ՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին երէկ անդրադարձաւ երկրին մէջ տիրող իրավիճակին, արտաքին համաձայնութիւններէ կախեալ ըլլալու Լիբանանի իրականութեան, երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ այդ շրջագիծին մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան ընտրական դաշինքներուն եւ ընտրացանկերուն, ինչպէս նաեւ ընտրութիւններէն ետք երկրին վարչակարգը բարեկարգելու կարելիութիւններուն:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ երկիրը աղէտի մէջ է` հաստատելով, որ լիբանանցիները կա՛մ իրենց խղճին եւ քաղաքացիութեան կը վերադառնան, կա՛մ կը յանձնուին եւ անձնասպան կ՛ըլլան:
Հարցազրոյցին ամբողջութեան կ՛անդրադառնանք յաջորդիւ: