ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Ելք» դաշինքը Հայաստանի վարչապետի պաշտօնին առաջադրեց համաժողովրդական շարժման թեկնածու Նիկոլ Փաշինեանը:
Ստորեւ՝ «Ելք» խմբակցութեան որոշման յայտարարութիւնը.
«Հիմք ընդունելով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 149րդ յօդուածի 2րդ մասը, «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական օրէնքի 8րդ յօդուածի 1ին մասի 7րդ կէտը, 140րդ յօդուածի 1ին մասի 1ին կէտը եւ 2րդ մասը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութիւնը 2018թ. Ապրիլի 26ին գումարուած խմբակցութեան նիստում որոշեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնում թեկնածու առաջադրել Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր, «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Վովայի Փաշինեանին:
«Ելք» խմբակցութեան պատգամաւորներ՝
Փաշինեան Նիկոլ Վովայի
Գորգիսեան Գէորգ Սամուէլի
Զէյնալեան Արտակ Հայկազի
Թանդիլեան Մանէ Վանեայի
Մարուքեան Էդմոն Հրաչիկի
Միրզոյեան Արարատ Սամուէլի
Միքայէլեան Սասուն Մեխակի
Նազարեան Լենա Ռաֆայէլի
Սարգսեան Արամ Զաւէնի