Հայ մամուլի յարգարժան ներկայացուցիչներ, սիրելի՛ հարազատներ եւ բարեկամներ,
Այսօրուան աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ տիրող կործանարար պատերազմներու եւ սուր հակամարտութիւններու օրերուն, բոլորս միասնաբար պիտի ուզենք անձկագին դիմել Քրիստոսով մեզի շնորհուած յոյսի աղբիւրին: Ս. Զատիկը՝ Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնը, մեզի կը յիշեցէ, մեր կեանքի նոյնիսկ ամենամութ պահերուն, հաւատքի եւ փրկութեան անստուեր լոյսը, որ կը շողայ մեր հոգիի երկնակամարին վրայ։
Հակառակ մեր առջեւ ծառացած պատերազմներուն եւ նիւթաբարոյական բազմատեսակ մարտահրաւէրներուն, մենք պէտք չէ կորսնցնենք հաւատքը նամանաւանդ աւելի լաւ ապագայի մը հանդէպ: Քանզի մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը կը խորհրդանշէ կեանքին յաղթանակը մահուան դէմ ու մեզ կը ներշնչէ այն ամուր երաշխիքով, որ կեանքը աւելի զօրեղ է, քան իւրաքանչիւր արհաւիրք, կործանում եւ յուսահատութիւն:
Ամէն խաչ մեզ դէպի լոյս կ’առաջնորդէ, դէպի նոր կեանք, եւ իւրաքանչիւր Աւագ ուրբաթ՝ դէպի նորահրաշ Ս. Զատիկ։ Քրիստոնէութեան անիմանալի խորհուրդն է այս, որ հաւատազգած մարդիկ, թէկուզ իրենց ամենախոր տանջանքներուն եւ ամենասեւ գիշերուան մէջ, իրենց բոլոր դժուարութիւններուն եւ տառապանքներուն ընդմէջէն յանկարծ իրենց ներսիդին կը զգան յարուցեալ Քրիստոսի փրկարար եւ իրական ներկայութիւնը։
Թող այս տարուան Զատիկը մեզ կրկին յորդորէ, որ մեր պապերուն մեզի աւանդած հաւատքին եւ յոյսին շնորհիւ մենք մեր հոգիին խորքը ունինք մշտանորոգ եւ անսպառ ներուժ մը՝ միշտ յարատեւելու եւ անխախտ շարունակելու մեր ազգային գոյապայքարը նոյնիսկ մեր դէմ ծառացած ներհակ ուժերուն՝ յանուն խաղաղ կեանքի, սիրոյ եւ արարչագործ աշխատանքի։
Զատկական յառաջիկայ տօնակատարութեան այս ոգիով տոգորուած՝ ձեզի կը յղեմ իմ սրտաբուխ եւ ամենաջերմ շնորհաւորանքները։ Թող մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութեան բերկրանքը լեցնէ ձեր սիրտը եւ տայ ձեզի քաջութիւն ու յոյս ապագայի նկատմամբ։
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց – Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի։
Ամենայն բարեաց մաղթանքով մնամ ձերդ՝
Տ․ Աբէլ քհնյ․ Մանուկեան
Ժընեւ, Ս․ Զատիկ 2024