ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ճիշդ չի համարեր Արցախի վերաբերող հարցերը խառնել Հայաստանի կամ Ատրպէյճանի՝ երրորդ երկիրներու հետ յարաբերութիւններուն, յայտարարեց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա՝ անդրադառնալով Շուշիի մէջ Պաքուի եւ Անգարայի միջեւ ստորագրուած հռչակագիրին:
«Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բարձր մակարդակի վերջին շփումները մենք կը դիտենք այս (վերոյիշեալ) անկիւնէն: Կը հաւատանք, որ տարածաշրջանին մէջ երկկողմանի կապերը, ներառեալ՝ ռազմական, պէտք չէ կառուցուին այլ պետութիւններու դէմ», յստակացուց Զախարովա:
Ան շեշտեց, որ Ռուսիա վճռականօրէն կ՛աջակցի այն քայլերուն, որոնք ուղղուած են Երեւանի եւ Պաքուի, ինչպէս նաեւ Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ երկխօսութեան կարգաւորման:
«Հարաւային Կովկասի մէջ համագործակցութիւնը պէտք է զարգանայ բարեդրացիական սկզբունքներու հիման վրայ՝ եւ, անշուշտ, նկատի ունենալով տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն շահերը», ըսաւ ան:
Ըստ Զախարովայի՝ «հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ լարուածութիւնը կը նուազի»։