէ 1998-ի Յունուարին: Իսկ 2009-ին լոյս կը տեսնէ «բռնաբարուած» թիւ մը, որմէ ետք կը դադրի: 2010-ի Ապրիլ ամիսէն սկսեալ, Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի արաբալեզու «Արեգ» ամսօրեան լոյս կը տեսնէ: Այս եւ նախորդ յաւելուածին խմբագրութիւնը կատարած է հայկական հարցերով մասնագիտացած, եգիպտացի մտաւորական Մոհամմէտ Ռիֆաաթ Էլ Իմամը, որ մինչ այդ պաշտպանած է իր մագիստրոսական թէզը՝ «Հայերը Եգիպտոսի Մէջ 19-րդ Դարուն» խորագիրով, որ Գահիրէի ՀԲԸՄ-ը առանձին հատորով հրատարակած է 1995-ին:
Ե. «Պատասխան Առ Որ Անկ Է», 2014, 60 էջ: «Գրքոյկին լոյս ընծայումը կը նպատակադրէ հանրութիւնը լուսաբանել՝ պատասխանելով «Արեւ»ի 24 Յունիս 2014-ի թիւին մէջ, ««Արեւ»ի Արաբերէն Ամսօրեայ Յաւելուածը» գրքոյկին մասին տեղ գտած երկար յօդուածի մը, որ, դժբախտաբար, վիրաւորական բովանդակութիւն ունի» (էջ 7): Պերճ Թէրզեան այս պատասխանին մէջ կ’ընդգրկէ պատմաբան Գէորգ Եազըճեանի գրախօսականը՝ իր նախորդ գիրքերէն մէկուն, ինչպէս նաեւ «Արեւ»ի Ամսօրեայ Յաւելուածին մասին:
Զ. «Սրտցաւ Կոչ Հայոց Լեզուին Համար», 2015, 40 էջ: Հայրենի հեռատեսիլի կայաններու հաղորդումներուն մէջ գործածուող նկատելի աղաւաղուած հայերէնը, որ սրտնեղութիւն կը պատճառէ: Այս սխալը կը բխի ռուսերէնի եւ անգլերէնի գործածութենէ եւ անոնց բառացի թարգմանութենէն, հետեւաբար հայերէնը հայրենիքի մէջ կը դառնայ վտարանդի:
Պերճ Թէրզեան, քննադատական ու շինիչ յօդուածներով դիմած է ատենի ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանին, պաշտօնապէս դարմանելու համար հայերէն լեզուն անտեսելու վէրքը: Իբր եզրակացութիւն, Պերճ Թէրզեան կ’ըսէ. «Մաղթենք որ գոյութիւն ունեցող օրինական խոչընդոտները շուտով հարթուին եւ հայոց լեզուի ոլորտէն ներս ստեղծուին անհրաժեշտ բոլոր կառոյցները, որոնք ունենան իրենց առաքելութիւնը իրագործելու համար հարկ եղած ամենալայն իրաւասութիւնները» (էջ 13):
Է. «Գահիրէի Համալսարանի Հայագիտական Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնը», 2017, 52 էջ: Կարեւոր իրադարձութիւն մըն է Արեւելքի մեծագոյն եւ ամենէն հեղինակաւոր գիտական հաստատութիւններէն մէկուն՝ Գահիրէի Համալսարանին մէջ Հայագիտական Ուսումնասիրութեանց Կեդրոնի բացումը: ՀՀ-ի Եգիպտոսի մէջ առաջին դեսպան Դոկտ. Եդուարդ Նալպանտեան այս ուղղութեամբ հետապնդումներ կատարած է եւ 1999-ի Մարտ ամսուն մէջ Գահիրէի Համալսարանի տնօրէնութենէն խոստում ստացած է Հայագիտական Կեդրոնը հաստատելու: Անոր առաջարկով Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի վարչութիւնը հիմնուելիք կեդրոնին համար 50 հազար եգիպտական թղթոսկիի յատկացում կը տրամադրէ: Կեդրոնը կը բացուի եւ 2009-ի Սեպտեմբերին կը սկսի իր գործունէութեան: Այս կեդրոնին մէջ տեղի կ’ունենան զանազան գիտաժողովներ, որոնցմէ մէկն է՝ 2017-ի Ապրիլ 29-ին տեղի ունեցած «Արաբական Հայրենիքը – Հայաստանը – Անցեալը Եւ Ներկան, Հայ-արաբական Յարաբերութիւնները» նիւթին շուրջ:
Ը. «Հայաստան-Սփիւռք Համահայկական Ա. Համաժողով: Մտորումներ Քսանամեայ Հեռաւորութենէ», 2019, 100 էջ: Հայաստան-Սփիւռք Համահայկական Ա. Համաժողովը գումարուեցաւ Երեւանի Մարզահամերգային Համալիրին մէջ 22 եւ 23 Սեպտեմբեր 1999-ին: Եգիպտոսէն մասնակցեցաւ եօթը հոգինոց պատուիրակութիւն մը, որուն մէջ էր Պերճ Թէրզեանը: Մինչեւ 2018-ը ընդամէնը վեց համահայկական համաժողովներ տեղի ունեցած են՝ 27 տարիներու ընթացքին, որ ՀՀ-ի առաջին դժուար տարիներու ծիրին մէջ կ’իյնայ (1991-2018): Համաժողովին մասին Պերճ Թէրզեան այսպէս կը խորհրդածէ.- «Հաշուի առնելով այդ 27 տարիներու ընթացքին կառավարութեան գլուխը գտնուող տարրերուն հակաօրինական գործունէութիւնները եւ, մանաւանդ, նկատի առնելով թէ ժողովուրդը այլեւս երբեք պիտի չթոյլատրէ նման վարչակազմի մը վերադարձը, հաւանաբար այդ ժամանակաշրջանի պատմութիւնը կոչուի «Սակաւապետներու (Օլիկարքներու) շրջան» եւ առանձնացուի ու մեկուսացուի, որպէսզի չմիախառնուի պատմութեան յառաջիկայ հանգրուաններուն» (էջ 13) (չէ գրախօսուած):
Թ. «Գրախօսականներ Եւ Անդրադարձներ Պերճ Թէրզեանի Գիրքերուն Մասին Եւ Իր Հետ Եղած Հարցազրոյցներ», 2024, 278 էջ: Հեղինակին հրատարակութիւններուն վերաբերեալ գրախօսականներու եւ անդրադարձներու համահաւաք մըն է այս գիրքը, որ կ’ընդգրկէ նաեւ իր հետ հարցազրոյցներ՝ էջ 221-276: Ընդհանուր առմամբ Պերճ Թէրզեանի գործունէութեան կարեւոր մէկ երեսը ամփոփող հատոր մըն է այս մէկը:
Ժ.- «ՊԱՏԱՍԽԱՆ ԱՌ ՈՐ ԱՆԿ Է», 2014, 60 էջ:
ԺԱ.- «Սրտցաւ Կոչ Հայոց Լեզուին Համար», 2015, 40 էջ:
ԺԲ.- «Տիգրան Պապիկեան (Համադրում)», 2016, 64 էջ (չէ գրախօսուած):
ԺԳ.- «Գահիրէի Համալսարանի Հայագիտական Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնը», 2017, 52 էջ:
ԺԴ.- «ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՍՓԻՒՌՔ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ Ա. ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ: Մտորումներ Քսանամեայ Հեռաւորութենէ», 2019, 100 էջ:
ԺԵ.- «ՀՐԱՉ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՀԲԸՄի Եւ ՀԵԸի Վաստակաւոր Անդամ», 2022, 24 էջ (չէ գրախօսուած)::
ԺԶ.- «ԳՐԱԽՕՍԱԿԱՆՆԵՐ ԵՒ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁՆԵՐ ՊԵՐՃ ԹԷՐԶԵԱՆԻ ԳԻՐՔԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԵՒ ԻՐ ՀԵՏ ԵՂԱԾ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑՆԵՐ», 2024, 278 էջ:
Համառօտ կերպով ներկայացնելով ազգային հասարակական գործիչ Պերճ Թէրզեանի վաւերագրական հրատարակութիւններուն ցանկն ու անոնց մէկ մասին ամփոփագրերը, հնարաւորինս փորձեցինք անոնց միջոցով ներկայացնել այս նուիրեալ հայորդիին ազգասիրական գործունէութիւնը, յարգանքի նուազագոյն տուրք մը տալով արժանաւորին: