ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան վստահ է, որ հայկական կողմը պիտի յաղթէ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ պատերազմին։ «Այս օրերին մենք կորցնում ենք մեր թանկագին ընկերներին՝ նրանց արիւնով պաշտպանելով մեր հողը: Ես հաւատում եմ, որ յաղթելու ենք», հաստատեց ան։
Ըստ Յովհաննիսեանի՝ Արցախի եւ Ատրպէյճանի հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած։ Արդարեւ, կանուխ առաւօտեան դարձեալ հակառակորդը նախաձեռնեց յարձակողական գործողութիւններու՝ երկու-երեք ուղղութիւններով: Ամբողջ օրուան ընթացքին յամառ մարտեր ընթացան յատկապէս հարաւային ուղղութեամբ՝ մերձարաքսեան հատուածին մէջ, ուր մեր զօրքերը հերոսական դիմադրութիւն ցոյց տուին հակառակորդին, ընթացան ծանր մարտեր:
Յովհաննիսեան դիտել տուաւ, որ երկուստեք կան կորուստներ. հակառակորդը կրած է մեծ կորուստներ, իսկ որոշ բնագիծերու մէջ կարելի եղած է զայն ետ շպրտել: «Ընդհանուր առմամբ, իրավիճակը շարունակում է ծանր մնալ, մեր զօրքերը հերոսական դիմադրութիւն են ցոյց տալիս բոլոր հատուածներում», շեշտեց Յովհաննիսեան:
Արծրուն Յովհաննիսեան նշեց, որ գիշերային ժամերուն սահմանագիծին վրայ տեղի ունեցան կրակի որոշ թուլացումներ:
«Հակառակորդը կիրառում է չափազանց մեծ քանակի ուժեր, յատկապէս՝ հետեւակ, անդադար գրոհող խմբեր, անդադար հրետանային կրակ եւ օդուժի տարբեր միջոցներ: Իրավիճակը շարունակում է լարուած մնալ, գիշերային ժամերին կրակի որոշակի թուլացում է տեղի ունենում, սակայն առաւօտեան նորից վերսկսում են յարձակումները, տարբեր ուղղութիւններով սաստկանում են կամ մի փոքր թուլանում», նշեց ան։
Յովհաննիսեան նաեւ ըսաւ, որ Արցախի Քարվաճառ շրջանի ուղղութեամբ արդէն յամառ մարտեր չկան:
Մինչ այդ, օրուան ընթացքին Ատրպէյճան «Սմերչ» ռումբերով հրթիռակոծեց Մարտունիի շրջանի Կարմիր Շուկայ համայնքը, որուն պատճառով զոհուեցաւ խաղաղ բնակիչ մը: Ռմբակոծուեցան նաեւ Ստեփանակերտը եւ քաղաքացիական կառոյցներ։