ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Հայ դպրութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան մասին խօսիլ` կը նշանակէ անպայմանօրէն անդրադառնալ հայ դպրոց-հայ լեզու-հայ ուսուցիչ` երրորդութեան մասին: Սփիւռքը այս երեքին միշտ կարիքը ունեցած է եւ ունի: Մէկը միւսը ամբողջացնող ազդակներ: Մեր գոյութիւնը ամրապնդող ազգային լծակներ: Յատկապէս` վերջինը: Առանց անոր` դժուար է շարունակել մեր երթը… Կեցուածք եւ ըմբռնում պարտադրող ներկայութիւն:
Առաջին երկուքի մասին շատ խօսուած է: Կարգը հիմա վերջինին է, կը կարծեմ:
Եւ որովհետեւ բոլորս ալ` հայեր ենք եւ բոլորս ալ միաժամանակ երազ ունեցող մարդիկ, սակայն եւ այնպէս պարտաւոր ենք այս երեքին մասին մտածել: Թէեւ այս օրերուն ալ աշխարհի վրայ մեր զանազան եւ բազմազան հարցերը մեզ կը հիւծեն…բայց…ասոնք տարբեր են:
Պարտաւոր ենք խօսիլ, յիշել եւ յիշեցնել:
Անոր համար յաճախ յուսահատ ու տխուր, նաեւ հպարտ կը մտածեմ, թէ ի՛նչ եղած պիտի ըլլար մեր իրավիճակը, եթէ մեր կեանքին մէջ հայկական դպրոցներ գոյութիւն ունեցած չըլլային:
Թէեւ կը կարծեմ, որ խորագիրը արդէն ինքնին ամէն բան կը ցոլացնէ, բայց ըսեմ, որ սեւով ճերմակին վրայ գրուած ա՛յս տողերը իրականութիւն ըլլալէ չեն դադրիր: Նաեւ ըսեմ, որ մեր կեանքին մէջ նման հարցերու հետ ատաղձ ունեցող բացառիկ կամ բացառութիւններ միշտ կան եւ պիտի ըլլան: Բայց…
Ու գաղտնիք մը բացայայտած չեմ ըլլար նաեւ, եթէ աւելցնեմ, որ ուսուցչութիւնը ինծի համար եղած է կեա՛նք եւ ոչ միայն ասպարէզ: Եւ հակառակ այս տարիքիս` տակաւին ու միշտ ինքզինքս հայոց լեզուի պարզ աշակերտ նկատած եմ: Անկեղծօրէն ու հպարտութեամբ ըսեմ, որ նորը սորվելու եւ նորեկներուն սորվեցնելու մարմաջը չէ խամրած մէջս: Այս բոլորը ազնիւ ցանկութիւններէ կը բխին: Բայց ասոնք տարբեր հարցեր են:
Արդ, առաջին իսկ հերթին, ի տես բազմազան «իրականութիւններու», յաճախ ես ինծի նաեւ հարց տուած եմ, թէ ներկայիս ի՛նչ նպատակ կը հետապնդեն սփիւռքեան հայկական վարժարանները:
Արդեօ՞ք լեզու կը սորվեցնեն, թէ՞ մշակոյթ կը պահպանեն:
Հայ դպրոցը կը նմանի հայ մեծ ու մաքուր ազգային տարրալուծարանի մը, մեծ խոհանոցի մը, եթէ կ՛ուզէք, ուր պիտի պատրաստուի եւ պէտք է որ պատրաստուի զանազան երդիքներու տակ շնչող հայ աշակերտի «քիմքին» ու «ճաշակին» համապատասխան «կերակուր-գիտելիքը», միաժամանակ մատուցուելով հայերէնով ազատ մտածելու ախորժակ-հաճոյքը` հաճելի ելեւէջներով եւ մաքուր լեզուով:
