ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պատրաստած «Կրօնական ազատութիւններու մասին. 2021» զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ մէջ կրօնական փոքրամասնութիւններու գործունէութիւնը սահմանափակուած է յատկապէս կրթական մարզին մէջ:
Տարեկան զեկոյցը կ՛ուսումնասիրէ կրօնական ազատութեան վիճակը զանազան երկիրներու մէջ: Թուրքիոյ վերաբերող հատուածին մէջ կը քննադատուի կրօնական ազատութիւններու վերաբերեալ կառավարութեան գործելաոճը: Կը նշուի նաեւ, որ Թուրքիոյ սահմանադրութիւնը երկիրը կը սահմանէ՝ իբրեւ աշխարհիկ պետութիւն, կ՛ամրագրէ խիղճի, կրօնական համոզմուններու, արտայայտուելու եւ պաշտամունքի ազատութիւնը եւ կ՛արգիլէ կրօնական հողի վրայ խտրական դրսեւորումները:
Սակայն, հակառակ նշուածներուն, Անգարա կը շարունակէ սիւննի իսլամներուն կրօնաւորներ վերապատրաստել՝ միաժամանակ սահմանափակելով այլ խումբերու՝ իրենց հոգեւորականները կրթելու եւ վերապատրաստելու իրաւունքը: