«ԵՄն գործարարութեան համար» նախաձեռնութիւնը Հայաստանի մէջ կը սկսի նոր նախագիծ մը՝ նպատակ ունենալով բարձրացնել փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու մրցունակութիւնը Հայաստանի եւ Արեւելեան գործընկերութեան այլ երկիրներու մէջ: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ նախագիծին նպատակն է օգնել այս երկիրներուն կապուելու միջազգային եւ Եւրոպական Միութեան շուկաներու հետ:
«ԵՄն գործարարութեան համար» նախաձեռնութիւնը պաշտօնապէս սկսած է գործել 2018էն՝ համագործակցելով Հայաստանի փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութեան զարգացման կեդրոնին հետ:
Եւրոպական Միութեան արտածման ներուժի խթանման համար առաջնահերթութիւն կու տայ վերամշակուած, նաեւ չորցուած միրգերուն եւ բանջարեղէնին եւ բուսական թէյին:
Հետազօտական հարցարանի մը արդիւնքները ցոյց տուած են, որ հարցուած ընկերութիւններուն 25 տոկոսը արդէն կ՛արտածէ Եւրօապական Միութեան երկիրներ, իսկ 32 տոկոսը հետաքրքրուած է Եւրոպական Միութեան շուկայ մուտք գործելով։