Խոհանոց ըսի: Անշուշտ մեր այս բաժինը ունի իր հարազատ խոհարարը` մեր հայ ուսուցիչը, որուն համար իբրեւ այդ խոհանոցի միակ մասնագէտ-խոհարարը, էական եւ առաջին իսկ հերթին պէտք է որ ըլլայ աշակերտի ո՛չ թէ լեզուն սրբագրելը, այլ` անոր մէջ լեզուն ճիշդ խօսելու փափաքը արթնցնելը: Հարցուցէ՛ք մասնագէտներուն:
Այլ խօսքով, մեր մայրենիին հետ աշակերտին յարաբերութիւնը պէտք է որ ըլլայ հաստատ, անկեղծ ու հարազատ, առանց քաշուելու, համարձակ: Պարզ խօսքով` չափաւոր, օգտակար եւ առողջարար սնունդ մատուցել, որպէսզի աշակերտը «կշտանայ» եւ, մանաւանդ, առողջ մեծնայ:
Շատեր գիտեն այս բոլորը: Նոյնիսկ շատեր ալ կը կարծեն, թէ գիտեն: Բացառիկներ: Ուստի խօսքս միայն չգիտցողներուն է:
Ու յանկարծ հինը ապրելու երանութիւնը կը ծագի մէջս եւ մտովի կ՛ըսեմ. նուիրեալներու սերունդ մը կար ժամանակին, ուսուցիչներ, կրթական մշակներ` մեր օրերուն եւ մեզմէ դար մը առաջ ալ: Օրինակելի, նոյնքան ալ` պատմական: Այսպէս` Ալիշան, Օշական, Վարուժան, Աղբալեան, Շանթ, Իշխան, Արմէն Անուշ, Վրացեան, Վահեան, որոնք սփիւռքեան մեր դպրոցական մշակոյթ ըսուածը ամուր հիմերու վրայ դրին, որովհետեւ ասոնք բոլորն ալ թէ՛ ուսուցիչ էին եւ թէ՛ մտաւորական: Այդ օրերուն, եւ` հաստատապէս, մտաւորական եւ ուսուցիչ նոյն «բաներ»-ն էին: Նոր սերունդը դաստիարակող հաստատ եւ ամուր խարիսխներ: Հայ լեզուի առողջութեամբ մտահոգ «խոհարարներ»:
Իսկ այսօր….իսկ ներկայիս եւ ամէն տեղ նման երեւոյթ դո՛ւք փնտռեցէք: Կա՞յ: Թերեւս: Չեմ գիտեր: Հարցուցէ՛ք: Ճիշդ է, որ պայմանները փոխուած են, դարը փոխուած է, ամէն բան նիւթականացուած է: Այս տողերը նորութիւններ չեն: Անկասկած:
Սակայն յիշենք. ազգի մը ներկայացուցած արժէքը իր ունեցած ուսուցիչներն են եւ ո՛չ թէ ուրիշ տուեալներ, որոնք առհասարակ կապ ունեցած են նիւթականին հետ, եւ որոնք գնայուն են եւ ոչ մնայուն: Մարդկային կեանքին մէջ ուսուցանելը ուժականութիւն մը ունեցած է միշտ: Ներքին եւ անօրինակ:
Ուսուցիչ եւ կամ ուսուցչութիւն: Հին դարերէն ի վեր մարդկութեան հնոցն ու դարբնոցը հանդիսացած է ան, նկարագիր կռանողն ու կերտողը, որուն արդիւնքները կապուած մնացած են մարդկութեան ապագային հետ:
Ուսուցիչը անձ մըն է, որ օրինակելի ընծայում ունի եւ ոչ թէ` գիտութիւն: Ստեղծագործ կոչում:
Անոր համար կ՛ուզեմ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ կ՛ուզենք եւ կը ցանկանք, որ Հայ Ուսուցիչին անհրաժեշտութիւնը մնայ եւ պէտք է, որ մնայ անժխտելի, իսկ անոր դերակատարութիւնը` շատ մեծ ու վճռական, մարդակերտման եւ հայակերտման աշխատանքներուն մէջ: Որովհետեւ կը կարծեմ, թէ իրեն համար կարեւորը «տալն» է, ոչ միայն «ըլլալը»: Էականը «ցանելն» է, ոչ միայն «ամբարելը»: Կենսականը «ճառագայթելն» է եւ ոչ միայն «ուսուցիչի անուն կրելը», ինչպէս որ ըսած ու նաեւ դաստիրակած են մեզ մեր մեծերը:
Ա՛յս է իսկական ուսուցիչին առաքելութիւնը. նուիրո՛ւմ եւ այդ նուիրումի արարքին մէջ իսկ գտնել հոգիի եւ մտքի գոհունակութիւն: Ուսուցչութիւնը վստահուած առաքելութիւն մըն է, որ դարէ դար Մեսրոպ Մաշտոցէն մեզի փոխանցուած է իբրեւ սրբազան աւանդ:
Իսկ այսօր դուք լաւ գիտէք պատկերը: Ամէն անկիւնէ կը լսենք` «Ուսուցիչ կ՛ուզուի»: Այս մէկը թէեւ ինքզինք կը բացայայտէ, սակայն լաւ երեւոյթ մը չէ: Կը կարծեմ, որ հարազատ արդիւնքն ու հետեւանքն է մեր կեանքին, մեր դպրոցներուն եւ մեր կառոյցներուն: Ու այս ձեւով դպրոցի մտահոգութիւնը, զանազան այլ մտահոգութիւններու կողքին, կը մնայ անփոփոխ:
Ուսուցիչ «կ՛ուզուի» եւ կամ «կը փնտռուի»: Ինչո՞ւ: Թերեւս չկայ: Մտածեցէ՛ք: Քանի մը տարիներ ետք ո՞վ պիտի փոխարինէ ներկաները…ո՞վ, ըսէ՛ք, պիտի շարունակէ երթը… պիտի փոխանցէ ջահը… որովհետեւ հայոց լեզուի ուսուցիչը, մենք` մեծ ու պզտիկ պատասխանատուներս, զայն պարզ պաշտօնեայի վերածած ենք: Ուսուցիչ ըլլալը «գործի» աշխատանքի վերածած ենք: Շատերու համար` նոյնիսկ կողմնակի եկամուտ:
Բայց նաեւ չմոռնանք. էականը է նաեւ, ուսուցիչ գտնելուն կողքին, ուսուցիչ պահելը:
Պայման է, որ ուսուցիչը մասնագիտութիւն ունենայ: Մեր լեզուին տիրապետած ըլլայ` իր զոհաբերութեան կողքին: Գիտակցութիւնը ունենայ ինքզինք վերապատրաստելու: Մէկ խօսքով, փոխել, փոխուիլ, նորոգուիլ պէտք է գիտնայ:
Այս բոլորը դասագիրքերով չեն ըլլար: Ուսուցանելը արուեստ է, մասնագիտութիւն է. կը շեշտեմ:
Բոլոր առիթներով պոռացած ենք եւ կը պոռանք: Կը շեփորենք, թէ գիրքերն ու ծրագիրները աշակերտ չեն դաստիարակեր, ինչպէս որ վկայական մը ձեռք ձգելը` հմտութիւն:
Հայ ուսուցիչը վերջապէս պէտք է սորվի, թէ ինչպէ՛ս ինք պէտք է մնայ հայ աշակերտի մտքին մէջ: Օգտուի հայ գրականութեան եւ հայոց պատմութեան նիւթերէն: Նաեւ գիտնայ, թէ ինչպէ՛ս ինք աշակերտի զգայնութիւնը արթնցնէ եւ նոր մարդու թափ պատրաստէ, որուն մէջ ներկայ ըլլան մեր ազգային գլխաւոր ձգտումները: Աւելի՛ն. հայ աշակերտի հոգիի եւ մտաւոր կազմաւորման դերակատարը դառնայ ու անոր առանց բարդոյթի հաւատք ջամբէ, յոյս ներարկէ, տեսիլք փոխանցէ, հայերէնով մտածել տայ, վերլուծել տայ եւ հայերէնով արտայայտելու հաճոյքը փոխանցէ: Այլ խօսքով, իր առաքելութիւնը յստակօրէն պէտք է որոշուի, շեշտուի: Սահմանուի՛: Որովհետեւ ուսուցիչը խորունկ ու մաքուր ակնոցով եւ մանաւանդ պատրաստուած կրթական այն մշակն է, որ ընթացիկ պաշտօնեայէն կը տարբերի իբրեւ իր տեսութիւնները գործի վերածող անձ:
Հայ վարժարանին մէջ ծրագիրն ու դասագիրքը ուսուցիչի անձին մէջ պէտք է որ ըլլան: Մեր աշակերտը իր հայ դպրոցին մէջ լեզու չի սորվիր, ըսած եւ կրկնած են հայ մասնագէտ դաստիարակները: Ուստի հայ դպրոցին մէջ աշակերտի լեզուն է, որ օրէնքներու միջոցով պէտք է որ մշակուի: Մնացածը ոգին է: Գիրէն ու լեզուէն բխող ոգին: Ինչպէս նաեւ` հայրենիքը:
Ճիշդ այս բոլորին համար պէտք է ուսուցիչ պատրաստել: Վաղուան հայ ուսուցիչը:
Ուսուցիչ վերապատրաստելը վերջին եւ գերագոյն լուծումը չէ: Ուսուցչանոցի մը, հայ ուսուցիչ «պատրաստող» կրթական ծրագիր-հաստատութեան մը անմիջական կարիքը ունի սփիւռքը:
Այս բոլորը ամէն առիթով եւ ամէն տեղ կրկնած ենք: Կը կարծեմ, որ այս մէկը բոլորիս համար լուրջ խնդիրներ են եւ պէտք է որ ըլլան: Ազգային: Որովհետեւ տեսնուած է, թէ տակաւին մեր դպրոցներէն ներս, ըլլան անոնք ամէնօրեայ կամ միօրեայ, մեր մայրենին եւ պատմութիւնը կը դասաւանդուին դասական կամ աւանդական ձեւով: Ու անոր համար կը ձախողինք եւ անմիջապէս կ՛այպանենք նիւթականն ու ժամանակը:
Ահա այս է, որ կը ծերացնէ ազգը:
Արդ, վերջին հաշուով, ի՞նչ է աշակերտին հայկական դպրոց յաճախելու նպատակը: Ի՞նչ է նաեւ հայ մարդուն ուսուցիչ դառնալու նպատակը:
Այս բոլորը անկասկած բարդ եւ լուրջ խնդիրներ են, որոնք մէկ օրէն միւսը կարելի չէ լուծել: Ուսուցիչը «պարապ» կամ «բաց» մը լեցնողէն աւելին պէտք է որ ըլլայ: Գիրքերը աշակերտ չեն դաստիարկեր: Շատ քիչերը գիտեն, թէ ի՛նչ ըսել է դասատու կամ դաստիարակ:
Տարիներէ ի վեր եւ ամէն երկնքի տակ կը խօսուի դպրոցական արդիական ծրագիրներու եւ նոր դասագիրքերու մասին: Միշտ իբրեւ «վահանի»` կը պաշտպանուինք «նիւթական» ըսուածին ետին: ԲԱՅՑ®
Սրտցաւ եւ ատակ մարդիկ չեն պակսիր: Փա՛ռք Աստուծոյ: Այնպէս կը թուի, թէ շատ մը «տեղեր» տակաւին հեռու են այս հարցէն կամ այս մտահոգութիւններէն: Կարեւոր եւ էական է աւելի լուրջ մօտենալը: Այս մէկն ալ Հայ դատին կը պատկանի: Անտարբերութիւնը մեզ տեղ չի հասցներ:
Թարգմանչաց տօն է: Այլ խօսքով` մեր առաջին ուսուցիչին եւ իր աշակերտ-ուսուցիչներուններուն նուիրուած «օր»: Օրինակուինք: