Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի մահուան կապակցութեամբ ստեղծուած է թաղման կառավարական յանձնաժողով: Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը խոր վիշտով յայտնեց, որ 2 Սեպտեմբերին, 67 տարեկան հասակին մէջ մահացած է անուանի մտաւորական եւ հանրային գործիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր գործիչ, Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ, լրագրող, հրապարակախօս, թարգմանիչ Լեւոն Անանեանը: