Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալը լուրջ հարցերու դիմաց դրած է Երուսաղէմի հայկական պատրիարքութիւնը:
«Առաջին Լրատուական»ի հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան դիւանապետ Կորիւն վրդ. Պաղտասարեան կը յայտնէ, որ տուեալ պահուն իրավիճակը խաղաղ է, յայտարարութենէն ետք զինուորական եւ ոստիկանական ուժերը կրցած են իրավիճակը հսկողութեան տակ պահել, եւ այդ յայտարարութեան յաջորդող բախումները մեծ ծաւալներու չեն հասած:
Ըստ անոր՝ բախումները մասնաւորապէս Պաղեստինի մէջ եղած են, Երուսաղէմի մէջ կացութիւնը հանդարտ է։ «Երուսաղէմի մէջ միայն Ուրբաթ օրերը՝ մահմետականներու աղօթքէն ետք է, որ բախումներ տեղի կ՛ունենան, բայց անոնք հսկողութեան տակ կ՛առնուին», կը տեղեկացնէ պատրիարքութեան դիւանապետը:
Անդրադառնալով ՄԱԿի Գլխաւոր ժողովի ընդունած բանաձեւին, որուն միացած է նաեւ Հայաստանը եւ ըստ որուն կոչ ուղղուած է Միացեալ Նահանգներուն ետ կանգնելու Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու իր որոշումէն՝ Կորիւն վրդ. Պաղտասարեան զուգահեռներ կատարեց 1967ի հետ, երբ եօթնօրեայ պատերազմի յաղթանակին իբրեւ արդիւնք՝ Իսրայէլը կը վերահսկէր քաղաքին ամբողջ տարածքին, կը բաժնէր Արեւելեան Երուսաղէմը Յորդանան գետի արեւմտեան ափէն եւ կը յայտնէր Երուսաղէմի մէջ իր գերիշխանութեան մասին: ՄԱԿի կողմէ այդ ժամանակ նոյնպէս ընդունուած էր բանաձեւ մը, որ չէր ճանչնար այդ տարածքներուն վրայ Իսրայէլի գերիշխանութիւնը եւ այդ տարածքները կը ճանչնայ իբեւ գրաւեալ տարածքներ: «Կը կարծեմ, որ հաւատարիմ մնացած են իրենց նախկին ընունած որոշման, եւ տրամաբանօրէն այդպէս պէտք է ըլլար», բացատրեց Կորիւն վրդ. Պաղտասարեան:
Անդրադառնալով հայկական կալուածներու վտանգուած ըլլալու հարցին՝ դիւանապետը նշեց, որ վարչական առումով յայտարարութենէն ետք որեւէ նոր բան չէ փոխուած, մինչ յայտարարութիւնն ալ Հին քաղաքը Երուսաղէմի քաղաքապետարանին հետ անմիջական իրաւասութեան ներքոյ էր, արտօնութիւններու, հարկերու-տուրքերու վճարման առումով անմիջական կապ եղած է։ «Պարզապէս պէտք է սպասենք եւ տեսնենք, թէ դեսպանատունը իսկապէս կը տեղափոխուի՞, թէ ո»չ, ըսաւ հայր Կորիւնը։
«Թրամփ իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ կը հրահանգէ ճարտարապետներուն, ճարտարագէտներուն, նոր դեսպանատան համար ծրագիր կազմելու եւ շատ յստակ կերպով նշեց, որ Երուսաղէմի սահմաններուն հետ կապուած հարցեր կան», ընդգծեց պատրիարքարանի դիւանապետը Կորիւն վրդ. Պաղտասարեան: