ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւորներ Արարատ Միրզոյեան եւ Լենա Նազարեան անձնական երաշխաւորութիւն ներկայացուցած են «Հիմնադիր Խորհրդարանի» նախագահ Գարեգին Չուգասզեանի խափանման միջոց կալանքը փոխելու վերաբերեալ: Այս մասին իր «ֆէյսպուք»ի էջին վրայ գրած է Ազգային ժողովի պատգամաւոր, այժմ Հայաստանի առաջին փոխվարչապետ Արարատ Միրզոյեան:
«Սոյնով երաշխաւորում ենք, որ թիւ 58212116 քրէական գործով մեղադրեալ Գարեգին Բաբկէնի Չուգասզեանը, գտնուելով ազատութեան մէջ՝ կը դրսեւորի պատշաճ վարքագիծ, չի խուսափի իր դատավարական պարտականութիւնները պատշաճ կատարելուց՝ քրէական վարոյթն իրականացնող մարմնի կանչով ներկայանալուց: Գարեգին Բաբկէնի Չուգասզեանի նկատմամբ որպէս խախտման միջոց կիրառուած կալանքը սոյն անձնական երաշխաւորութեան հիմքով փոփոխելու եւ փոխարինելու պարագայում ստանձնում ենք դրանից բխող բոլոր պարտականութիւնները», գրուած է ներկայացուած փաստաթուղթին մէջ:
57ամեայ Չուգասզեան Յուլիս 2016էն ի վեր կը փնտռուէր ոստիկանութեան կողմէ՝ մեղադրուած ըլլալով զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու յանցանքով: