Երէկ յետմիջօրէին հանդիպում մը կայացաւ նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քուպիչի միջեւ: Հանրապետութեան նախագահը դիտել տուաւ, որ յառաջիկայ կառավարութիւնը իր կազմութենէն անմիջապէս ետք պէտք է հետապնդէ փտածութեան դէմ պայքարը` հետաքննութիւններ կատարելով կառավարական կառոյցներուն եւ հանրային ու անկախ հաստատութիւններուն հետ: Ան աւելցուց, որ հետաքննութիւնը պէտք է ընդգրկէ բոլոր պատասխանատու մարմինները, որոնք տուեալ հաստատութիւններուն մէջ պաշտօնավարած են տարբեր մակարդակներու վրայ:
Աուն հաստատեց, որ առաջադրուած բարեկարգումներն ու զանոնք իրականացնելու լիբանանցիներուն տրուած խոստումը կը միտի ուղղել պետութեան ընթացքը եւ ապաւինիլ թափանցիկութեան` անոր բոլոր ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ լիբանանցիներուն նեցուկ կանգնիլը անհրաժեշտ է բարեկարգումները իրականացնելու առումով:
Հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ այն կարգախօսները, որոնք բարձրացուցին ցուցարարները, արտացոլացին պահանջներուն պատկերացումներուն մէջ` յայտնելով, որ ցուցարարներուն հետ երկխօսութիւնը անհրաժեշտ է, որպէսզի կարելի ըլլալ առկայ հարցերուն մասին լուծումի հասնիլ:
Իր կարգին, Քուպիչ Աունին ներկայացուց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի մտահոգութիւնը Լիբանանի ներկայ իրավիճակին մասին եւ անոր պատրաստակամութիւնը Լիբանանին տրամադրութեան տակ դնելու ՄԱԿ-ի կարողութիւնները պէտք եղած ծիրերուն մէջ:
Կողմերը նաեւ խօսեցան ներքին կացութեան մասին` 21 նոյեմբերին թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան փուլերուն մասին տեղի ունենալիք նիստին նախօրեակին:
Հարիրի – Պասիլ Հանդիպում
Երէկ յետմիջօրէին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ այցելեց հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը:
Կառավարութեան կազմութեան հաղորդակցութիւններուն քաջատեղեակ աղբիւրներ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, թէ այն լուրերը, որոնք կը խօսին այն մասին, թէ Հարիրի համաձայն գտնուած է կառավարութեան կազմի պատկերացումի մը կամ առաջարկներու, ճիշդ չէ:
Միւս կողմէ, «Էլ. Պի. Սի.» կայանը նաեւ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն պիտի ըլլայ առաջին անձը, որ կը տեղեկանայ Հարիրի – Պասիլ հանդիպման արդիւնքներուն մասին: Երէկ մինչեւ ուշ ժամեր նախագահական պալատէն ոչ մէկ տեղեկութիւն հաղորդուեցաւ նշեալ հանդիպումին մասին: