ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հերթական անգամ սպառնալից ելոյթ մը ունեցաւ, այս անգամ՝ «Ենի Ազրպէյճան» կուսակցութեան համագումարին ընթացքին։
Արդարեւ, ան յայտարարեց. «Երեւանն ու Զանգեզուրը ատրպէյճանցիներու պատմական հողերն են», եւ դիմելով ատրպէյճանցի երիտասարդներուն՝ ըսաւ. «Կարելի չէ մոռնալ պատմական հողերը: Ատիկա պէտք է դառնայ մեր ապագայ գործունէութեան ուղղութիւնը»։
Ատրպէյճանի նախագահը աւելցուց, որ ապագային հարկաւոր է աւելի աշխոյժ ըլլալ այդ հարցով եւ ձեռնարկներ իրականացնել աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ, «որովհետեւ Երեւանն ու Զանգեզուրը մեր պատմական հողերն են, եւ ատրպէյճանցիները պէտք է վերադարձնեն այդ հողերը: Ատիկա՛ է մեր քաղաքական եւ ռազմավարական նպատակը ու մենք պէտք է փուլ առ փուլ մօտենանք այդ նպատակին»:
Աւելի կանուխ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, մեկնաբանելով ատրպէյճանի նախագահին մէկ այլ արտառոց յայտարարութիւնը, թէ՝ Երեւանը 1918ին հայերուն «նուիրուած» է ատրպէյճանցիներուն կողմէ, ըսած էր. «Աւելորդ չէր ըլլար հնարաւորութիւն տալ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին՝ մասնակցելու Երեւանի 2800ամեակի տօնական ձեռնարկներուն: Ասիկա առաջին անգամը չէ, որ Պաքուէն նման յայտարարութիւններ կ՛ըլլան: Ասիկա գրեթէ մաս կը կազմէ նոյն այն շարքին, ուր կ՛ըսեն՝ Արցախն ալ պատմական Ատրպէյճանի տարածք է»: