ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Թուրքիոյ «Անատոլու» պետական լրատուական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Էրզրում նահանգի Ուզունտերէ շրջանին մէջ գտնուող հայկական Օշավանք եկեղեցին պիտի վերակառուցուի զբօսաշրջութեան նպատակներով։
Այս մասին յայտարարութիւն մը կատարած Էրզրումի նահանգապետ Օքայ Մեմիշ Ուզունտերէ շրջանի ղեկավարին ու համանուն քաղաքի քաղաքապետին հետ շրջեցաւ Էրզրումի պատմամշակութային վայրերը՝ քննարկելով տարածքին մէջ ներդրումային շարք մը ծրագիրներ:
12րդ դարուն կառուցուած հայկական Օշավանքը (յայտնի՝ նաեւ Օշվանք, Օշկվանք անուններով) թուրք նախարարը ներկայացուց՝ իբրեւ «վրացիներէն մնացած ժառանգութիւն» եւ խոստացաւ զայն դարձնել զբօսաշրջութեան կեդրոն: