ԱՖՐԻՆ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- 18 Մարտին, Թուրքիոյ բանակին կողքին Աֆրին մուտք գործած Անգարայի զինակից ուժերուն առաջին գործը եղած է քաղաքի խանութներէն, բնակարաններէն եւ ճաշարաններէն գողութիւն կատարել։
Ըստ լրագրողներու՝ զինեալները ուտեստեղէն, գործիքներ եւ այլ առարկաներ, ինչպէս նաեւ ինքնաշարժներ գողցած են եւ անմիջապէս զանոնք հեռացուցած քաղաքէն, ուրկէ, նոյն օրը, նաեւ հեռացած էին անցած 20 Յունուարին սկսած թրքական յառաջխաղացքին դէմ դրած քրտական ուժերը եւ բնակչութեան մեծ մասը։
Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը իր կարգին հաղորդեց, որ տակաւին բախումներ տեղի կ՛ունենան քաղաքի կարգ մը թաղամասերուն մէջ, սակայն քաղաքին կեդրոնը կը գտնուի թրքական ուժերուն եւ անոնց դաշնակից զինեալներու հակաշիռին տակ։
Դիտարանը նաեւ հաղորդեց, որ թրքական օդուժի վերջին ռմբակոծումին պատճառով սպաննուած են եւս 18 քաղաքայիններ, որոնցմէ 5-ը՝ երեխաներ, իսկ 45 քաղաքայիններ վիրաւորուած են: Թրքական օդուժը նաեւ ռմբակոծած է Աֆրինէն փախուստ տուող գաղթականները։