Նախաձեռնութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ գործակցութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, հինգշաբթի, 25 յունուար 2024-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը «Զաւարեան մատենաշար»-ի վերահրատարակուած 6 հատորներուն` Քրիստափոր Միքայէլեանի «Յեղափոխականի մտքերը», Գարեգին Խաժակի «Ի՞նչ է ազգութիւնը» եւ «Ի՞նչ է դասակարգը», Յովհաննէս Քաջազնունիի «Ազգ եւ հայրենիք», Ալեքսանտր Խատիսեանի «Քաղաքապետի մը յիշատակները», Լեւոն Շանթի «Ազգութիւնը հիմք մարդկային ընկերութեան»:
Շնորհահանդէսին ընթացքին խօսք առին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչական տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, մատենաշարի խմբագիր Կարօ Յովհաննէսեան, միջազգայնագէտ դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: