Հոկտեմբեր ամսուան երկրորդ շաբաթը կրթական ասպարէզի նուիրեալներուն համար հոգեկան քաղցրագոյն պահերէն մէկն է: Հոկտեմբերը հայ իրականութեան մէջ ընդունուած է իբրեւ հայ գիրի եւ մշակոյթի, նուիրական գործին ծառայելու, մեր ուխտը վերահաստատելու ամիս:
Ին՞չ կը ցոլացնէ Հոկտեմբերը եւ զայն խորհրդանշող Թարգմանչաց Շարժումը: Հինգերորդ դարուն Հայաստանի մէջ ծաւալած այս շարժումը մեր ժողովուրդին ինքնութեան առաջին եւ ամենակարեւոր դրսեւրումն էր՝ երկիրը ազատելու օտար մշակութային ազդեցութիւններէն: Հայոց դպրոցը եւ եկեղեցին փրկելու յատկապէս յունական եւ ասորական ազդեցութիւններէն: Նախաքայլ՝ սկզբնաւորելու հայոց դպրութիւնը:
Քրիստոնէութիւնը հաւանաբար առաջին դարէն մուտք գործած էր Հայաստան: Քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք ընդունելով հանդերձ, երկրին մէջ հետզհետէ կը զօրանար օտար, յատկապէս՝ յունական-ասորական մշակոյթը: Աստուածաշունչը, կրօնական այլ գիրքեր, աշխարհիկ գրականութիւնը, կրօնական ծեսերն ու արարողութիւնները կը կատարուէին յունարէն կամ ասորերէն լեզուներով: Յոյն կամ ասորի կղերը կ’արձակէր հայաստանեայց եկեղեցւոյ որոշումները: Քաղաքական գետնի վրայ, հայոց լեզուի բացակայութեան՝ Արշակունեաց արքունիքի հաղորդակցութիւնները ենթակայ էին յոյն-ասորական գրաքննութեան: Հայոց լեզուի, հայ դպրոցի, հայ եկեղեցւոյ բացակայութիւնը կը սպառնար մեր ազգային ինքնութեան:
Ժամանակի եւ պայմաններու այս տխուր երեւոյթը անյարիր էր հայոց Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսին հայեացքներուն: Սահակ Պարթեւ որոշեց Հայաստանը փրկել կոտտացող այս վտանգէն: Ան աստիճանաբար իր շուրջ համախմբեց միեւնոյն նպատակով տոգորուած մտաւորականներ: Սահակ Պարթեւի ստեղծած շարժումը, Վռամշապուհ թագաւորի աջակցութեամբ ստացաւյ լուրջ թափ: Այս շարժման առաջին արտայայտութիւնը եղաւ Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ հայ գիրերու գիւտը: Ապա սկսաւ Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը: Գիրին շնորհիւ ծնաւ գիրքը, գիրքէն՝ դարերու դէմ տոկացող հայ մարդն ու մշակոյթը: Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ հիմնուեցան հայկական դպրոցներ: Թարգմանչաց շարժման արգասիքն էր Սահակ Պարթեւի, Մեսրոպ Մաշտոցի, Ղազար Փարպեցիի, Կորիւն Սքանչելիի, Եզնիկ Կողբացիի, Եղիշէի եւ այլոց գործերուն հայերէնի թարգմանութիւնը: Մէկ խօսքով՝ Թարգմանչաց Շարժումը դարձաւ հայ մշակոյթի եւ գրականութեան, հայ ժողովուրդի ինքնութեան պահպանութեան հիմքը:
Թարգմանչաց Տօնը, հայ ժողովուրդի յարգանքի տուրքն է հայ գիրին, դպրութեան ու մշակոյթին, անոնց երախտաւորներուն: Առաջին թարգմանութեան եւ անոր միջոցաւ սկզբնաւորուած հայ դպրութեան եւ մշակոյթի տօնը:
Հոկտեմբեր ամիսը մեր ժողովուդի պատմութեան մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Ա. Յովսէփեան կաթողիկոսի կոնդակով, 1946-էն ի վեր հռչակուած է իբրեւ Հայ մշակոյթի ամիս: Զարմանալէ չէ, որ կրթական վերամուտը կը զուգադիպի Հոկտեմբերին եւ ուսումնական տարեշրջանի առաջին տօնը կ’ըլլայ Թարգմանչացը: Այս օրերուն Սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ մենք կ’ոչեկոչենք Թարգմանչաց Վարդապետաց յիշատակը: Անոնք, որոնք Մեծն Մեսրոպ Մաշտոցի, Սահակ Պարթեւի, Եղիշէ Պատմիչի, Ագաթանգեղոսի, Գրիգոր Նարեկացիի, Ներսէս Շնորհալլի եւ ուրիշներու օրինակով ճգնեցան հայ գիրի ու մշակոյթի յաւիտենականութեան, հայ ինքնութեան պահպանութեան: Այս օրերուն կ’ոգեկոչենք յիշատակը բոլոր անոնց, որոնք ծառայեցին ու կը ծառայեն հայ գիրին՝ անհատը պատրաստեցին, անհատէն աւելի վեհ արժէքներու համար: Անհատը ձեւաւորեցին, իբրեւ անհատէն վեր նպատակի մը սպասարկու:
Հայ ժողովուրդը Սփիւռքի մէջ եւ հայրենիքի՝ իր Թարգմանիչներուն օրինակով ճգնող ծառայողներու անհրաժեշտութեան հրամայականին տակ կը գտնուի այսօր: Մտային թռիչքի տէր, հաւատք ներշնչող անհատներու սով կ’ապրինք այսօր: Սկզբունքայնութիւնն ու գաղափարի համար նուիրումը կարծէք տեղ չունենան մեր իրականութեան մէջ: Մեր լեզուն ու մշակոյթը աժան, մակերեսային սպառնալիքներու դէմ յանդիման կեցած են այսօր: Վտանգուած է մեր մշակոյթը, վտանգուած է մեր լեզուն՝ բազմագլուխ գիշատիչներու թակարդին առջեւ: Վտանգուած է մեր եկեղեցին, ստէպ առ ստէպ թուլութեան նշաններ ցոյց կու տայ մեր հաւատքը՝ ազատութիւններու անուան տակ սողացող գետնառիւծներուն առջեւ: Մեր թարգմանիչներու նուիրական ոգիով ծառայողնրու անհրաժեշտութիւնն ունինք այսօր: Կ’ուշանանք, ուշացած ենք արդէն: Մարդակերտումի ճամբով մեր ազգային, եկեղեցական, պետական կառոյցները պահպանելու հրամայականին առջեւ կը գտնուինք այսօր: Բա’ւ այլեւս, բարակ ու տափակ ճառախօսութիւնները, բեմերէ արտասանուող յոխորտանքները եւ անոնց միջոցաւ սրտեր թափանցելու ձախող փորձերը: Մեզի՝ մեր ժողովուրդին համար այսօր ամենակարեւորը մարդակերտումն է, որովհետեւ առանց մարդակերտումի խախուտ եւ աւազի վրայ շինուած բերդերու պիտի նմանին մեր կառոյցները: Առանց մարդակերտումի անիմաստ են մեր սպասումները: Առանց մարդակերտումի անհնար է սպասել ազգային, քաղաքական եւ մշակութային վերելք: Ին՞չ արժէք ունին մեր երազներն ու իտէալները երբ կամաց կամաց կը խամրին մեր լեզուի, պատմութեան, մշակոյթի, գրականութեան եւ պատմութեան արժէքները:
Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եւ Սահակ Պարթեւ հայ ինքնութիւնը անաղարտ պահպանելու գերհզօր եւ աննուաճելի զէնք մը տուին մեր ժողովուրդին:
Բայց ու՞ր է հայ մարդը այսօր, հայ գիրի ու դպրութեան առջեւ…:
Այսօր մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ վիրաւոր է հայոց լեզուն: Քսաներորդ դարու համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ իր դրոշմով հանրածանօթ, Անգլիոյ նորագոյն պատմութեան մեծագոյն անձնաւորութիւններէն մին՝ Սըր Ուինսթըն Չըրչիլ հետեւեալ տողերը գրած է իր ինքնակենսագրութեան մէջ.« Եթէ անգլիացի ուսանող մը լատիներէնի մէջ տկար ըլլայ, բնագիտութեան կամ տարրաբանութեան մէջ տկար մնայ, ես այնքան չեմ նեղուիր: Բայց խարազանը կ’առնեմ, կը մտրակեմ այն անգլիացին, որ անգլերէնի մէջ տկար կը մնայ»: Քաղաքական մարդ, վարչապետ եւ սակայն իր ազգի հոգին իր ազգի լեզուին մէջ կը տեսնէ…:
Այս խոհերը կ’ունենամ, որովհետեւ երբ լեզուն ու մշակոյթը կը սկսին խամրիլ, աղօտիլ, այդ ժամանակ ստուերի տակ դրած պիտի ըլլանք մեր ինքնութիւնը…: Կը մաղթեմ, որ մեր նուիրեալները իրենց առաքելութիւնը շարունակեն Մեսրոպ Մաշտոցի ժառանգորդը ըլլալու նախանձախնդրութեամբ: Կը մաղթեմ, որ հայ ծնողքն ու աշակերտը, հայ ուսանողը հայերէն լեզուն ընդունին իրենց արեան հետ խառնելու պարտք: Այսինքն՝ հայերէն լեզուն եւ հայ մշակոյթը արեան խառնող անհատի պարտքը ըլլայ իրենց փառքը: Այսպէս գործեցին Թարգմանչաց երախտաւորները օրին եւ դարերու ընդմէջէն:
Ահա Թարգմանչաց Տօնին խորհուրդը, ահաւասիկ մեր իրականութիւնը եւ ահ’ա Չըրչիլի խարազանը…
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