ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Սովոր է եղած, երկար ժամանակէ ի վեր, գրիչը առնել ու գրել Պանք Օթոմանի մասին: Պատճա՞ռը, պարզ ու մեկին. ստացուած դաստիարակութիւնն է:
Այո՛, պատանեկանի օրերէն սկսեալ մինչեւ չափահաս տարիք, իրերայաջորդ սերունդներու ջամբուեցաւ, աւելի՛ն. հոգիին ու մտքին մէջ ամրապնդուեցաւ հայ յեղափոխական պատմութենէն այնպիսի դրուագներ, դիպաշարեր թէ հերոսական դէմքերու կերպարներ, որոնք, օրին, եթէ երբեք մէկ կողմէ նպաստեցին տեսակի ու դիմագիծի մը ստեղծման, ինքնաճանաչութեան, ինչպէս նաեւ` ռոմանթիկ աշխարհի մը «կառուցումին», ապա միւս կողմէ` դաստիարակչական նմանօրինակ ծրագիրներու գոյութիւնը, աներկբայօրէն, կրցաւ սերունդներու յուզաշխարհը աշտարակել, կամքը կռանել եւ Արարատին հասնելու երազանքը անմար պահել, շօշափելի դարձնել:
Եւ ահա, արդի ժամանակներու ստեղծած թոհուբոհին, կեանքի առհասարակ դաժան փոփոխութիւններու լոյսին տակ, բայց մանաւանդ` համաշխարհայնացումի թէ գիտութեան սրընաց նուաճումներուն պարտադրանքին ներքեւ, մասնաւորաբար հայութիւնը` ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի, դէմ յանդիման կը գտնուէր լուրջ եւ ուժեղ մարտահրաւէրներու, որոնց շրջանցումով պիտի կարենար յաղթահարել որոշ դժուարութիւններ, պահել «գլուխ»-ը, տոկալ, պաշտպանուիլ, գէթ մօտիկ ապագայի հաշուոյն:
Փաստօրէն, անհայրենիք սերունդներու համար լեզու, մշակոյթ եւ ինքնութիւն պահպանելու միջոցները ի՞նչ էին եւ ե՛ն, եթէ ոչ դպրոց, ակումբ եւ եկեղեցի, որոնք, սապէս փոխարինած էին հայրենի հողը, ջուրը, օդը եւ Արարատի ջերմութիւնը:
Հարկ է ընդգծել նաեւ, որ ուսումնակրթական, մանկավարժական թէ քննական մտքի ու դաստիարակութեան տարատեսակ մեթոտներու հեղեղի մը ներկայութիւնը պարզուեցաւ, յատկապէս վերջին 25 տարուան ընթացքին, ինչ որ պատճառ դարձաւ բազմաթիւ ոլորտներու եւ կացութիւններու յեղաշրջումին, փոփոխութեան:
Նաեւ` մտայնութեան, մօտեցումի եւ աշխատելաոճի նորովի ըմբռնումին:
Ինչեւէ:
Խախտելով աւանդական յօդուածի մը դասական ընկալումը, որոշեցի գէթ այս անգամ, փորձի մը սահմաններու ընդմէջէն, Պանք Օթոմանի աքթը կիզակէտի նիւթ դարձնել եւ առանց վերապահութեան անդրադառնալ անոր իմաստին, խորհուրդին եւ թելադրականութեան: Սա ոչ թէ դիմացինս համոզելու կամ քարոզաբոյր յորդորներ մատուցելու կը միտի, այլ` սեղմ քննարկումի մը ընդմէջէն անոր հետ հաղորդակցելու:
Ի դէպ, զրուցակիցս կրնայ ըլլալ տարբեր տարիքի, անկուսակցական, ուսուցիչ, մանկավարժ, ոչ գաղափարակից, լեզուաբան, հայագէտ, լրագրող, բժիշկ, գործարար, կրօնաւոր, քաղաքական գործիչ, արհեստաւոր թէ տարբեր ասպարէզի տէր հայորդի:
Ամենակարեւորը, սակայն, հայ ըլլալու հանգամանքն է: Որովհետեւ հայեցի դիմագիծն ու պատկանելիութեան զգացողութիւնը էական ազդակներ են, պահելու հարցադրումներու լրջութիւնը եւ պաշտպանելու ազգային արժեհամակարգը:
Յայտնենք, որ Պանք Օթոմանի աքթը լոյսին կը բերուի, պարզապէս յիշատակի օրուան առիթով, որուն կարելի է աւելցնել բազում արարքներու եւ դիպաշարերու տեսականի:
Սիրելի՛ զրուցակից,
Աւելի քան 125 տարի առաջ յեղափոխական արարքի մը գոյութիւնը, որ ցարդ պահած է որոշ շրջանակի մը համար իր հնչեղութիւնը, ինչպէս օրին, նաեւ այսօր քեզ կը սրտնեղէ, որովհետեւ դուն չես համոզուած տուեալ աքթի թողած արձագանգով եւ կամ խորհուրդով: Չես համոզուած, ըստ երեւոյթին, որովհետեւ դատողութեամբդ, ինչ որ ճիշդ կրնայ ըլլալ, տուեալ աքթը ունեցած է կազմակերպչական թերութիւն, իր մէջ կը բովանդակէ այդ օրերու ռոմանթիկ զգացողութիւն, թիրախի անյարմարութիւն, միամիտ վերաբերում, բայց մանաւանդ` պատճառ դարձած է քանի մը հազար պոլսահայերու սպանդին (սա արդէն անառարկելի փաստ է):
Կրկնելու գնով ըսենք, թուրքին համար պատճա՞ռ կը պակսէր ի գործ դնելու տեսականի սպանդ ու հայատեացութեամբ յագեցած հալածանքներ:
Այդուհանդերձ, կայ ճշմարտութեան միւս երեսը, մեր պատմութեան դաժան հոլովոյթը, ստրկամտութիւնը, ջոջականութիւնը, ամիրայական զեխութիւնը, թուրքին բարբարոսութիւնը, հայ պահպանողական խաւի լկտիութիւնը, դաւաճաններու եւ լրտեսներու գոյութիւնը, նաեւ ազգային զարթօնքը, Խրիմեան Հայրիկի անժամանցելի ու վսեմ պատգամը` «երկաթէ շերեփ»-ը:
Ի զուր չէ յիշել, որ դարերու խտացուած հայոց գաղափարական արժանիքները, որոնք լոյսին եկան հայ յեղափոխութեամբ եւ անկրկնելի տղաներու անմնացորդ նուիրումով` դարձան զրահ ու վահան իրերայաջորդ սերունդներու:
Մի՞թէ «Վէրք Հայաստանի»-ն ծնունդը չէ վերոնշեալ ընդգծումին, որ, իր կարգին, եղաւ սնուցիչ տարրը հայ ինքնութեան եւ հայրենիքի պաշտպանութեան բացավառումին:
Միքայէլ Նալպանտեանի, Գամառ Քաթիպայի ու այլոց միտքերն ու խօսքերը ռոմանթիկ հայրենասիրութեան բայց ճշմարիտ գաղափարայնութեան դրսեւորումներ չէի՞ն, որոնք սերունդներու դաստիարակութեան կիզակէտը հանդիսացան:
Խրիմեան Հայրիկի հայաբոյր պատգամն ու նուիրական աշխատանքը մի՞թէ իրենց մէջ ռոմանթիզմ չէին պարունակեր` ընդդէմ ե՛ւ ուժի, ե՛ւ շահերու բախումին, ե՛ւ քաղաքական աճպարար կեանքին, որոնց հետեւանքով հայութիւնը թաղուած էր խաւարի տիղմին մէջ` առանց յոյսի եւ լոյսի նշոյլին:
Հայութիւնը մխրճուած էր հոգեկան քաոսի մէջ եւ դարձած անոր ստրուկը:
Փաստօրէն, ինչպիսի՞ բացատրութիւն տալ թուրք զազրութեան այն բարբարոս վերաբերումին, երբ ան նախաձեռնեց եւ գործադրեց 1895-96 տարիներու սպանդը, անշուշտ, քաջալերուած մեծ պետութիւններու իրերամերժ պայքարներու գոյութենէն: Հաւաքական նախճիր, որուն զոհ գացին 300.000 հայ անմեղներ:
Այս ալ պէտք է վերագրել հայ յեղափոխութեան կամ անոր հետեւանքին:
Վեց հարիւր տարուան ստրկութենէ ձերբազատելու եւ սեփական ուժին եւ կամքին ապաւինելու նախնական քայլեր չէի՞ն, օրին, երբ հայութիւնը, շնորհիւ իր յեղափոխական եւ ազնուահոգի տղաներուն, կրցաւ իր «ոչ»-ը ըսել ու նետուիլ պայքարի դաշտ, թէեւ ուշացած:
Իրօք, պայքար, երբեմն շատ նախնական, զգացականութեամբ տարուած, շատ անգամ աննպատակայարմար, յատկապէս Սասնոյ լեռներու գագաթին թէ խճողուած քաղաքներու սրտին, այդուհանդերձ, պատմութեան իսկ վկայութեամբ, եթէ երբեք չըլլային հերոսածին տղաները, գաղափարական մտքի տէր առաջնորդները եւ հայու մարտական ոգին, հայոց դաժան ճակատագրին պիտի հետեւէր վատագոյնն ու աննկարագրելին` ազգի մը բնաջնջումը, միանգամընդմիշտ, նախքան Մեծ եղեռնը:
Սիրելի՛ զրուցակից,
Ո՞վ կրնայ ուրանալ հայ մտքի ու հոգիի զարթօնքին առընթեր, նաեւ այդ օրերու յեղափոխական տրամադրութիւններու տակաւ լոյսին գալը: Փաստօրէն, Մկրտիչ Փորթուգալեանի եւ նմաններու նախաձեռնութեան ոգին` յանուն հայ մտքի ու կամքի ջրդեղումին, միթէ որոշակի ռոմանթիզմով չէ՞ր պարուրուած:
Եւ ահա, ազգային զարթօնքի տարերային պոռթկումին կը յաջորդէր նաեւ կազմակերպութիւններու եւ կուսակցութիւններու նախաձեռնութիւնը, գիտակցական ու յեղափոխական աշխատանքի լծուելու հրամայական պահանջը:
Եւ ի՞նչ պէտք էր ակնկալել այդ օրերու հրաշափառ մթնոլորտին, ահռելի պայմաններու մէջ ծնունդ ու հասակ առած երիտասարդութենէն, որ այլեւս գիտակից էր կացութեան, իր մորթին վրայ կը զգար թուրքի եաթաղանը, իր սեփական աչքերով տեսած էր հայուն կոտորածը, գիւղերու եւ աւաններու հրոյ ճարակ դառնալը:
Անկրկնելի յեղափոխական եւ հզօր կամքի տէր քսանամեայ Բաբգէն Սիւնիէն ի՛նչ պէտք էր սպասել, եթէ ոչ այնպիսի հարուած հասցնել թշնամիին, իր իսկ որջին մէջ, այս պարագային, գրաւել դրամատուն մը ու եւրոպացիներու ուշադրութիւնը սեւեռել` հայութեան դժբախտ կացութեան վրայ:
Բաբգէն Սիւնին եւ անոր գաղափարակից ընկերները (Արմէն Գարօ, Հրաչ Թիրիաքեան, Վարդան Շահպազ ու այլք) չէի՞ն գիտեր, որ թուրքին չափ նաեւ տուեալ եւրոպական պետութիւնները մեղսակից էին հայութեան ճակատագրին:
Ո՛չ, սիրելի զրուցակից, պատմութեան որեւէ արարք, ինչ ալ ըլլայ անոր ներքին ու արտաքին պատճառները, հետեւանքները, պէտք չէ դիտել այսօրուան ակնոցով, այլ հարկ է զատորոշել ճիշդը սխալէն, հասկնալ ատենի մտայնութիւնն ու կարելիութեան սահմանները` ենթակայական եւ առարկայական պայմանները:
Մենք քաջ հաւատացողն ենք, որ մեր զրուցակիցը հետամուտ է երեւան հանել նաեւ կարգ մը իրաւացի նկատառումներ, անցեալի դէպքերը խորապէս քննելու հարց կը դնէ, տղայական թէ տեղայնական մտայնութենէ ձերբազատելու հրաւէր կ՛ուղղէ, յայտնապէս նորահաս սերունդին փոխանցելու որեւէ արարքի մը ամբողջական պատկերը, իսկութիւնը:
Նաեւ կը հասկնանք, որ մեր արդի պատմութեան, յեղափոխական շրջանի այս կամ այն պատումը այդքան ալ չէ «բացայայտուած», պեղուած, հազար ու մէկ բացատրութեամբ (որուն կարելի է երկար անդրադառնալ), այդուհանդերձ, մեր մեղադրանքը կը բխի այն իրաւ ու աննախապաշար հասկացողութենէն, որ «անցեալը պէտք չէ սպաննել», այլապէս հաճոյանալով այս կամ այն շրջապատին, աւելի՛ն. քար դնելով սեփական խղճի ու մտքին վրայ, պարզապէս այս օրերու դատողութենէ կամ մօտեցումներէ թելադրուած:
Այո՛, հայոց արդի պատմութեան յեղափոխական շրջանը, հասնելով մինչեւ արցախեան գոյամարտ, աւելի վիպապաշտութիւն եւ ռոմանթիզմ կը պարունակէ, քան քաղաքական մտքի հասունութիւն, տեսլապաշտութիւն եւ անկաշառ դատողութիւն:
Ահա եւ հայութեան դիմաց դրուած, դարերէ ի վեր, մեծագոյն հարցադրումը. ինչո՞ւ մեր հաւաքական կեանքի գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ բացակայ է եղած իրար հասկնալու եւ ըմբռնելու հրամայական պահանջը, եւ բացառապէս ծառայելու սեփական ազգի ու պետութեան շահերուն:
Նշեալ սերունդի ներկայացուցիչ մը եղած է Բաբգէն Սիւնին, որ, հակառակ իր երիտասարդ տարիքին (22 տարեկան), կրցաւ իր կամքը պարտադրել թուրքին` զայն հարուածելով իր որջին մէջ:
Իսկ դար մը ետք, Հայաստանի պետականութեան վերընձիւղումով եւ հայոց բանակի կազմաւորումով` հայութիւնը, այս անգամ կը հաստատագրէր իր ապրելու իրաւունքը, Արցախն ու Հայաստանը պաշտպանելու վճռակամութիւնը:
Փաստօրէն, վերջին երկու տարուան հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ պատահած իրադարձութիւններու խորապատկերին ի տես, ի՞նչ պէտք է ընդգծել, հաստատել, համոզումի տարրեր արձանագրել: Արդեօք միամտութիւնն ու դաւաճանական կարգ մը արարքները ուղղակի պատուհաս չեղա՞ն ազգի գլխուն, որոնց հետեւանքով հայոց ազգային արժանապատուութիւնն անգամ խնդրոյ առարկայ դարձաւ:
Ո՛չ, յանցաւորներ ու մեղադրեալներ փնտռելու ժամանակը վաղուց չքացած է, չքացած պէտք է ըլլայ բոլորիս համար, որովհետեւ մեր օրերուն ոչ միայն հայութեան, այլ Հայաստանի գոյութիւնը վտանգուած է, ա՛լ ուր մնաց ճղճիմ հաշուարկներու զոհ դառնալն ու միմոսութեամբ զբաղիլը:
14 օգոստոս 1896-ին, երբ խումբ մը քաջարի տղաք, ՀՅ Դաշնակցութեան դրօշին ներքեւ ներխուժեցին Պանք Օթոման եւ իրենց պահանջագիրը ներկայացուցին, խորքին մէջ զանոնք մղողն ու խայծ տուողը` ազգային արժանապատուութիւնն էր, յեղափոխականի իրենց կուռ համոզումը, կամքը:
Գործողութիւնը ունէր լայն առաջադրանք: Սամաթիոյ մէջ պատրաստուած էին յեղափոխական տղաներ, որոնք իրենց կարգին ահ ու սարսափի պիտի մատնէին թրքական զօրքերը: Դաշնակցական տղոց շարքին էին Խաչիկ Գնունի, Արտաշէս Միսաքեան, Արտաշէս Անդրիասեան եւ ուրիշներ: Ցաւ ի սիրտ, հայ լրտեսները կը յաջողին բացայայտել գործողութիւնը: Տղաքը կը պաշարուին եւ մինչեւ մահ կը կռուին: Անոնք չեն յանձնուիր եւ ուժանակով վերջ կու տան իրենց սրբազան կեանքին:
Ճիշդ է, որ եւրոպացի քաղաքական գործիչներու միջնորդութեամբ եւ թուրքի խորամանկ թոյլտուութեամբ ողջ մնացած տղաները դուրս կու գային Պոլիսէն եւ կը փոխադրուէին ֆրանսական «Ժիրոնտ» նաւով դէպի տարբեր քաղաքներ, անոնք կռուի դաշտին վրայ կը ձգէին սրբալոյս նահատակներ, քաջարի դիմադրութեան եւ ուժեղ հարուածի պատմութիւն մը եւ յեղափոխական տղու կերպարի յիշատակը:
Այո՛, սիրելի զրուցակից, պատմական դէպքերն ու դէմքերը պէտք է, որ խոր եւ մանրազնին քննարկումի ենթարկուին, առանց բացառութեան, արժեչափ եւ չափանիշ ունենալով` նախ ազգային անաչառ դատողութիւնն ու զգայնութիւնը, ապա` տուեալ մարզի պարտադրած գիտականութիւնը, այսինքն` արխիւներու օգտագործում, լուրջ ուսումնասիրութիւն եւ քննական մտքով արժեւորում:
Հայ մարդը վաղուց անտի պէտք է մէկդի շպրտած ըլլայ ներազգային կեանքի մէջ առկայ յոռի երեւոյթները, միջկուսակցական պայքարի տխուր հետեւանքները, այս կամ այն ղեկավարի, պատասխանատուի, պետական այրի, հոգեւոր առաջնորդի եւ կամ դրամատէրի հանդէպ պաշտամունքի մօտեցումը:
Փաստօրէն, 21-րդ դարու առաջին քսանամեակին, երբ ազգովին կը յոխորտայինք, որ «դարը մերն է լինելու», ահա եւ տանուլ տուինք արեամբ ազատագրուած Շուշին եւ Արցախ աշխարհը:
Եթէ կայ յանցաւոր մը, այդ ալ հայութիւնն է իր բոլոր շերտերով եւ գոյներով, որ չկրցաւ քաղաքական, դիւանագիտական, տնտեսական ու զինուորական առաւել նուաճումներ արձանագրել, պետականութեան խոր իմաստը ըմբռնել, պատմութենէն դասեր քաղել, ատելութիւնն ու իրերամերժութիւնը վանել, տարբեր ժողովուրդներու անցած ուղին արժեւորել եւ լծուիլ հզօր Հայաստանի մը կերտումին:
Ուստի, Պանք Օթոմանը, Լիզպոնի գործողութիւնը եւ բազում հրաշատիպ արարքներ, մեզի համար աւելի քան ուսանելի աքթեր են եւ պիտի մնան իբրեւ այդպիսին, բաղդատած այս օրերու խայտառակ ու զզուելի իրադարձութիւններուն:
Սիրելի՛ զրուցակից, փափաքելի է ընթերցել, լսել, տեսնել, հոգեպէս եւ մտովին շօշափել ձեր խօսքը, անաչառ ու քննական մտքով, այսօրուան Հայաստանի մէջ պատահած պետական մակարդակի ապիկարութեան, խաղքութեան, ազգակործան ու ապազգային երեւոյթներուն մասին, որովհետեւ նոր Հայաստան ունենալու իմ եւ քու, բոլորիս երազանքը տակաւ փուլ կու գայ, իսկ սրբազան Արարատին հասնելու ճիգը օր ըստ օրէ կը նուաղի:
Տէրը ընդ ձեզ: