«Արմէնիա փրոտաքշըն» ընկերութիւնը բանակցութիւններ կը վարէ համաշխարհային մեծութեան դերասաններու եւ բեմադրիչներու հետ` Կոմիտաս վարդապետի մասին պատմող աշխատանքային «Пациент» անուանումով շարժանկարին ստեղծման մէջ ներգրաւելու համար: Այս մասին` ըստ Armenpress.am-ի` յայտնած է ընկերութեան գլխաւոր արտադրող Վալերի Սահարեան, նշելով, որ «Пациент» շարժանկար ստեղծմամբ կը մեկնարկէ «AP films»-ի նոր «մեկա» նշանակութեան նախագիծերուն շարքը:
«Այժմ բանակցութիւններ են տարւում, կայ վարկած, որ շարժանկարի ռեժիսորը կը լինի Էմիր Գուսթուրիցան, սակայն սա վերջնական չէ, քննարկւում է նաեւ չեխ եւ ամերիկացի հանրայայտ կինոռեժիսոր Միլոշ Ֆորմանի թեկնածութիւնը»,- ըսած է Սահարեան: Անոր խօսքով` հակառակ իր ողջ յարգանքին եւ սիրուն` սերպ բեմադրիչ, Եւրոպայի խոշորագոյն փառատօներու բազմաթիւ մրցանակներու դափնեկիր Գուսթուրիցայի ստեղագործական գործունէութեան հանդէպ, այնուամենայնիւ, անոր բնորոշ է շարժանկարի arthouse ոճը, որ կրնայ միանշանակ չընկալուի Կոմիտասին անդրադառնալու ժամանակ:
«Ֆիլմում կը ներկայացուի Կոմիտասի կեանքի պատմութիւնը, ֆիլմի անուանումն էլ պատահական չէ, քանի որ այն նկարագրում է մեծ երգահանի հոգեբուժարանում յայտնուելու պատճառները»,- աւելցուցած է Սահարեան:
«Пациент» շարժանկարի ստեղծման գաղափարը ընկերութիւնը ունի շատ կանուխ: Համաշխարհային մեծութիւն ունեցող բեմադրիչներէն շարժանկարին մէջ պիտի մասնակցին նաեւ անուանի դերասաններ: Շարժանկարը պիտի նկարահանուի անգլերէնով` նկարահանման աշխատանքները պիտի մեկնարկեն բանակցութիւններու աւարտէն ետք 2013-ի ընթացքին: