Երկարատեւ սպասումէ ետք կազմուած կառավարութիւնը ժամանակին հետ մրցելով լծուած է խոստմնալից քայլերու գործադրութեան, ինչ որ կրնայ զարկ տալ իր գործունէութեան ամէնէն տարրական գործօնին` ժողովուրդին մօտ վստահութեան վերահաստատման:
Այս ծիրին մէջ կարեւոր նախաքայլ մըն էր երէկ կառավարութեան անդրանիկ նիստը, որուն աւարտին յայտարարուած որոշումները գոհունակութեան դրական մթնոլորտ ստեղծեցին քաղաքացիներուն մօտ: Արդարեւ, քաղաքացիներու տարրական կարիքները հոգալու ծիրին մէջ որոշուեցաւ մինչեւ այս տարեվերջ երկարաձգել նախորդ կառավարութեան տուած որոշումը` բացառապէս համացանցի գործունէութեան տարողութեան արագութիւնը կրկնապատկելու գծով, առանց յաւելեալ վճարումի:
Տարրական այլ կարիքի մը` ելեկտրականութեան գծով նախարար Ուալիտ Ֆայեատ նախարարաց խորհուրդի նիստի աւարտին «աւետեց», թէ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատունը հարիւր միլիոն տոլարի վարկ պիտի տրամադրէ ելեկտրական հոսանքի ապահովման համար: Նախարար Ֆայեատ խոստացաւ աւելցնել ելեկտրական հոսանքի հայթայթման ժամերը` անհրաժեշտ նախապատրաստական քայլերու ամբողջացումէն ետք:
Յառաջիկայ գարնան նախատեսուող խորհրդարանական ընտրութեանց գծով եւս ներքին գործոց նախարար Պասսամ Մաուլաուի հաստատեց, որ ընտրութիւնները պիտի կայանան ճշդուած թուականին, տեղական թէ արտերկրի մակարդակով: Ան նաեւ «աւետեց», թէ միջազգային օժանդակութեանց կողքին, կառավարութիւնը պիտի հոգայ ընտրութեանց նախապատրաստական անհրաժեշտ ծախսերը` նկատի ունենալով, որ այս մարզը գերիշխան ծառայութեան մարզ է:
Նախագահ Միշէլ Աուն դրական այս քայլերու իրագործման մաղթանքով շնորհաւորեց նորակազմ կառավարութիւնը` մաղթելով, որ յատուկ առաջնահերթութիւն տրուի քաղաքացիներու տարրական եւ հրատապ հարցերու թէ կարիքներու լուծման ինչպէս` հատուցման քարտերը, ելեկտրականութիւնը, վառելանիւթը եւ այլն:
Իսկ վերջին օրերուն վառելանիւթի, յատկապէս` վառելանիւթի կայարաններէն երկար շարքերու «անհետացումը» նոյնքան կարեւոր երեւոյթ է, որ կը բացայայտէ, թէ այս մարզին դէմ ցցուող արգելքները եւս կարելի է հարթել:
Այս գծով գոհունակութիւն առթող որոշում էր նաեւ Թլէյլի պայթումին հարցը Արդարատութեան խորհուրդին փոխանցելու կառավարութեան որոշումը:
Նախարարաց խորհուրդի որոշումներու ծիրին մէջ ուշագրաւ էր նաեւ լիբանանեան պատուիրակութեան կազմութիւնը, որ պիտի բանակցի միջազգային դրամական ֆոնտին հետ, քայլ մը, որ նոյնպէս կը հարթէ շատ մը առկախ հարցերու լուծման ընթացքը:
Տակաւի՛ն, աշխատանքի նախարար Մուսթաֆա Պայրամ երէկ երեկոյեան պատկերասփռուած յայտարարութեամբ մը խոստացաւ նախ եւ առաջ լծուիլ սեփական մարզի աշխատաւորներու թէ պաշտօնեաներու ամսաթոշակներու յաւելման որոշումի բանաձեւման ու շուտափոյթ գործադրութեան:
Կը մնայ նշել, որ նոր նշանակուած նախարարներու դրական ու խոստմնալից յայտարարութիւնները գոհունակութեան որոշ մթնոլորտ ստեղծեցին, ինչ որ կրնայ իր դրական անդրադարձը ունենալ նաեւ լիբանանեան թղթոսկիի վերարժեւորման ուղղութեամբ: Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ էր, օրինակ` Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, Ուալիտ Ժոմպլաթի կոչը «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ, ուր ան կոչ կ՛ուղղէ քաղաքական թէ այլ կողմերուն` զօրակցելու կառավարութեան, նկատի ունենալով անոր առջեւ ցցուող բազմապիսի արգելքները:
Ժոմպլաթի այս կեցուածքը կանխած էր վարչապետ Նեժիպ Միքաթի` ընդգծելով, որ քաղաքացիներու տարրական կարիքներու գոհացումը առաջնահերթ քայլ պիտի նկատէ իր գլխաւորած կառավարութեան գործունէութեան մէջ:
Նաեւ` Արտաքին Զօրակցութիւն
Տեղական դրական նախանշաններուն զուգահեռ, նոյնքան խոստմնալից ու քաջալերական են նաեւ արտաքին մակարդակի վրայ ցուցաբերուող զօրակցական կեցուածքները: Արդարեւ, վարչապետ Միքաթիի Ֆրանսա այցելութեան առիթով յուսադրիչ էր նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի զօրակցական կեցուածքը, որ կը խոստանայ դարձեալ կազմակերպել Լիբանանի զօրակցութեան յատուկ օժանդակող երկիրներու խորհրդաժողով մը, եւ այս գծով կը նախատեսուի, որ մօտերս ֆրանսական պատուիրակութիւն մը Լիբանան հասնի:
Նոյն ծիրին մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Ռալֆ Թրաֆ երէկ վերահաստատեց միութեան զօրակցութիւնը Լիբանանի կառավարութեան քայլերուն` բարեկարգչական քայլերու արդիւնաւէտ ազդեցութեան պարագային: Նմանապէս, ուշագրաւ են ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքայի հանդիպումները երկրի զանազան կողմերուն թէ պետական պատասխանատուներուն հետ: Այս ծիրին մէջ ան երէկ տեսակցեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ` վերահաստատելով միջազգային այս կազմակերպութեան զօրակցութիւնը նորակազմ կառավարութեան:
Իսկ իրաքեան նաւթատար նաւուն լիբանանեան ծովեզերք ժամանումը դարձեալ քաջալերական եւ խոստմնալից քայլ կը նկատուի: Այս քայլը կը զուգադիպի նոյն մարզին գծով իրանեան մազութ փոխադրող նաւուն ժամանումին լիբանանեան սահման:
Միւս կողմէ, Իրաքի վարչապետն ու խորհրդարանի նախագահը կապ հաստատեցին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ` ցաւակցութիւն յայտնելով Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Ամիր Քապալանի մահուան սուգին առիթով: Ասիկա առիթ եղաւ իրաքեան զօրակցութեան վերահաստատման համար:
Նաեւ Թուրքիա
Թուրքիա իր կարգին հեռու չէ լիբանանեան հրապարակի անցուդարձերէն: Այս ծիրին մէջ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Չաւուշօղլու երէկ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ` շնորհաւորելով զինք կառավարութեան կազմութեան առիթով:
Իսկ Թուրքիոյ դեսպան Ալի Ուլուսոյ այցելեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, որուն հետ խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին երկու երկիրներու բանակներուն առնչուող հարցեր:
Այսքան համբերելէ ետք, լիբանանցիք տակաւին անհամբեր կը սպասեն խոստմնալից քայլերու իրագործման, որոնց արդիւնքը կը թուի գէթ այս անգամ մօտալուտ ըլլալ: