Այսօր երեկոյեան, Երեւանի Ազատութեան եւ Հանրապետութեան հրապարակներուն վրայ հանրահաւաք եւ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան ընդդէմ եւ յաջակցութիւն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի:
Վարչապետ Փաշինեան այցելեց Հանրապետութեան հարապարակ եւ իր համախոհներուն խոստացաւ ամէն քայլի դիմել՝ ժողովուրդին չդաւաճանելու համար: Փաշինեան յորդորեց չխախտել ռազմական դրութեան պատճառով երկրին մէջ հաստատուած սահմանափակումները:
Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ ընդդիմադիր 17 կուսակցութիւններու հերթական հաւաքը: Անոնք պահանջեցին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը, ինչպէս նաեւ ստիպողական իրավիճակին ջնջումը, համաձայնական կառավարութեան մը կազմութիւնը՝ լուծելու երկրին առջեւ ծառացած հարցերը: