«Զինծառայողների ապահովագրութեան հիմնադրամը» 24 Յունուարին միանուագ 10 միլիոն դրամ փոխանցած է առաջին խումբի հաշմանդամ, շարքային զինուոր Արսէն Արտաւազդի Յովակիմեանին:
Վիրաւոր զինուորի ընտանիքին՝ 20 տարուայ ընթացքին՝ պիտի տրամադրուի նաեւ ամսական 200,000 դրամ:
24 Յունուար 2018-ի դրութեամբ՝ հիմնադրամով նախատեսուած գումարներ ստացած են 23 զոհուած զինուորներու ընտանիք եւ 11 վիրաւորուած (հաշմանդամ) զինուոր: