ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Ա. մաս
Տասը տարի առաջ, 2012 Նոյեմբերին հրատարակուած յօդուածէ մը յաջորդաբար կը տեղադրեմ երկու հատուածներ : Ընթերցողը կը դատէ ու կ’եզրակացնէ, թէ ախտանշուածը բարեփոխուա՞ծ է կամ աւելի շեշտուած:
Նախ ըսեմ, թէ խորունկ վերլուծումներու հարկ չկայ հաստատելու համար, որ ազգային ու կազմակերպական մեծ ու փոքր մեր նախաձեռնութիւնները ընդհանրապէս կը կատարուին հակազդեցութեան օրէնքով, պատահարներուն հակազդելու հրամայականով եւ ոչ թէ նախատեսութեամբ, ծրագրումի աշխատելաոճով : Հիմա, հակազդելու կարողութիւնն ալ խամրած ըլլալ կը թուի : Նորագոյն փաստը Արցախի կարգ մը գիւղերու հայ բնակիչներու տեղահանութիւնն է, որուն չհակազդեցինք եւ զոր դիտեցինք համր լեզուով եւ պաղ աչքերով…:
Ինչո՞ւ արդեօք : Ահա չարչարող հարցականը :
Յօդուածի մը սահմանը չ’արտօներ տարածումը: Բաւարարուինք կեդրոնանալով վերանայման կարօտ սրբագրելի երկու խնդիրներու վրայ միայն :
1.- Կեդրոնացումով գործելու ոճը.
Հայ կեանքի ղեկավարման ծանր բեռը դրուած է տկար ուսերու վրայ : Հոս , «տկար»ը չէ գործածուած ղեկավար անձերու համար, այլ ղեկավարման դրութեան, սիստեմին համար : Հակառակ «մշտանորոգ», բառի տեղի-անտեղի լոզունգային գործածութեան, մեր գործերը կը շարունակենք վարել հնացած-մաշած ու ամուլ եղանակով:
Հպանցիկ ակնարկով կը հաստատուի, որ հայ կեանքի ղեկավարումը կը կատարուի կեդրոնացեալ դրութեամբ՝ պետական, եկեղեցական ու հանրային-հասարակական բնագաւառներու մէջ :
ՀՀի նախագահը (այժմ՝ վարչապետը) իր անձին վրայ կեդրոնացուցած է պետական գործերու ամբողջական պատասխանատուութեան իրաւունքը : Որով, իրմէ կախեալ է հայրենիքի այսօրուան բախտը եւ վաղուան ճակատագիրը : Ազգային Ժոշով թէ կառավարութիւն լծորդի եւ լրացուցիչ գործօնի դերին մէջն են, ոչ աւելին : Նոյն ձեւով կը գործէ Հայաստանեայց Եկեղեցին : Փաստօրէն կաթողիկոսներու վրայ կեդրոնացած է հոգեւոր ու վարչական տնօրինումներու իրաւունքը: Յարակից մարմիններն ու ժողովները արարողակարգային ներկայութիւններ են պարզապէս եւ… գործնապէս :
Մեր նշած այս իրականութեան դէմ որեւէ թէզ չի դիմանար առարկելով, թէ՝ բոլոր պետութիւններն ու եկեղեցիները ունին վճռական ձայնի իրաւունքով ղեկավար հաստատութիւն…: Ուրեմն թէ՝ ինչու տարօրինակ ու մերժելի ըլլայ մերը…եւայլն:
Նոյնպէս, կարելի չէ մխիթարական համարել պատկերը կուսակցութեանց թէ միութենական կազմակերպութեանց, որոնց պատասխանատու մարմինները թէեւ աշխատանքային բաժանումներու հիման վրայ յանձնախումբեր կը կազմեն, բայց եւ այնպէս հոն ալ տեսանելի են կեդրոնացումը, այդ յանձնախումբերը լիազօր իրաւունքներով պատուիրակուած չըլլալնուն իրողութիւնը : Հետեւա՞նքը : Մարմինները կը սպառին ընթացիկ բազմապիսի հարցերու քննութեամբ եւ բնականաբար կ՛անտեսուի ծրագրումի եւ հետեւողականութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ անկարեւոր կը դառնան բացթողումներու, սեփական թերութիւններու ճանաչողութիւնն ու ինքնասրբագրումը :
Կեդրոնացած դրութեամբ աշխատելաոճի երակարաձգումը հետզհետէ կ՛առաջացնէ բացարձակ իշխանութեան մտայնութիւն եւ ՏԱՐԲԵՐԸ ՄԵՐԺԵԼՈՒ հոգեբանութիւն : Ասիկա Պետութեան մը գործերու ընթացքին վրայ թերեւս այնքան ալ խանգարիչ բարդութիւն չի ստեղծեր, քանի վճարովի է պաշտօնէութիւնը, կայ օրէնքի խստութիւն եւ օրինազանցներու համար՝ պատիժ : նոյնն է պարագան եկեղեցիին, որ ունի հաւատքին ուժը եւ հաւատացեալներու հնազանդութիւնը : Վտանգաւորը այնպիսի կազմակերպութեանց համար է, որոնց կառուցային հենքը հաստատուած է գիտակից յարգանքի վրայ եւ որոնց անդամները ազնիւ զգացումներով , անշահախնդիր ու կամաւոր աշխատանքի պատրաստակամութեամբ տրամադրուած անձեր են : Անոնք չեն կրնար երկար հանդուրժել ու տոկալ պարտադիր յարգանքի, երբ զրկուած կը մնան սեփական կարողութիւնները արժեւորելու հնարաւորութենէն, որով եւ ներքին բաւարարութենէ : Բարացուցական է անունի մը նկատմամբ առարկութիւնը պատասխանատու ժողովականի մը . «Այդ անձի նշանակման համամիտ չեմ, որովհետեւ անիկա տեսակէտ ունեցող մարդ է…» :
Կան պարագաներ , ուր նոյնիսկ կ՛անտեսուի երեւոյթ փրկելու ամէն փափկանկատութիւն .- ազգային եւ կուսակցական ղեկավարութիւնը պարզապէս կը նոյնացուի,-կը կեդրոնացուի , փոխանակ նրբամտօրէն այս երկուքը իրարմէ զատորոշելու, անոնց յարաբերութիւնները հաստատելու գործակցութեան , փոխադարձ յարգանքի ու փոխօգնութեան սկզբունքին վրայ : Գործելու այսօրինակ ոճը ոչ միայն կը նօսրացնէ գործակիցներու շրջանակը, այլ հաւանաբար պատճառներէն մէկը կ՛ըլլայ, որ ազգային կեանքէն հեռանան կամ անտարբեր դառնան այն ազգայինները, որոնք նկարագրի թէ իրենց ըմբռնումներուն բերումով կը մերժեն կուսակցական կնքահայրութիւնը, ուր մնաց ղեկավարումը :
(Երկրորդ հատուածը՝ «հակակշիռի բացակայութիւն» յաջորդիւ) :