ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
Եղիշէ Չարենցի բնորոշած «Հանճարեղ լոռեցին» իր ծննդեան 150-ամեակին առիթով ներկայ էր Ժընեւի միջազգային տօնավաճառներու «Փալեքսփօ» համալիրէն ներս, գիրքի հերթական փառատօնին, «Սալոն տիւ լիվր», որ այս տարի կայացաւ 1-5 մայիս 2019-ին:
Կարգ մը երկիրներ ներկայացնող տաղաւարներու մէջ, գիրքերու ցուցադրութեան զուգահեռ, տեղի կ՛ունենան գրական, քաղաքական, ընկերային եւ այլ բնագաւառներու կլոր սեղաններ, ասուլիսներ ու նոր հրատարակուած գիրքերու ներկայացումներ:
Բացման առաջին օրը, առաւօտուն, արաբական մշակոյթներու տաղաւարի հիւրն էր, Թումանեանի հեքիաթներու ֆրանսերէն լեզուի թարգմանիչ ամոլը` Աստղիկ Մարանճեանը եւ Ֆրետերիք Լափէյրը, անոնց ներկայացման ընթացքին տուտուկով իր մասնակցութիւնը բերաւ Արտաւազդ Խաչատրեանը: Անմահ Թումանեանը «այցելեց» իր երեք ստեղծագործութիւններու` «Չարի վերջը», «Խօսող ձուկը» եւ «Կիկոսի մահը» ֆրանսերէն թարգմանութիւններուն ընթերցումով:
«Քոնթ փոփիւլէր տ՛Արմենի տափրէ լէօվր տը Յովհաննէս Թումանեան» խորագիրը կրող, 57 էջերէ կազմուած մանկական գեղատիպ պատկերազարդ հատորը կը պարունակէ 11 հէքեաթներ հետեւեալ շարքով` «Ոսկու կարասը Le pot d’or», «Կիկոսի մահը – La mort de Kikos», «Ձախորդ Փանոսը – Panoss la Poisse» , «Բարեկենդանը – Mardi Gras», «Տէրն ու ծառան La Maitre et le domestique», «Անբան Հուրին – Houri la Pourrie», «Խօսող ձուկը – La poisson qui parle», «Սուտասանը – Le menteur», «Յիմար մարդը L’homme stupide», «Սուտլիկ որսկանը – Le petit menteur chasseur», «Չարի վերջը – La Fin du Mal»:
Այս վերջին հեքիաթը երկրորդ հրատարակութեան յաւելուած է, լոյս տեսած է 2018-ի սեպտեմբերին` խորհուրդ ունենալով այդ օրերուն «թաւշեայ յեղափոխութիւն»-ը: Գիրքը ցուցադրուած է հոկտեմբերին, Երեւանի մէջ, ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովին, օփերայի տարածքին Ֆրանսայի առաջին տիկնոջ` Պրիժիտ Մաքրոնի հովանաւորած տօնավաճառին:
Այս ժողովածուն առաջին անգամ հրատարակուած էր 2006 թուականին, Փարիզի մէջ, Հայաստանի տարուան առիթով, երկու պարագաներուն ալ լոյս տեսած է հայրենի «Ոսկան Երեւանցի» հրատարակչատունէն:
Հեքիաթներու նկարազարդումները կատարած են` Լուսինէ Սարգիսեանը, Մարիեթա Յարութիւնեանը, Սաշա Նեֆետովը, Արմինէ Ասթաբացեանը, Լուսէ Երեմեանը, Յոբ Ղազարեանը: Կողքի գծագրութիւնը իրագործած է հայրենի արուեստագէտ Գէորգ Ընծայ Բաբախանեանը:
Հեքիաթներուն կցուած է խտասալիկ մը` կատարողութեամբ Ֆրետերիք Լափէյրի եւ Անի Ռոզեթի, ընկերակցութեամբ հայկական աւանդական գործիքներու` քանոնի, շվիի , տուտուկի եւ զուռնայի երաժշտութեան, համադրուած` Վարդան Սարտարեանի կողմէ:
Այս եռանկիւնը` հայ գրականութեան գագաթներէն Յովհաննէս Թումանեան, արաբական մշակոյթներու տաղաւարի բեմ եւ ֆրանսախօս երկիրները համախմբող Ժընեւի գիրքի փառատօնը խորհրդանիշ է մշակոյթներու մերձեցման, որպէս օրինակ` երկիրներու միջեւ օրէ օր զարգացող յարաբերութեան եզակի տեսակին: Անդին` քաղաքական անկայուն կեցուածքները եւ տնտեսական շահերու վրայ հիմնուած բարեկամութիւնները յաճախ վերջ կը գտնեն արիւնով: Մինչ մշակոյթը կը մնայ վեհ եւ յաւիտեան:
Մեր գրականութեան գոհարները եւ տիտանները կրնան մրցիլ համաշխարհային գրականութեան գահերուն վրայ բազմած մեծ անուններու` Տիքընզի, Հիւկոյի, Սերվանթեսի, Պեռնարտ Շոյի եւ այլոց հետ:
Համահայկական պարտաւորութիւն է` նախաձեռնել թարգմանական եւ տարածման ծրագրուած աշխատանք, հանդէս գալով միջազգային բեմերու վրայ, ծանօթացնելու մեր ազգային արժէքները եւ ներկայանալու որպէս տէրը` Այվազովսկիի, Սարոյեանի, Խաչատուրեանի, Ազնաւուրի եւ անոնց նախորդող եւ յաջորդող մշակներուն:
Աստղիկ Մարանճեան եւ Ֆրետերիք Լափէյր ամոլը իրենց հրատարակութիւնը ներկայացուցին նաեւ տօնավաճառի վերջին օրը` կիրակի, 5 մայիսին «ՀԱՅԱՍՏԱՆ»տաղաւարին մէջ, որ կը յանձանցուի «Թօփալեան» հիմնարկին կողմէ:
Իւրաքանչիւր տարի փառատօնին կը ներկայանայ երկիր մը` որպէս պատուոյ հիւր, 2011 թուականին այդ հիւրը Հայաստանի Հանրապետութիւնն էր:
Ժընեւ