ՆՈՐԱ ԳՈԼՈՅԵԱՆ-ՔԷՕՀՆԷԼԵԱՆ
Լուսանկարները՝ ՃՈՐՃ ԹԱԹՈՍԵԱՆի
Եգիպտահայ գաղութը, Կիրակի, 27 Նոյեմբերին ըմբոշխնեց իր 45ամեայ պարախումբին՝ «Սարտարապատ» համոյթի աննախընթաց ելոյթը: Ելոյթ մը, որ իր իմաստալից բնոյթով գագաթնակէտին հասաւ, երբ խիզախ որոշումով մը կատարողութեան վայր ընտրուեցաւ «Յուսաբեր»ի տան մե՛ր թատերասրահը: Պարախումբին հերթական սերունդն էր որ 64ամեայ պատմական շէնքին թատերասրահը զարդարեց իրենց գունագեղ տարազներով, անուշիկ ժպիտով եւ հայկական հաստատ քայլերով: Այս սերունդը, ինչպէս իր նախորդները, երբեք առիթը չէր ունեցած տեսնելու եւ վայելելու ա՛յս ժառանգութիւնը, որուն պատերն ու քարերը վկայ դարձած են Նաւասարդեաններու, Վրացեաններու, Դրօներու եւ բազում այլ մտաւորականներու, ազգային եւ մշակութային գործիչներու ներկայութեան եւ գործունէութեան:
Երեկոյի կազմակերպիչն էր «Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութիւնը, իսկ զայն կը հովանաւորէր Եգիպտոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան: Ձեռնարկի նախագահութիւնը ստանձնած էր եգիպտահայ գաղութի անխոնջ գործիչ եւ մտաւորական, բազմիցս շքանշանակիր եւ «Յուսաբեր»ի շրջանակի պատասխանատու մարմիններու երկարամեայ նուիրեալ անդամ բժիշկ Սուրէն Պայրամեան ու ազնուափայլ տիկինը, Գահիրէի Հայ Կարիքի Խաչի երկարամեայ ատենադպրուհին։
Անոնց կողքին հանդիսութեան ներկայ էին առաջնորդական փոխանորդ Գաբրիէլ վրդ. Սարգսեան, Գահիրէի հոգեւոր հովիւ Յակոբ քհնյ. Յակոբեան եւ երէցկինը, Հայաստանի Հանրապետութեան Գահիրէի հիւպատոս Ստեփան Գէորգեան, թեմական եւ քաղաքական ժողովներու ատենապետները, անդամներն ու իրենց կողակիցները, ինչպէս նաեւ մարզական, բարեսիրական եւ մշակութային կազմակերպութեանց ատենապետներ եւ անդամներ:
«Յուսաբեր»ի 64ամեայ թատերասրահը լեցուցած հայ թէ օտար 400 հանդիսատեսներու բազմութիւնը յոտընկայս ունկնդրեց Եգիպտոսի եւ Հայաստանի պետական օրհներգները:
«Բախտաւոր է այն ժողովուրդը, որ իր էութեամբ, արիւնով եւ հոգիով կը գուրգուրայ իր քաղաքական եւ մշակութային անկախութեան վրայ: Բախտորոշ է, սակաւաթիւ սակայն արի այն ազգը, որ իր անկախութիւնը կորսնցնելէ ետք ու միանգամ ընդմիշտ կորսուելու սպառնալիքներու ենթարկուելէ ետք դուրս կու գայ պատմութեան խաւարէն եւ իր բոլոր հնարաւորութիւններով ու միջոցներով կը կառչի մշակոյթի ուժին», ըսաւ Սօսէ Կրպոյեան իր բացման խօսքին մէջ։
Նորա Քէօհնէլեան անգլերէնով ու արաբերէնով ողջունեց ներկաները: Ան իր զոյգ խօսքերուն մէջ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի փառաւոր, միաժամանակ ողբերգական պատմութեան, թէ ինչպէս նման ժողովուրդ մը վճռած էր վերականգնիլ ու պահպանել իր ինքնութիւնը՝ ներկայացնելով իր հարուստ մշակոյթը համայն աշխարհին, զայն ժառանգելով սերունդէ սերունդ։
Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր 19 պար, բաժնուած երկու մասի: Առաջին բաժինը նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 101ամեակին իսկ երկրորդը՝ ՀՀ անկախութեան 25ամեակին:
Հնչեց մեր հայկական հնագոյն Քոչարին, եւ ուժգնօրէն ու ինքնավստահ բեմը թնդացնելով մուտք գործեցին 12 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ իրենց վառ կարմիր գոգնոցներով ու թագերով, ապա տղաքը՝ ձեռքի կարմիր թաշկինակներով ու նմանագոյն գօտիներով:
Խաչատուր Աւետիսեանի գեղեցիկ երաժշտութիւնը հնչեց ու տաս «Ճերմակ Աղաւնի»ներ յայտնուեցան մութին մէջ: Հեզ ու ճկուն կը թռչէին անոնք, կարծես խաղաղութիւն տարածէին բոլորիս գլխավերեւը, գեղեցիկ պատկերներ կազմելով:
Պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց Մարիամ Կարապետեան հանդէս եկաւ դասական զուգապարով մը (duet): Մարիամ ու իր պարընկերը իրենց բարձրորակ կատարողութեամբ մեզ ապրեցուցին հիացմունքի պահեր, մինչ կը հնչէր «Սարերի հովին մեռնեմ»ը:
Առաջին բաժինը իր աւարտին հասնելէ առաջ, մութին մէջ հնչեց մեծն Կոմիտասի «Տլէ Եաման»ը, եւ պաստառի վրայ ցուցադրուեցան Հայոց Ցեղասպանութենէն դրուագներ: Միաժամանակ, պաստառի երկու կողմերէն մէկ-մէկ բեմ դուրս եկան պարախումբի 38 անդամները իրենց պարուսոյցին հետ՝ մոմերով, յարգանքի տուրք մատուցելու մէկ ու կէս միլիոն զոհերուն:
Ծրագիրին երկրորդ բաժինը սկսաւ «Բերդ Պար»ով: Տասներեք պարմանուհիներ բեմ ներկայացան Արամ Խաչատրեանի երաժշտութեան ընկերակցութեամբ, որոնց յաջորդեց վեց խրոխտ տղոց մուտքը:
Շուրջ երկու ժամ տեւած յայտագիրի աւարտին հանդիսականները ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին «Սարտարապատ» պարախումբի անդամները: Բեմ հրաւիրուեցաւ գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց Մարիամ Կարապետեան, որուն տքնաջան եւ շուրջ մէկ ու կէս տարուան աշխատանքի գեղեցիկ արդիւնքը բուռն ծափողջոյններու արժանացաւ:
Կազմակերպիչ յանձնախումբի ընդհանուր պատասխանատու Գարոլին Մազլումեան բեմ բարձրացաւ ու շնորհակալութեան իր խօսքը ուղղեց պարուսոյցին, պարախումբի անդամներուն, ծնողներուն, կազմակերպիչ մարմինին, օրուան նախագահին ու բոլոր անոնց, որոնք աջակցեցան երեկոյթի պատրաստութեան եւ յաջողութեան:
Բարի վերադա՜րձ «Սարտարապատ», միշտ սպասողն ենք նորանոր յաջողութիւններուդ:
(Յապաւումով)