ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Շարժապատկերի ակադեմիոյ թանգարանը կը հաղորդէ, թէ իր Հոգաբարձութեան անդամներէն մէկը դարձած է տոքթ․ Էրիք Իսրայէլեան, որ տարիներով մօտէն գործակցած է թանգարանին հետ եւ նեցուկ կանգնած է յատկապէս անոր կրթական նախաձեռնութիւններու:
Բարեսիրական աշխատանքներով ծանօթ Էրիք Իսրայէլեան արտադրած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Խոստումը» ֆիլմը, ինչպէս նաեւ այդ ֆիլմին արտադրութեան եւ Ցեղասպանութեան ուրացման արշաւին վերաբերող «Ինթենթ Թու Տիսթրոյ» ֆիլմը: