Արտաքին գործերու եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ֆատի Ալամէ եւ յանձնախումբի զեկուցաբեր, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հանդիպում մը ունեցան Լիբանանի մէջ Արժանթինի դեսպան Մաուրիսիօ Ալիսի հետ` ներկայութեամբ խորհրդարանի արտաքին հարցերու յանձնախումբի ընդհանուր քարտուղար Քրիսթին Մաալուֆի:
Ժողովականները խորհրդակցեցան երկու երկիրներուն միջեւ հասարակաց յարաբերութեանց եւ անոնց զարգացման յանգող միջոցներուն շուրջ, յատկապէս` առեւտրական ու մշակութային մարզերուն մէջ: Լիբանանցի երեսփոխանները դեսպան Ալիսէն տեղեկացան Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ Արժանթինի փորձառութեան մասին: Այս առիթով համաձայնութիւն գոյացաւ առցանց հանդիպում կայացնելու Լիբանանի եւ Արժանթինի խորհրդարաններու արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբերու կազմերուն միջեւ` խորհրդակցելու համար Միջազգային դրամական ֆոնտին եւ այդ սնտուկէն օգտուելու կարելի քայլերուն շուրջ: