ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Աշխատանքային այցով Պրիւքսէլ գտնուող Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Չորեքշաբթի օր հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի հետ՝ անոր ներկայացնելով մանրամասնութիւններ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ:
Ըստ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան՝ Փաշինեան, ընդգծելով Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ատրպէյճանական զինուած ուժերուն դուրս գալու անհրաժեշտութիւնը` տեղեկատուութիւններ փոխանցեց այդ ուղղութեամբ իրականացուող դիւանագիտական եւ բանակցային գործողութիւններուն, ինչպէս նաեւ իրավիճակի հանգուցալուծման ուղղուած իր առաջարկին մասին:
Վարչապետի պաշտօնակատարը կարեւոր համարեց միջազգային հանրութեան կողմէ Պաքուի սադրիչ գործողութիւններուն համարժէք կերպով արձագանգելու անհրաժեշտութիւնը, հայ ռազմագերիներուն վերադարձը ապահովելու ուղղութեամբ քայլերու իրականացումը եւ ողջունեց Եւրոպական խորհրդարանի այն բանաձեւը, որ Ատրպէյճանէն կը պահանջէ անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու ազատ արձակելու բոլոր հայ ռազմագերիները:
Իր կարգին, Միշէլ ողջունեց հայկական կողմին` հայ-ատրպէյճանական սահմանին հարցը խաղաղ եւ քաղաքական ճամբով լուծելու դիրքորոշումը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց օժանդակելու այդ գործընթացին:
Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան` կողմերը քննարկեցին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան ընթացքը, նախատեսուող ծրագիրները, մասնաւորապէս՝ Հայաստանի մէջ բարեփոխումներու եւ ժողովրդավարութեան ամրապնդման միտուած:
Միշէլ ողջունեց վերջին երեք տարիներուն ընթացքին Հայաստանի մէջ սկսած բարեփոխումները եւ ժողովրդավարութեան ամրապնդման ուղղուած քայլերը:
Փաշինեան հանդիպեցաւ նաեւ Պելճիքայի վարչապետ Ալեքսանտր Տէ Կրուի հետ, քննարկելով Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներու օրակարգը եւ յատկապէս՝ ոստիկանութեան ոլորտի բարեփոխումները:
Վարչապետները անդրադարձան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին ատրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու սադրիչ գործողութիւններուն եւ ընդգծեցին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն վերջիններուն հեռացման անհրաժեշտութիւնը: Անոնք նաեւ կարեւոր համարեցին Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու վերադարձը ապահովելը եւ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորումը: