ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ` երկուշաբթի, 4 յունուար 2021-ին հարցազրոյց մը ունեցաւ «Վանայ Ձայն»-էն:
Հաղորդավար Հալա Հատտատի պատրաստած «Քըլ եաում պիյաումու» յայտագիրին ընդմէջէն, Յ. Բագրատունի անդրադարձաւ 2020-ի իրադարձութիւններուն` լիբանանեան, հայկական եւ շրջանային առումով:
Հարցազրոյցին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի խօսեցաւ Լիբանանի ներկայ իրավիճակին մասին` անհրաժեշտ նկատելով ամէն տեսակի միջոցառում որդեգրել` հակակշռելու համար «Քորոնա»-ի համաճարակն ու ժահրին արագ տարածումը:
Յ. Բագրատունի անհրաժեշտ նկատեց, որ լիբանանեան իշխանութիւնը Հայկական Ս. Ծնունդի տօնը չպատրուակէ երկիրը աւելի ուշ փակելու համար, այլ ձեռնարկէ անմիջական քայլերու եւ կտրուկ որոշումներ տայ` համավարակին տարածումը զսպելու նպատակով:
Ան խօսեցաւ նաեւ լիբանանցիին եւ լիբանանահայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին` հաստատելով լիբանանցի քաղաքացիին արժանապատուութիւնը պահպանելու եւ յոյսին կառչած մնալու կարեւորութիւնը:
Հարցազրոյցին ամբողջութիւնը պիտի հրապարակուի յաջորդիւ: