Երբ Կը Հնչէր «Աւետիք Իսահակեանի Ձայնը»
«Բոյլ Մեծաց»
«Փրկուած Մասունքներ»
Գ.Թերզեան
Նուարդ Մ. Տարագճեան
Գիրք մը, որ կը խօսի Հայրենիք-Սփիւռք սերտ
յարաբերութիւններու մասին:
Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մտաւոր ոյժերու
ներքին հոգեւոր կապի մասին :
Սփիւռքահայը, սիրեց հայրենիքը իր բոլոր ստորոգելիներով:
Իր կեանքին իմաստը եւ ուղղութիւնը փնտրեց հայրենիքի
հրաշալի վերելքին եւ արձանագրած նուաճումներուն մէջ:
Այդ մասին կը վկայեն «Բոյլ Մեծաց» ի Աւետիք
Իսահակեանի «Ձայնը» , խորագրին տակ զետեղուած տողերը:
Հոն կը յիշուի, 1955ին Հալէպի Վարդանեան վարժարանի խումբ մը
սաներու՝ Զաւէն Առաքելեան, Լութֆի Կիւնճելեան, Մկրտիչ Մահտեսեան,
Յովսէփ Պօղոսեան եւ Գրիգոր Գըլընճեան, Երեւանի ռատիոյին
յղած սրտառուչ նամակը, խնդրելով որ յանձնեն
Աւետիք Իսահակեանին:
Սոյն նամակով պատանիները կը շնորհաւորեն Աւ. Իսահակեանի
Նոր Տարին : Անոնք, իրենց հայրենակարօտ հոգիներուն ծարաւը
կ՜ուզէին յագեցնել հայրենի գրողին պատգամով,
իր ոգեշունչ խորհուրդներով:
Այդ օրերուն, որքան ազդեցիկ էր մեծերուն խօսքը
հայ սերունդներուն համար, որպէս հոգեւոր սնունդ:
Որպէս հպարտութեան ներշնչարան, զիրենք առաջնորդելու
Սփիւռքի տարածքին պահպանելու իրենց
ազգային ինքնութիւնը, հայու անաղարտ դիմագիծը:
Վարպետը ընդառաջելով սփիւռքահայ պատանիներուն
բաղձանքին իրենց կը յղէ իր պատգամը:_
«Թանկագին հայրենակիցներ, մանուկներ, պատանիներ,
« Ստացայ ձեր նամակը: Շատ զգացուած եմ իմ նկատմամբ ձեր
տածած սիրուց ու յարգանքից, յայտնում եմ իմ սրտագին
շնորհակալութիւնը ձեզ բոլորիդ:
«Չափազանց ուրախ եմ, որ դուք այնքան վառ ու գիտակից հետաքրքրութիւն
ունէք Սովետական Հայաստանի հանդէպ, ոգեւորւում էք նրա
տնտեսական առաջդիմութեամբ, նրա մշայութային վերելքով»:
«Դուք կանգնած էք ուղիղ եւ իմաստուն ճանապարհի վրայ:
Սովետական Հայաստանը բովանդակ հայութեան հայրենիքն է
եւ նրա գեղեցիկ ապագան»:
«Դուք շարունակ պիտի զգաք ձեզ Հայաստանի հետ, ապրէք
նրա կեանքով: Աշխատեցէք եւ տոկացէք, օգտագործէք ձեր
ժամանակը, սովորէք գիտութիւններ եւ լեզուներ»:
« Յարգէք ձեզ հիւրընկալող Սիրիական ազնիւ ժողովրդին:
Կարդացէք հայոց հին ու նոր պատմութիւնը:
Պահպանեցէք մայրենի լեզուն եւ երբեք չընկճուէք:
Ինչ վիճակի մէջ որ գտնուիք՝ երբեք չվհատուէք»:
« Լաւ գիտցէք, որ մեզ մառախուղից վեր , մթամած երկինքներից
վերեւ միշտ կայ ջերմ ու պայծառ արեւը»:
«Կայ Սովետական Հայաստանը՝ բովանդակ հայութեան հայրենիքը,
որն օրեցօր զարգանում է, աճում, բարգաւաճում»:
«Սրտագին ողջոյններով ձեզ բոլորիդ»:
Այդ օրը, անվերադարձ մեկնած հայ մտածողներուն հոգին
կը թեւածէր գրողներու տան դահլիճին մէջ:
Եւ ահա իրենց միանալու կու գար Վահագն Դաւթեանը, իր
խորիմաստ խօսքով.-
«Հանճարեղ է այն ժողովուրդը, որը կարողանում է
իր տառապանաքը յաղթանակի վերածել»…:
« Գրական Դէմքեր» ( հատուածներ)
Նուարդ Մ. Տարագճեան