ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ հիւսիսը տեղի ունեցաւ բացումը ինքնաշարժներու երթեւեկի նոր փապուղիին, որ պիտի վերածուի Թուրքիոյ եւ Կովկասի շրջանի երկիրներուն միջեւ փոխադրամիջոցային նոր զարկերակի, կը գրէ թրքական »Անատոլու« լրատու գործակալութիւնը:
Փապուղիին երկայնքը 2246 մեթր է:
Ըստ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի՝անիկա Էրզրում նահանգի Ուզունտերէ շրջանը պիտի միացնէ Արտուին քաղաքին:
Կը նշուի, որ փապուղին կարեւոր օղակ մը պիտի դառնայ Թուրքիոյ եւ Վրաստանի սահմանին ուղղութեամբ տանող մայրուղիին համար: