«Լոս Անճելըս Թայմզ»ի կայքին վրայ զետեղուած է Քերըլ Ճէյ. Ուիլիըմզի մէկ յօդուածը, որուն խորագիրն է՝ «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւն. ո՛չ անցած, ոչ ալ մոռացուած»:
Յօդուածին կողքին, կայքին վրայ զետեղուած է նաեւ լուսանկար մը, ուր ցոյց կը տրուին Շուշիի աւերակներուն մէջ խաղացող հայ երեխաներ եւ կը նշուի, թէ Շուշին մեծ վնասներ կրած է 1991-94 թուականներու հայ-ատրպէյճանական պատերազմին ընթացքին:
Ուիլիըմզ կը յիշեցնէ Արցախի հիմնախնդիրին առնչուող որոշ մանրամասնութիւններ եւ կ՛ընդգծէ, թէ տասնամեակներ առաջ կնքուած հրադադարը յաճախ կը խախտուի:
Թերթը կը նշէ նաեւ, որ վերջին 15 տարիներու ընթացքին ատրպէյճանական կողմէն արձակազէններու կրակոցները Լեռնային Ղարաբաղի առօրեային մէկ մասը դարձած են:
«25 տարի առաջ Սումկայիթի մէջ 31 հայեր ատրպէյճանցի ազգայնամոլներու զոհ դարձան: Սումկայիթեան ջարդերու տարելիցը կը համընկնի Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններուն», կը գրէ յօդուածագիրը:
Ան կը գրէ նաեւ, թէ ատրպէյճանական կողմը այժմ կը յայտարարէ, որ սուրիահայ գաղթականներու Արցախ բնակեցումը «հրահրի»չ արարք մըն է՝ քննադատելով նման քայլերով շրջանի ժողովրդագրական պատկերը փոխելու հայկական կողմի ջանքերը:
Միաժամանակ, Ուիլիըմզ կը մէջբերէ Ուաշինկթընի մօտ Արցախի դիւանագիտական առաքելութեան ներկայացուցիչ Ռոբերտ Աւետիսեանի հաղորդած այն տեղեկութիւնները, որ թէեւ Սուրիա բնակող շուրջ 80 հազար հայերէն հազարաւորները Հայաստան կու գան, այնուամենայնիւ՝ անոնցմէ միայն շուրջ 30 ընտանիք բնակութիւն հաստատած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:
Յօդուածագիրը կը յիշեցնէ, որ 1991-94ի պատերազմը խլած է մօտաւորապէս 30,000 զոհ, իսկ աւելի քան մէկ միլիոն բնակիչ տեղահանուած է մինչեւ զինադադարի կնքումը: «Ամերիկա, Ֆրանսա եւ Ռուսիա պատրաստակամ են վերահսկելու հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններու գործընթացը, սակայն Կովկասի քարտէսին նայելով՝ կարելի է տեսնել, որ հակամարտութեան արմատները կ՛երթան մինչեւ Սթալինի օրերը», կը նշուի յօդուածին մէջ:
Յօդուածագիրի այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ մեկուսացուած եւ քարիւղէ զուրկ Ղարաբաղը դարձած է կռուախնձոր՝ Միջազգային տագնապներու խմբակի Հարաւային Կովկասի բաժանմունքի պատասխանատու Լորըս Շից պատասխանած է, թէ հայերով բնակեցուած այս տարածքը կը գտնուի առեւտրային յոյժ կարեւոր ճամբու մը վրայ:
Ուիլիըմզ կ՛անդրադառնայ նաեւ Ստեփանակերտի նորակառոյց օդակայանին ստեղծած տագնապին՝ ընդգծելով, որ հակառակ ատրպէյճանական կողմէն հնչող սպառնալիքներուն եւ «իր սեփական օդային տարածքներու» օգտագործումը արգիլելու քայլին՝ հայկական կողմը կը վստահեցնէ, թէ օդակայանը մօտիկ ապագային պիտի սկսի գործելու: