Գրող՝ ճարտարագէտ Թադէոս Եսայեան
Պատկերի ձեւաւորում՝ Շաքէ Մանկասարեան
Նոյն ճամբան է, նոյն ճամբան, ընկերներս բայց չկան,
Ո՞ւր են արդեօք, ո՞ւր գացին սիրածներս ծաղկերես,
Ընկեր էինք հոս կեանքի պարտէզին մէջ հիատես
Կոկոններու պէս վարդի՝ թաղարի մէջ քով քովի …
Ո՞վ էր արդեօք յղացաւ գարունէն վերջ աշուն գար,
Տերեւներու պէս աշնան ընկերներս ցրուեցան,
Շատ են շատ շատ մօտ … հեռու ուղիները երազի
Ուղիները բայց կեանքին՝ չես գիտեր ուր կը տանին …
Տարօրինակ է կեանքը այս, կարծես չունի բարեկամ,
Մրցոյթ կայ հոն «մարաթոն» փառքի ճամբան հասնելու,
Որքա՜ն կ’ուզեմ ընկերներս դափնիներով ետ դառնան
Բայց կը վախնամ ալ հարուստ՝ հին ընկերներ չճանչնան …
Եւ տարօրինակ աւելի … բախտն է կեանքին քոյր եղբայր,
Սուտ են անոնք, որ ըսին միայն ընկերն է եղբայր,
Երջանկաբեր բախտը բայց կաթիլ կաթիլ կը կաթի
Այդ ալ ոմանց չհասած՝ կը շոգիանայ կը ցնդի …
Այսպէս տաղեր յիշելով դեռ կը քալեմ կը քալեմ,
Աչքիս առջեւ կ’երեւին կեանքի խաղերը դաժան,
Երնէկ կ’ըսեմ ընկերնես. գոնէ օր մը իմանան
Որ այս կեանքէն միմիայն ճերմակ մազեր կը մնան …