Վերջերս գործնական այցով Հայաստան եկած էր Ֆրանսայի Լորանի համալսարանի փրոֆէսըր Պետրոս Ջուլհակեանը:
Քանի մը նախադասութեամբ ներկայացնելով փրոֆէսորը` ըսենք, որ ան ծնած է Լիբանան, դպրոցը աւարտելէ ետք մեկնած է Ֆրանսա, սկզբնական շրջանին աշխատանքն ու ուսումը համատեղելով` տարիներու նպատակասլաց ու քրտնաջան աշխատանքին շնորհիւ այժմ տեսական բնագիտութեան բնագաւառին մէջ հասած է գիտական լուրջ արդիւնքներու:
Ինչ խօսք, արտասահմանի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներէն շատերը գիտութեան մէջ լուրջ ձեռքբերումներ կ’ունենան, բայց քիչերն են, որ համագործակցութեան եզրեր կը փնտռեն ու կը գտնեն հայաստանեան գիտնականներու հետ` հազար ու մէկ ձեւով օգնութեան ձեռք մեկնելու մեծ ցանկութեամբ: Տարիներ առաջ Ֆրանսայի Մեցի համալսարանի Մոլեքիւլային բախումներու բնագիտութեան տարրալուծարանի աշխատակից փրոֆէսըր Պետրոս Ջուլհակեան նախաձեռնեց գիտական համագործակցութիւն ՀՀ ԳԱԱ Ճարատարգիտական կեդրոնի (ներկայիս` ՀՀ ԳԱԱ Ֆիզիքական հետազօտութիւններու ուսումնարանի կազմին մէջ) տեսական բնագիտութեան բաժինի վարիչ ֆիզիքամաթեմաթիքական գիտութիւններու դոկտոր Արթուր Իշխանեանի հետ: Համագործակցութիւնը արդիւնաւէտ էր, շարք մը համատեղ գիտական դրամաշնորհներ եղան եւ յաջողութեամբ իրականացուեցան, կատարուեցան զգալի թիւով համատեղ աշխատանքներ, որոնք տպագրուեցան բնագիտութեան ոլորտի յառաջատար միջազգային ամսագրերու մէջ:
2005-ին փրոֆէսըր Ջուլհակեան առաջին անգամ այցելեց Հայաստան` մասնակցելու համար ՀՀ ԳԱԱ Ֆիզիքական հետազօտութիւններու ուսումնարանի «լազերային ֆիզիքա» գիտաժողովի աշխատանքներուն: Այցի ընթացքին ան իր ֆրանսացի գործընկերոջ` փրոֆէսըր Ժոսլան Հանսսենի հետ միասին շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ հայաստանեան պաշտօնակիցներու եւ պետական պաշտօնեաներու հետ: Մասնաւորապէս, հանդիպումներ ու աշխոյժ քննարկումներ եղան Ակադեմիայի նախագահի ու նախագահութեան անդամներու, Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարի ու փոխնախարներու հետ, ԵՊՀ տնօրէնի հետ, Ֆրանսայի դեսպանի ու դեսպանութեան` ճարտարագիտական համագործակցութեան գծով կցորդի հետ: Իբրեւ արդիւնք ձեռք բերուեցան տարատեսակ համաձայնութիւններ ու կնքուեցան քանի մը համաձայնագրեր: Անոնցմէ թերեւս կարելի է առանձնացնել համատեղ ղեկավարութեամբ ասպիրանտներու պատրաստման մեքենականութեամբ երիտասարդ գիտական մարդուժի պատրաստման եռակողմ համաձայնագիրը, որ կնքուեցաւ ՀՀ ԳԱԱ-ի, ՀՀ ԿԳՆ-ի ու Մեցի համալսարանի միջեւ: Համագործակցութեան այս ձեւը յետագային թափ առաւ, ընդլայնուեցաւ եւ սկսաւ լայնօրէն կիրառուիլ: Այսօր այս եղանակով արդէն բազմաթիւ բարձրակարգ մարդիկ պատրաստուած են եւ ներկայ դրութեամբ կան նոր ասպիրանտներ:
Պետրոս Ջուլհակեանի երկրորդ այցելութիւնը Հայաստան տեղի ունեցաւ անցնող Հոկտեմբերին: Կրկին` մասնակցութիւն «լազերային ֆիզիքա» ամենամեայ գիտաժողովի աշխատանքներուն եւ հայ-ֆրանսական համատեղ ղեկավարութեամբ եւս մէկ ասպիրանտի` Հրայր Ազիզբեկեանի թեկնածուական ատենախօսութեան պաշպանութիւն: Բացի այդ, փրոֆէսըր Ջուլհակեան պետական մանկավարժական համալսարանին մէջ հանդէս եկաւ սեմինարով: Տեսական բնագիտութեան եւ բնագիտութեան ուսուցման մեթոտիքայի ամպիոնի վարիչ ֆիզիքամաթեմաթիքական գիտութիւններու դոկտոր Էտուարտ Կոկանեանի բնորոշմամբ` «Պետրոս Ջուլհակեանի ներկայացրած թեման նորոյթ է մեզ համար. Հայաստանում այդ ուղղութեամբ դեռեւս աշխատանքներ չեն տարւում, սակայն վստահեցնում եմ, որ նրա ուսումնասիրութիւնները յետագայում կ’ունենան գիտական լայն կիրառութիւն պլազմային ֆիզիքայի, աստղաֆիզիքայի եւ կենսաֆիզիքայի բնագաւառներում»: Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանի եւ Ֆրանսայի Լորանի համալսարաններու միջեւ նախատեսուած է կնքել համագործակցութեան պայմանագիր, որուն ծիրէն ներս կ’իրականեցուին դասախօսներու, ուսանողներու, ուսումնական ծրագրերու փոխանակում, ինչպէս նաեւ` համատեղ գիտական աշխատանքներ: Պետրոս Ջուլհակեան ընդունած է «Տեսական ֆիզիքայի եւ ֆիզիքայի ուսուցման մեթոտիքայի ամպիոնի» առաջարկը` մէկ ամիս դասախօսութիւններով հանդէս գալու Մանկավարժական համալսարանին մէջ:
Բացի բուն գիտական արդիւնքներու ներկայացումը, սեմինարը առիթ հանդիսացաւ համադրելու գիտութեան ու կրթութեան կազմակերպման մօտեցումները Հայաստանի եւ Ֆրանսայի մէջ: Ան ներկայացուց Լորանի համալսարանին մէջ մանկավարժներու պատրաստման համակարգը, որ, ի դէպ, շատ կը տարբերի հայկականէն, ապա անդրադարձաւ գիտահետազօտական տարրալուծարաններու գործունէութեան առանձնայատկութիւններուն, գիտական աշխատանքներու կազմակերպման եւ գիտութեան ֆինանսաւորման ձեռքբերման ընթացքին: Տարբերութիւնները այստեղ հսկայական են:
Հայաստանի մէջ գիտութեան հանդէպ իշխանութիւններու, մեղմ խօսքով, ոչ այնքան սրտացաւ վերաբերմունքն ու իբրեւ անոր ապացոյց` ֆինանսաւորման անհաւանական չնչինութեան չափը զարմացուցած ու դառնացուցած էր փրոֆէսըրը: Ուշագրաւ է, որ ան, ըլլալով չափազանց զուսպ` նման թեմաներու շուրջ տեսակէտ բարձրաձայնելու մէջ, այնուամենայնիւ «կը պահանջենք գիտութեան ֆինանսաւորման յաւելում» Facebook-եան նախաձեռնութեան էջին մէջ գրած է հետեւեալ խօսուն մեկնաբանութիւնը`
«Թերեւս շատեր անպատշաճ եւ յաւակնոտ նկատեն իմ այս մասնակցութիւնը իբր սփիւռքահայ բնագիտութեան գիտաշխատող եւ դասախօս, այս օրերուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող շարժումին, որ ահազանգ կը հնչեցնէ Հայաստանի պետական կեցուացքին դէմ, որ երկրորդական հարց կը նկատէ գիտութիւններու պահպանումն ու զարգացումը, եւ կոյր է Հայաստանի գիտութէան սպառնացող վտանքին հանդէպ:
Անշուշտ, իմ գիտական մասնագիտութեան սահմաններէն դուրս են երկրի մը գիտական ծրագիրը եւ գիտական քաղաքականութեան հարցը: Ես մակերեսային չափով ծանօթ եմ Հայաստանի իրավիճակին, սակայն ինչ որ կը լսեմ եւ կը տեսնեմ իմ յարաբերութիւններու ընթացքին Հայաստանի գիտաշխատողներուն հետ, զիս կը մղեն արտայայտուելու այս էջերուն վրան: Ես կը կարծեմ, որ իմ պարտականութիւնն է չլռել եւ իմ աղի հատիկը աւելցնել այս շարժումին:
Ինչպէ՞ս կարելի է լռել
–տեսնելով իմ հայատանցի գիտական գործակիցներու հերոսական (այո հերոսական) ջանքերը ողջ պահելու համար Հայաստանի գիտական մակարդակը:
Ինչպէ՞ս կարելի է լռել
– տեսնելով, որ ոչ մէկ կարելիութիւն կը տրուի երիտասարդ post-doc-ներուն վերադարձին:
Ինչպէ՞ս կարելի է լռել
– երբ գիտաշխատողները կը վերածուին անգործներու:
Ամէն աշխատանք արժանի է վարձատրանքի: Ինչո՞ւ ուրեմն Հայաստանի գիտաշխատողները չունենան պատշաճ եկամուտ, որ իրենց զերծ պահէ նիւթական մտահոգութիւններէն, որպէսզի կարենան նուիրուիլ ամբողջովին իրենց աշխատանքին:
Ես պիտի չթուեմ բոլոր դժուարութիւնները եւ Հայաստանի հարցերը այս առնչութեամբ: Այդ մասին կը գրեն ինձմէ աւելի տեղեակ աշխատակիցներ, որոնք կ’առաջարկեն նաեւ լուծումներ: Ես կը հաւատամ, որ միջոցները կան Հայաստանի մէջ դժուարութիւնները յաղթահարելու: Կը պակսի քաղաքական կամեցողութիւնը: Պէտք է ուրեմն սթափեցնել պատասխանատուներուն կամեցողութիւնը»:
Արդեօ՞ք երկրի ղեկավարութիւնն ու ոլորտի պատասխանատուները ունին կամեցողութիւն` լսելու յարգարժան փրոֆէսըրի եւ հայկական գիտական հանրութեան ձայնը, ունի՞ն ունակութիւն` կատարելու համապատասխան հետեւութիւններ, եւ արդեօ՞ք ունին ցանկութիւն` երկիրը մտաւոր աղէտի չհասցնելու, այլ գործելու, շտկելու վիճակն ու ապահովելու երկրի զարգացումը` յենուելով գիտութեան արդիւնքներուն վրայ, զարգացնելով երկրի մտաւոր կարողականութիւնը, եւ գիտատար ու գիտելիքահենք տնտեսութիւն ստեղծելով:
ՄԱՆԷ ՅԱԿՈԲԵԱՆ